Հրաշալի յարութիւն
Հրաշալի յարութիւն
Ժողովածու
Վահան Թեքեյանի «Հրաշալի յարութիւն» բաժնի բանաստեղծությունները։
72 բանաստեղծություն
մոտ 144 րոպե
122.4K դիտում
Բանաստեղծությունների ցանկ
1 Կ՛անձրեւէ, տղա՛ս 2 Գայըգը 3 Ողբ 4 Ողջո՜յն 5 Է՜ր երբեմըն 6 Քու յիշատակդ այս գիշեր... 7 Օրհներգ ճանապարհին 8 Արեւը 9 Տարիքը 10 Ահաւասիկ կուզէի... 11 Գաղտնիք 12 Առիթները 13 Կը սիրէի 14 Փոթորիկ 15 Տաղ առ արցունքներ 16 Եղերերգ 17 Կարապները համպուրկի Լիճին մէջ 18 Խաւարի տաղեր 19 Հանըմը 20 Խամսին 21 Հոկտեմբեր 22 Որպեսզի մնայ 23 Այսչափ ետքը 24 Մտածումս 25 Հրաժեշտ 26 Ղեկտեմբեր 27 Իրիկուան աղօթք 28 Յուսախաբու-թիւնք 29 Մաքուր սիրոյ ձայնը 30 Ապրիլ 31 Գեղջկական 32 Կ՛երգէի 33 Անցեալս անչափ հեռացաւ 34 Ներկան անապատն է 35 Պաթիւլլէսի մահը 36 Սեր մը գաղտնի 37 Ես զինք կարծեմ 38 Աղուորները 39 Չէի կարծեր քեզ սիրել 40 Անունդ 41 Հոգիդ 42 Ժպտուն աչքերդ 43 Չորցաւ աղբիւրը սրտիս 44 Հայրենի գարնան յիշատակը 45 Եւ նորէն Խոնջ են շրթունքներս 46 Յոգնած ճամբորդին 47 Խաբէութիւն 48 Դուն չգիտցար 49 Տղու մը 50 Աղբիւրներ չորցան 51 Նորեն, ո՜վ սէր 52 Տէ՛ր, ի վերջոյ 53 Երջանկութիւն 54 Հեծեծանք 55 Անյուսութիւն 56 Մեկնողի մը 57 Երազներ 58 Վերադարձ 59 Սպիտակ ձեռքդ 60 Ամառն անցաւ 61 Վիշտ մը 62 Գանձատունը 63 Աշտարակը 64 Երեսնամեակ 65 Կասկածը 66 Անտառին մեջ 67 Գարնան յոյսը 68 Լոնդոն 69 Տաղ առ պոտլեռ 70 Վիշտի մը 71 Երաժշտութիւնը 72 Աշուն
Կ՛անձրեւէ, տղա՛ս
Կ՚անձրևէ տղա՛ս… Աշունը թաց է,
Թա՛ց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն…։
Պատուհանն ու դուռը գընա գոցէ
Եվ դէմըս եկո՛ւր նստիլ վեհագոյն։
Թա՛ց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն…։
Պատուհանն ու դուռը գընա գոցէ
Եվ դէմըս եկո՛ւր նստիլ վեհագոյն։
մանկությունտխուր +1
Գայըգը
Կը մտածեմ ես յաճախ այն գայըգին սպիտակ,
Նուրբ, զարդարուն, անթերի,
Մեծ եալըի մը քովի նաւակայքին շուքին տակ,
Մէկ խորշին մէջ Վոսփորի…
Նուրբ, զարդարուն, անթերի,
Մեծ եալըի մը քովի նաւակայքին շուքին տակ,
Մէկ խորշին մէջ Վոսփորի…
ծովերազ +1
Ողբ
Հոգիիս մէջ միշտ այս կռիւն յետամնաց,
Երկինքն ի վեր թռիչքներու հևին տակ՝
Միշտ այս շղթան կապուած կեանքին տափարակ,
Դեռ գրկիս մէջ տաքցող անցեալըս մեռած,
Երկինքն ի վեր թռիչքներու հևին տակ՝
Միշտ այս շղթան կապուած կեանքին տափարակ,
Դեռ գրկիս մէջ տաքցող անցեալըս մեռած,
վիշտմահ +1
Ողջո՜յն
Ամէն անո՛նց, որոնք երբեք չգիտցան
Իրենց համար իմ սրտիս մէջ բարձրացած
Սեղանին վրայ ծխուող խունկը սրբազան…,
Ամէն անո՛նց, որոնք իբրև առեղծուած
Իրենց համար իմ սրտիս մէջ բարձրացած
Սեղանին վրայ ծխուող խունկը սրբազան…,
Ամէն անո՛նց, որոնք իբրև առեղծուած
սերհիշողություն +1
Է՜ր երբեմըն
Է՜ր երբեմըն գեղեցկութեան ու արևի,
Սիրոյ՝ այց մը, ատեն-ատեն,
Պատկառազգաց հոգիիս մէջ կընդունէի,
Կը դղրդար հոգիս հիմէն,
Սիրոյ՝ այց մը, ատեն-ատեն,
Պատկառազգաց հոգիիս մէջ կընդունէի,
Կը դղրդար հոգիս հիմէն,
հիշողությունտխուր +1
Քու յիշատակդ այս գիշեր...
Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ.
Կարծես մեկնած էր սրտէս, և գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ՚ուզէ,
Կը սեղմըուի գրկիս մէջ, կը բարձրանայ կուրծքս ի վեր…։
Կարծես մեկնած էր սրտէս, և գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ՚ուզէ,
Կը սեղմըուի գրկիս մէջ, կը բարձրանայ կուրծքս ի վեր…։
հիշողությունսեր +1
Օրհներգ ճանապարհին
Իրիկուն էր…։ Վերադարձին
Ամայացած ճամբաներէն՝
Մեր շրթները լուռ մնացին.
Ըսինք՝ «Բառերն ա՛լ անզօր են,
Ամայացած ճամբաներէն՝
Մեր շրթները լուռ մնացին.
Ըսինք՝ «Բառերն ա՛լ անզօր են,
սերբնություն +1
Արեւը
Արևն ուրկէ՞, երբ ամէն իրկուն տժգոյն վար կ՚իջնէ,
Ուրկէ՞ նորէն կը ստանայ իր փայլն ու բոցը վաղուան.
Կարծես ըլլար մէկ հատիկ վիթխարի դոյլ մ՚ոսկիէ՝
Այգեհորի մը անյայտ խորքէն լցուող յաւիտեան։
Ուրկէ՞ նորէն կը ստանայ իր փայլն ու բոցը վաղուան.
Կարծես ըլլար մէկ հատիկ վիթխարի դոյլ մ՚ոսկիէ՝
Այգեհորի մը անյայտ խորքէն լցուող յաւիտեան։
արևբնություն +1
Տարիքը
Նուրբ, ինչպէս ձող մը սաթի և ինչպէս մուշկը՝ բուրեան,
Մարմինն ամբողջ հոգի էր և աչուըներն՝ ամբողջ շունչ.
Կը տեսնէի իր տարիքը զերթ թռչուն մ՚ուսին վրան,
Միւռոնազօծ դեռ այտեր և սրբողորկ ունէր դունչ։
Մարմինն ամբողջ հոգի էր և աչուըներն՝ ամբողջ շունչ.
Կը տեսնէի իր տարիքը զերթ թռչուն մ՚ուսին վրան,
Միւռոնազօծ դեռ այտեր և սրբողորկ ունէր դունչ։
ժամանակսեր +1
Ահաւասիկ կուզէի...
Ահաւասիկ…։ Կուզէի շարունակել և ըսել՝
«Լաւագոյն սէրը ան է, որ լռութեան մէջ կ՚անցնի.
Գեղեցկագոյն թռչունը այն թռչունն է անընտել՝
Որուն ճախրը կը դառնայ ոլորտներուն մէջ երկնի»։
«Լաւագոյն սէրը ան է, որ լռութեան մէջ կ՚անցնի.
Գեղեցկագոյն թռչունը այն թռչունն է անընտել՝
Որուն ճախրը կը դառնայ ոլորտներուն մէջ երկնի»։
սերերազ +1
Գաղտնիք
Անբարեկամ ամբոխին մէջ հանդիպում մը այսօր,
Տղմաթաթաւ պարտէզին մէջ վարդենի մը կարծես…
Ո՜վ խեղդըուող աչքերուս դէմ նետած լաստը հզօր,
Ո՜վ աղաղակը յոյսի բարձրացող ողբ ու կոծէս։
Տղմաթաթաւ պարտէզին մէջ վարդենի մը կարծես…
Ո՜վ խեղդըուող աչքերուս դէմ նետած լաստը հզօր,
Ո՜վ աղաղակը յոյսի բարձրացող ողբ ու կոծէս։
կարոտվիշտ +1
Առիթները
I
Ո՜վ կորսըուած առիթներ, իմ թռչուններս սիրելի,
Ճերմակ երբեմն ու յաճախ տենչանքի գոյն բոցավառ,
Եթերային ու մաքուր մերթ համբոյր մը ներելի,
Ո՜վ կորսըուած առիթներ, իմ թռչուններս սիրելի,
Ճերմակ երբեմն ու յաճախ տենչանքի գոյն բոցավառ,
Եթերային ու մաքուր մերթ համբոյր մը ներելի,
ափսոսանքկարոտ +1
Կը սիրէի
Կը սիրէի վաղանցուկ խռովքները մարմնական,
Աններելի խռովքներն, որոնց սակայն հեշտանքով
Կը դիմէի աղբիւրին, ինչպէս հոտերը կուգան
Գինովնալով, համրաբար, օշինդրի բարկ թուփին քով։
Աններելի խռովքներն, որոնց սակայն հեշտանքով
Կը դիմէի աղբիւրին, ինչպէս հոտերը կուգան
Գինովնալով, համրաբար, օշինդրի բարկ թուփին քով։
սերկիրք +1
Փոթորիկ
Փոթորիկ կայ օդին մէջ…։ Երկինքի ջինջ պատառներ
Կը լափուին սև, ուրուաձև, համայնակեր ամպերէն.
Առաջընթաց զովութիւն մ՚այս ամպերը կը ծորեն,
Պաղ քրտինքին զովութիւնը զայրոյթին փրփրահեր։
Կը լափուին սև, ուրուաձև, համայնակեր ամպերէն.
Առաջընթաց զովութիւն մ՚այս ամպերը կը ծորեն,
Պաղ քրտինքին զովութիւնը զայրոյթին փրփրահեր։
կիրքհիշողություն +1
Տաղ առ արցունքներ
Բեռ ծանրատար՝ հպարտութիւնըս մէկդի
Նետած այս գիշեր,
Կը կանչեմ ձեզ՝ տղու մը պէս անոթի,
Անո՜ւշ արցունքներ։
Նետած այս գիշեր,
Կը կանչեմ ձեզ՝ տղու մը պէս անոթի,
Անո՜ւշ արցունքներ։
վիշտհիշողություն +1
Եղերերգ
Տղու մը վրայ, որ սիրոյ համար
անձնասպան եղաւ։
Չսպասեցիր քնանալ հասկերուն մէջ ցորենի,
Երբ ցերեկուան արևին կը ծածանին դեղին փառ.
անձնասպան եղաւ։
Չսպասեցիր քնանալ հասկերուն մէջ ցորենի,
Երբ ցերեկուան արևին կը ծածանին դեղին փառ.
ինքնասպանությունսեր +2
Կարապները համպուրկի Լիճին մէջ
Տերևաթափ ծառերուն տակ իրիկո՜ւն…
Աշնան օրուան արևի մը՝ մայրական
Մեկնումն անվերջ, ու փափկաքայլ ու խոհուն,
Զերթ սենեակէ մ՚ուր քնացաւ իր տղան…։
Աշնան օրուան արևի մը՝ մայրական
Մեկնումն անվերջ, ու փափկաքայլ ու խոհուն,
Զերթ սենեակէ մ՚ուր քնացաւ իր տղան…։
բնությունաշուն +1
Խաւարի տաղեր
I
Ամռան աղուոր վերջալոյսները երկար
Նորէն, տակաւ, զգալաբար կը ծիւրին,
Տրտմազդեցիկ հարսերու պէս դողահար
Ամռան աղուոր վերջալոյսները երկար
Նորէն, տակաւ, զգալաբար կը ծիւրին,
Տրտմազդեցիկ հարսերու պէս դողահար
գիշերհիշողություն +2
Հանըմը
Միակըտուր սև-անփայլ մետաքսն ամբողջ զինք ծածկած
Եվ քայլերուն մետաքսէ խոր շրշիւնո՛վը թեթև՝
Որ ազդրերուն քնարին կարծես նուա՛գն ըլլար ցած,
Կ՚երթա՛յ հանըմն՝ յուզելով մուշկի ալիք մ՚իր յետև…
Եվ քայլերուն մետաքսէ խոր շրշիւնո՛վը թեթև՝
Որ ազդրերուն քնարին կարծես նուա՛գն ըլլար ցած,
Կ՚երթա՛յ հանըմն՝ յուզելով մուշկի ալիք մ՚իր յետև…
Պոլիսգեղեցկություն +1
Խամսին
Բա՛ց են թողեր դուռն այսօր դժոխքներուն ընդերկրեայ,
Բոց է առեր երկնային կապոյտ կայանը անհուն,
Եվ փոշին, որ օդին մէջ համատարած կը ծըփայ,
Կարծես աճիւնն է երկնից խորն հրդեհուող շէնքերուն…։
Բոց է առեր երկնային կապոյտ կայանը անհուն,
Եվ փոշին, որ օդին մէջ համատարած կը ծըփայ,
Կարծես աճիւնն է երկնից խորն հրդեհուող շէնքերուն…։
բնությունքաղաք
Հոկտեմբեր
Թխպոտ երկինքէն կարօտ մը սիրոյ
Կ՚իջնէ աչքերուս, թևերուս վրայ…
Աշո՞ւնն է արդէն՝ ամառէն յետոյ,
Որ պարտէզիս մէջ գաղտնաբար կ՚իյնայ։
Կ՚իջնէ աչքերուս, թևերուս վրայ…
Աշո՞ւնն է արդէն՝ ամառէն յետոյ,
Որ պարտէզիս մէջ գաղտնաբար կ՚իյնայ։
աշունսեր +1
Որպեսզի մնայ
Որպէսզի մնայ հեշտութիւնն երկար,
Երկա՜ր, անսպա՜ռ խորը հոգիիս
Եվ ձեռքերուս մէջ, և օրօրէ զիս,
Գգուանք մը միայն այսպէս, համրաբար,
Երկա՜ր, անսպա՜ռ խորը հոգիիս
Եվ ձեռքերուս մէջ, և օրօրէ զիս,
Գգուանք մը միայն այսպէս, համրաբար,
սերկիրք
Այսչափ ետքը
Այսչափ ետքը՝ հիմայ նորէն, ո՜վ Աստուած,
Մաքուր սիրոյ մը յոյսն ինծի նորելուդ,
Այս ճառագայթն իմ դժոխքիս մէջը մութ
Երկարելուդ համար վերէն՝ նեղ բացուած
Մաքուր սիրոյ մը յոյսն ինծի նորելուդ,
Այս ճառագայթն իմ դժոխքիս մէջը մութ
Երկարելուդ համար վերէն՝ նեղ բացուած
հույսսեր +1
Մտածումս
Ո՛չ, մտածումս անուշ է դեռ և տրտում…
Չե՞ս զգար զայն՝ աչուըներէդ սահող վար,
Ինչպէս մարող բոցի մը փայլն անհատնում,
Ինչպէս թոշնած ծաղկի թերթեր հողմավար։
Չե՞ս զգար զայն՝ աչուըներէդ սահող վար,
Ինչպէս մարող բոցի մը փայլն անհատնում,
Ինչպէս թոշնած ծաղկի թերթեր հողմավար։
սերտխուր +2
Հրաժեշտ
Այս իրիկուն քաղցրօրէն և անխնայ՝
Ստոյիկեան մը ինչպէս
Երակները կը բանայ,
Սիրտս բանալ կուգամ քեզ…։
Ստոյիկեան մը ինչպէս
Երակները կը բանայ,
Սիրտս բանալ կուգամ քեզ…։
խոհկիրք +1
Ղեկտեմբեր
Ձիւնատարափ…։ Ճերմակն առեր է չորս դին,
Երկինքը՝ գոց, և գոց՝ քիւերն ալ տանեաց…
Մենաւորիկ գիւղն այս ծովին մէջ սառած,
Անշարժ ու լուռ՝ կը մտմըտայ իր բախտին։
Երկինքը՝ գոց, և գոց՝ քիւերն ալ տանեաց…
Մենաւորիկ գիւղն այս ծովին մէջ սառած,
Անշարժ ու լուռ՝ կը մտմըտայ իր բախտին։
բնությունձմեռ +1
Իրիկուան աղօթք
Համանուագ՝ իրիկուան
Աղբիւրներուն, ծառերուն
Եվ դարձող գոմը հեռուն
Բոժոժներուն հովուական,
Աղբիւրներուն, ծառերուն
Եվ դարձող գոմը հեռուն
Բոժոժներուն հովուական,
աղոթքհոգևոր +1
Յուսախաբու-թիւնք
Ամէն տուփի խորէն ցատկող սատանանե՛ր.
Ամէն ծաղկի բաժակին տակ պահուած օ՛ձ.
Դաշտին մէջ փոս, ճառագայթին քով ստուե՛ր.
Գգուանքներու ներքև յանկարծ սառած ծոց…։
Ամէն ծաղկի բաժակին տակ պահուած օ՛ձ.
Դաշտին մէջ փոս, ճառագայթին քով ստուե՛ր.
Գգուանքներու ներքև յանկարծ սառած ծոց…։
խոհափսոսանք +1
Մաքուր սիրոյ ձայնը
Խորշէ մը դեռ՝ ան վախնալով, չլսուելուն
Համոզումով, և եղանակ մը կոտրտած
Խառնած երգին, գետնամած ու բազկատարած՝
Գմբեթին տակ կ՚աղաղակէ իր ալելուն…։
Համոզումով, և եղանակ մը կոտրտած
Խառնած երգին, գետնամած ու բազկատարած՝
Գմբեթին տակ կ՚աղաղակէ իր ալելուն…։
հոգևորպայքար +1
Ապրիլ
Ապրիլ ամիս…։ Կը մանկանան աչուըներս
Մանկութեան հետ տերևներուն, սիւքերուն…
Օդին, հողին և հոգւոյս մէջ ի՜նչ աղերս,
Խորին աղերս մը կայ թրթռուն, ծաւալուն։
Մանկութեան հետ տերևներուն, սիւքերուն…
Օդին, հողին և հոգւոյս մէջ ի՜նչ աղերս,
Խորին աղերս մը կայ թրթռուն, ծաւալուն։
գարունբնություն +1
Գեղջկական
Պզտիկ տուներ հեռուն ինձի կը ժպտին…
Գիւղ մ՚է թաղուած մեծ ծառերու շուքին տակ,
Անտառախիտ լեռան մը կողը յետին
Եվ առջևէն հոսող ջուրով մը յստակ։
Գիւղ մ՚է թաղուած մեծ ծառերու շուքին տակ,
Անտառախիտ լեռան մը կողը յետին
Եվ առջևէն հոսող ջուրով մը յստակ։
բնություներազ +1
Կ՛երգէի
Կ՚երգէի ուրախ կամ տխուր, ի՜նչ փոյթ,
Եվ երկինքն ըլլար մռայլ կամ կապոյտ՝
Երգս ինչպէս արտոյտ մը կը թռչէր վեր.
Երկու յօնք իրեն կ՚ըլլային թևեր
Եվ երկինքն ըլլար մռայլ կամ կապոյտ՝
Երգս ինչպէս արտոյտ մը կը թռչէր վեր.
Երկու յօնք իրեն կ՚ըլլային թևեր
պոեզիաստեղծագործություն +1
Անցեալս անչափ հեռացաւ
Անցեալս անչափ հեռացաւ, որ մօտ եմ զայն մոռնալու,
Ան աղոտած է այնչափ, որ զայն հազիւ կը տեսնեմ
Եվ շատ անգամ դեռ երբ, որ ան կը կանգնի աչքիս դէմ՝
Զինք չեմ ճանչնար և ձայնին ալ չէ իմ սիրտս հլու…։
Ան աղոտած է այնչափ, որ զայն հազիւ կը տեսնեմ
Եվ շատ անգամ դեռ երբ, որ ան կը կանգնի աչքիս դէմ՝
Զինք չեմ ճանչնար և ձայնին ալ չէ իմ սիրտս հլու…։
ժամանակհիշողություն +1
Ներկան անապատն է
Ներկան անապատն է լուռ, ամայի,
Նախադուռ ոչ մէկ երկրի աւետեաց,
Զոր գէթ հեռուէն պիտի տեսնէի,
Անապատ մ՚անծայր, ուր կամաց կամաց
Նախադուռ ոչ մէկ երկրի աւետեաց,
Զոր գէթ հեռուէն պիտի տեսնէի,
Անապատ մ՚անծայր, ուր կամաց կամաց
տխուրժամանակ +1
Պաթիւլլէսի մահը
Ինչպէս օդի՝ սիրոյ շունչի մը պակասէն
Հիմայ մարած, մեռնելու մօտ է Պաթիւլլէս…
Քարայրի մը մութ խոռոչին մէջը, կըսեն,
Ինչպէս հոգին դէմքին յետև՝ ինքը այնպէս
Հիմայ մարած, մեռնելու մօտ է Պաթիւլլէս…
Քարայրի մը մութ խոռոչին մէջը, կըսեն,
Ինչպէս հոգին դէմքին յետև՝ ինքը այնպէս
Անակրեոնմահ +2
Սեր մը գաղտնի
Սէր մը գաղտնի՝ դանդաղօրէն հասունցած,
Իրար գրկող նայուածքներով խուսափուկ,
Եվ շեշտերով, մրմունջներու մէջտեղ ցած,
Որ ակամայ բացուող դուռներ են ծածուկ,
Իրար գրկող նայուածքներով խուսափուկ,
Եվ շեշտերով, մրմունջներու մէջտեղ ցած,
Որ ակամայ բացուող դուռներ են ծածուկ,
սերկիրք
Ես զինք կարծեմ
Ես զինք կարծեմ ուրիշ անգամ տեսած եմ
Եվ այդ աչքերն՝ արդէն, արդէն կը սիրեմ,
Միայն չէի ես դեռ իր ձայնը լսեր
Եվ պահեցի զայն հոգւոյս մէջ գաղտնասէր…։
Եվ այդ աչքերն՝ արդէն, արդէն կը սիրեմ,
Միայն չէի ես դեռ իր ձայնը լսեր
Եվ պահեցի զայն հոգւոյս մէջ գաղտնասէր…։
սերկարոտ +1
Աղուորները
Աղուորն ա՛ն է յաւիտեան՝ որ անցաւ օր մը քովէդ
Եվ աչուընե՛րըդ օծեց, — աստուածային այցելո՛ւ, —
Գեղեցկութեամբ մը, որուն ա՛լ չդարձար նայելու,
Եվ չուզեցիր հանդիպել անոր անգամ մըն ալ գէթ…։
Եվ աչուընե՛րըդ օծեց, — աստուածային այցելո՛ւ, —
Գեղեցկութեամբ մը, որուն ա՛լ չդարձար նայելու,
Եվ չուզեցիր հանդիպել անոր անգամ մըն ալ գէթ…։
սերկարոտ +2
Չէի կարծեր քեզ սիրել
Չէի կարծեր քեզ սիրել…։ Յորմէյետէ բայց հեռու
Ենք իրարմէ օրերով, ես շարունակ կը տեսնեմ
Գողտր պատկերը դէմքիդ արևազուրկ աչքիս դէմ,
Կը յիշեմ մեն մի շարժումդ և մեն մի շեշտդ ալ աղու…։
Ենք իրարմէ օրերով, ես շարունակ կը տեսնեմ
Գողտր պատկերը դէմքիդ արևազուրկ աչքիս դէմ,
Կը յիշեմ մեն մի շարժումդ և մեն մի շեշտդ ալ աղու…։
սերգեղեցկություն
Անունդ
Ինչո՞ւ անունըդ այստեղ չկարենամ գրել ես
Եվ աշխարհի չյայտնեմ, թէ քեզ ինչպէ՜ս սիրեցի…
Երկու վանկե՛րը անոր կը զրուցեմ գաղտնապէս,
Եվ այն ամբողջը կը թուի սիրոյ մատեան մը ինծի…
Եվ աշխարհի չյայտնեմ, թէ քեզ ինչպէ՜ս սիրեցի…
Երկու վանկե՛րը անոր կը զրուցեմ գաղտնապէս,
Եվ այն ամբողջը կը թուի սիրոյ մատեան մը ինծի…
սերկարոտ +1
Հոգիդ
Պզտիկ աղջիկ, հոգիիդ ցուցուցիր դէմքն ինձ այսօր,
Զոր ես չէի տակաւին աչքերուդ մէջ կարդացած…
Ի՜նչ հաճոյք էր թափանցել յանկարծ մութին մէջ անոր
Եվ զայն գտնել այնքան քաջ, ու վեհըզգաց, ու գթած…։
Զոր ես չէի տակաւին աչքերուդ մէջ կարդացած…
Ի՜նչ հաճոյք էր թափանցել յանկարծ մութին մէջ անոր
Եվ զայն գտնել այնքան քաջ, ու վեհըզգաց, ու գթած…։
գեղեցկությունմանկություն +1
Ժպտուն աչքերդ
Չհասկցուած բաներուն,
Բնութեան մեծ գաղտնիքին
Նման՝ աչքերդ ժպտուն
Հոգիիս մէջ կը նային…։
Բնութեան մեծ գաղտնիքին
Նման՝ աչքերդ ժպտուն
Հոգիիս մէջ կը նային…։
սերհույս
Չորցաւ աղբիւրը սրտիս
Չորցա՜ւ աղբիւրը սրտիս, քաղցրակարկաչ այս սրտին,
Որուն անուշ, յորդաբուխ հին ջուրերուն վազքն անգամ
Հիմայ հազիւ կը յիշեմ և հազիւ մերթ կը մնամ
Անջրասոյզ՝ թէ անոնք թերևս նորէն կը բխին…։
Որուն անուշ, յորդաբուխ հին ջուրերուն վազքն անգամ
Հիմայ հազիւ կը յիշեմ և հազիւ մերթ կը մնամ
Անջրասոյզ՝ թէ անոնք թերևս նորէն կը բխին…։
տխուրվիշտ +1
Հայրենի գարնան յիշատակը
Եթէ լռէր վայրկեան մը սրտիս աղմուկը անկարգ,
Եթէ պահիկ մը դադրէր կիրքին խուճապը քանդիչ,
Ստուերին մէջ իրիկուն մ՚եթէ աչքերըս անարգ
Չվառէին տենչանքով ու գոցուելով քիչ առ քիչ,
Եթէ պահիկ մը դադրէր կիրքին խուճապը քանդիչ,
Ստուերին մէջ իրիկուն մ՚եթէ աչքերըս անարգ
Չվառէին տենչանքով ու գոցուելով քիչ առ քիչ,
հայրենիքկարոտ +2
Եւ նորէն Խոնջ են շրթունքներս
Եվ նորէն խոնջ են շրթունքներս երգելէն,
Եվ այս սրինգն, Աստուած, ճաթա՞ծ է արդեօք,
Եվ տենչանքներն, որ մութին մէջ կ՚այցելեն,
Որոնց ի տես կը դողայի հրճուանօք՝
Եվ այս սրինգն, Աստուած, ճաթա՞ծ է արդեօք,
Եվ տենչանքներն, որ մութին մէջ կ՚այցելեն,
Որոնց ի տես կը դողայի հրճուանօք՝
պոեզիամենություն +1
Յոգնած ճամբորդին
Գիտեմ, յոգնած ես, ճամբորդ, և օրն ալ է տարաժամ.
Ես ստուգիւ քու վրադ զերթ եղբոր մը կը խղճամ.
Պէտք չէ՞ր հիմայ խոնջենքիդ առջև գտնել դուռ մը բաց,
Պէտք չէ՞ր գոնէ ճամբուն մէջ ճակատագրին կարծրացած՝
Ես ստուգիւ քու վրադ զերթ եղբոր մը կը խղճամ.
Պէտք չէ՞ր հիմայ խոնջենքիդ առջև գտնել դուռ մը բաց,
Պէտք չէ՞ր գոնէ ճամբուն մէջ ճակատագրին կարծրացած՝
հայրենիքկարոտ +1
Խաբէութիւն
Ես՝ պարտըուած մը կեանքէն, վիրաւորուած մը անկէ, —
Մենք մեզի ենք, ո՛վ հոգիս, խոստովանինք ասիկա, —
Ինչպէս կ՚ըլլայ, կը խորհիմ, որ նորէն ժամ մը կուգայ,
Ուր սրտիս խորը յանկարծ կեանքին հաճոյքը կ՚երգէ։
Մենք մեզի ենք, ո՛վ հոգիս, խոստովանինք ասիկա, —
Ինչպէս կ՚ըլլայ, կը խորհիմ, որ նորէն ժամ մը կուգայ,
Ուր սրտիս խորը յանկարծ կեանքին հաճոյքը կ՚երգէ։
կյանքխոհ +1
Դուն չգիտցար
Դուն չգիտցար, չեն գիտեր այդ տարիքին մէջ կանայք,
Թէ այն ամառն ինչ սիրուն, ինչ գեղեցիկ իսկ եղար.
Ինչպէս աչքիդ ու ձայնիդ շղթան օղակ առ օղակ
Շուրջս կ՚առնէր ու կ՚ընէր զիս քու գերիդ դողահար…
Թէ այն ամառն ինչ սիրուն, ինչ գեղեցիկ իսկ եղար.
Ինչպէս աչքիդ ու ձայնիդ շղթան օղակ առ օղակ
Շուրջս կ՚առնէր ու կ՚ընէր զիս քու գերիդ դողահար…
սերկարոտ +1
Տղու մը
Եթէ ճիշտ է, որ զքեզ յանկարծ քայլերդ տարին
Դեռ նոր անշուշտ, օ՜հ, դեռ նոր խորհրդաւոր ու շքեղ
Այն պարտէզն, ուր երազներ՝ մեծ ծառերու կատարին
Եվ համբոյրներ՝ բաժակին վրայ ծաղկանց կը թառին…
Դեռ նոր անշուշտ, օ՜հ, դեռ նոր խորհրդաւոր ու շքեղ
Այն պարտէզն, ուր երազներ՝ մեծ ծառերու կատարին
Եվ համբոյրներ՝ բաժակին վրայ ծաղկանց կը թառին…
սերերազ
Աղբիւրներ չորցան
Աղբիւրներ չորցան, զո՜վ, պայծառարե՜ւ,
Եվ չբխեցան ուրիշ աղբիւրներ,
Որոնց խուլ գոռումը հողին ներքև
Ամառուան մէջտեղ կը լսեմ մերթ դեռ։
Եվ չբխեցան ուրիշ աղբիւրներ,
Որոնց խուլ գոռումը հողին ներքև
Ամառուան մէջտեղ կը լսեմ մերթ դեռ։
կյանքմանկություն +2
Նորեն, ո՜վ սէր
Նորէն, ո՜վ սէր, զիս զարկիր և թողուցիր վիրաւոր…
Դանակին ծայրը սրտիս դպաւ, սրտիս մէջն է արդ.
Եվ արիւնիս այդ վէրքէն կը զգամ բխումը զուարթ,
Եվ չեմ կրնար, չեմ ուզէր խլել դանակը աղուոր…։
Դանակին ծայրը սրտիս դպաւ, սրտիս մէջն է արդ.
Եվ արիւնիս այդ վէրքէն կը զգամ բխումը զուարթ,
Եվ չեմ կրնար, չեմ ուզէր խլել դանակը աղուոր…։
սերկիրք +1
Տէ՛ր, ի վերջոյ
Տէ՛ր, ի վերջոյ, երբ նուաղի լոյսը կեանքիս,
Վերջին շնորհ՝ պիտի ուզեմ, որ դէմս ըլլայ
Անոր պատկերն այն տարիքին, ուր սիրեց զիս,
Նոյն աչքերով և նոյն ժպտովն ալ անուղղայ…։
Վերջին շնորհ՝ պիտի ուզեմ, որ դէմս ըլլայ
Անոր պատկերն այն տարիքին, ուր սիրեց զիս,
Նոյն աչքերով և նոյն ժպտովն ալ անուղղայ…։
աղոթքմահ +1
Երջանկութիւն
Երջանկութիւնն այս է լոկ… Երկու հոգի ըլլալ հոս,
Երիտասարդ ու հարուստ, գեղեցկադէմ, քաջառողջ,
Որ կունկընդրեն իրարու, երբ կը մնան իսկ անխօս,
Եվ իրարմով են ամբողջ…։
Երիտասարդ ու հարուստ, գեղեցկադէմ, քաջառողջ,
Որ կունկընդրեն իրարու, երբ կը մնան իսկ անխօս,
Եվ իրարմով են ամբողջ…։
երջանկությունսեր +1
Հեծեծանք
Կը պատահի ալ երբեմն, որ ցաւս հպարտ ընէ զիս.
Ես առանձին եմ, կ՚ըսեմ, իր ճանկին մէջ գալարուող,
Եվ իր ճիչերն ալ՝ խորունկ անդունդներուն մէջ սրտիս
Կրնամ խեղդել ու մնալ լուռ, անտարբեր, մթասքող…։
Ես առանձին եմ, կ՚ըսեմ, իր ճանկին մէջ գալարուող,
Եվ իր ճիչերն ալ՝ խորունկ անդունդներուն մէջ սրտիս
Կրնամ խեղդել ու մնալ լուռ, անտարբեր, մթասքող…։
վիշտմենություն +1
Անյուսութիւն
Զերթ նաւաստին դիտանոցէն, որ կը պոռայ
Բազմաղաղակ ամայութեան վերև ծովին
Եվ քաոսին բերնին վրայ,
Հոգիս այնպէս երկնքի կամքն ամբողջովին
Բազմաղաղակ ամայութեան վերև ծովին
Եվ քաոսին բերնին վրայ,
Հոգիս այնպէս երկնքի կամքն ամբողջովին
վիշտմահ +1
Մեկնողի մը
Եղայ քայլ առ քայլ մեկնումիդ վկայ,
Տղաս, մանկութեան չքնաղ պարտէզէն.
Առևանգումիդ համր, ամէնօրեայ,
Զքեզ անձնատուր տեսայ խեղճ, անզէն…։
Տղաս, մանկութեան չքնաղ պարտէզէն.
Առևանգումիդ համր, ամէնօրեայ,
Զքեզ անձնատուր տեսայ խեղճ, անզէն…։
մանկությունժամանակ +1
Երազներ
Ահաւասի՛կ… ալ չեմ լար և ալ ոչինչ չեմ խնդրեր
Կեանքէն, որ այնչափ եղաւ ինձ խոժոռ ու ագահ.
Ես կը դառնամ Երազին, որ զիս երկար տարիներ
Տեսաւ առջին ծնրադիր, զերթ թագուհի մը ի գահ…
Կեանքէն, որ այնչափ եղաւ ինձ խոժոռ ու ագահ.
Ես կը դառնամ Երազին, որ զիս երկար տարիներ
Տեսաւ առջին ծնրադիր, զերթ թագուհի մը ի գահ…
երազսեր +1
Վերադարձ
Քաղաքը իր ծաղկած վայրերն և օրն ալ,
Իր ոսկէզօծ ժամերն ունի՝ անմոռաց
Անցեալիս մէջ, ուր քու հասակդ օրհնեալ
Երանաշող այս աչքերուս երևաց…։
Իր ոսկէզօծ ժամերն ունի՝ անմոռաց
Անցեալիս մէջ, ուր քու հասակդ օրհնեալ
Երանաշող այս աչքերուս երևաց…։
սերհիշողություն +1
Սպիտակ ձեռքդ
Սպիտակ ձեռքդ, զոր այսօր
Ձեռքիս մէջ զգացի,
Եղաւ ատեն մը, որ
Երջանկութի՜ւն մըն էր ինձի։
Ձեռքիս մէջ զգացի,
Եղաւ ատեն մը, որ
Երջանկութի՜ւն մըն էր ինձի։
հիշողությունսեր +1
Ամառն անցաւ
Ամառն անցա՜ւ, ու սիրոյ ծարաւս անյագ մնաց միշտ…
Դաշտերը զիս առանձին տեսան ցերեկն ու երբեք
Գիշերն ալ վրաս չծորեց ո՛չ հեշտութիւն և ո՛չ վիշտ,
Չնայեցայ աստղերուն՝ յուսալից կամ սրտաբեկ…։
Դաշտերը զիս առանձին տեսան ցերեկն ու երբեք
Գիշերն ալ վրաս չծորեց ո՛չ հեշտութիւն և ո՛չ վիշտ,
Չնայեցայ աստղերուն՝ յուսալից կամ սրտաբեկ…։
սերկարոտ +2
Վիշտ մը
Վաղուց է, որ կեանքն ինձի ամէն հրճուանք զլացաւ։
Եվ վարժըուած եմ ատոր.
Բայց չունենալ ոչ մէկ վիշտ, հարատևող ոչ մէկ ցաւ,
Որ հոգիիս մէջ պղտոր
Եվ վարժըուած եմ ատոր.
Բայց չունենալ ոչ մէկ վիշտ, հարատևող ոչ մէկ ցաւ,
Որ հոգիիս մէջ պղտոր
վիշտմենություն +1
Գանձատունը
Գիտեմ հեռուն ես գանձատուն մը, որուն
Ոչ ոք անցաւ ա նկոխ ճամբէն և ոչ ոք
Ունի անոր բանալին փակ դուռներուն.
Միայն պահնորդ մը խոնջ արդէն և տարւոք
Ոչ ոք անցաւ ա նկոխ ճամբէն և ոչ ոք
Ունի անոր բանալին փակ դուռներուն.
Միայն պահնորդ մը խոնջ արդէն և տարւոք
հույսերազ +1
Աշտարակը
Պաշտպանելու համար հոգիս, ա՛լ երբեք
Թոյլ չտալու համար կեանքին ալեաց տակ
Ամէն օր քիչ մը կորսըուիլ, — բարձր ու սէգ
Ես աշտարակ մը կառուցի անյատակ
Թոյլ չտալու համար կեանքին ալեաց տակ
Ամէն օր քիչ մը կորսըուիլ, — բարձր ու սէգ
Ես աշտարակ մը կառուցի անյատակ
մենությունծով +1
Երեսնամեակ
Երեսունի հրուանդանին առջևէն՝
Ահա՛ իմ նաւս առագաստները պարզած,
Փրփուրին մէջ կը հետևին մինչ իրեն
Շնաձուկի սև կլափներ լայնաբաց…։
Ահա՛ իմ նաւս առագաստները պարզած,
Փրփուրին մէջ կը հետևին մինչ իրեն
Շնաձուկի սև կլափներ լայնաբաց…։
կյանքժամանակ +1
Կասկածը
Հաւատքս հոն ձգեցի բզիկ-բզիկ, հեռաւոր
Ճամբաներուն վրայ ամէն, ուր իմ սրտէս ալ մասեր
Արիւնլուայ կը մնան, և ուր ոչ մէկը կ՚ըսեր,
Թէ կ՚անցնէի ընդմէջէն մաքառումի մ՚ահաւոր…։
Ճամբաներուն վրայ ամէն, ուր իմ սրտէս ալ մասեր
Արիւնլուայ կը մնան, և ուր ոչ մէկը կ՚ըսեր,
Թէ կ՚անցնէի ընդմէջէն մաքառումի մ՚ահաւոր…։
հոգևորհույս +1
Անտառին մեջ
Ես կը ճանչնամ անտառին մէջ, ուր գարուն է,
Ձոր մը պզտիկ, ձոր մը ծաղկած, ուր երիցուկ
Եվ շուշաններ ձիւն կը տեղան, ուր կ՚արիւնէ
Կարմիր հարսնուկը շիթ առ շիթ վէրք մը ծածուկ։
Ձոր մը պզտիկ, ձոր մը ծաղկած, ուր երիցուկ
Եվ շուշաններ ձիւն կը տեղան, ուր կ՚արիւնէ
Կարմիր հարսնուկը շիթ առ շիթ վէրք մը ծածուկ։
սերմանկություն +2
Գարնան յոյսը
Օրերէ ի վեր՝ ձիւն, ձիւն է չորս դին,
Բայց ձայն մը ներսէս կ՚երգէ հրճուագին…
— Երբ որ նոր գարուն այս տարի հասնի,
Սարերը հագուին և դաշտերն ըլլան
Բայց ձայն մը ներսէս կ՚երգէ հրճուագին…
— Երբ որ նոր գարուն այս տարի հասնի,
Սարերը հագուին և դաշտերն ըլլան
գարունհույս +1
Լոնդոն
Գետեզերքէն կուգամ և գորշ Ուեսթմինստրէն,
Որ գորշ երկնից մէջ բարձրագլուխ կը մխուի,
Հո՛ն քարացած մեծութիւններ կը նիրհեն…
Ապրողներուն այստեղ արշաւն է ծովի։
Որ գորշ երկնից մէջ բարձրագլուխ կը մխուի,
Հո՛ն քարացած մեծութիւններ կը նիրհեն…
Ապրողներուն այստեղ արշաւն է ծովի։
Լոնդոնօտարություն +2
Տաղ առ պոտլեռ
Ինչպէս տղան խաւարին մէջ, որ կը պոռայ
Զայն լեցընող ուրուականներն հալածելու
Եվ կանչելու համար կարծես իրեն վրայ
Պաշտպանութիւնը հեռաւոր հորն հոգածու՝
Զայն լեցընող ուրուականներն հալածելու
Եվ կանչելու համար կարծես իրեն վրայ
Պաշտպանութիւնը հեռաւոր հորն հոգածու՝
Պոտլեռպոեզիա +2
Վիշտի մը
Ինձի կ՚ըսես, թէ վիշտիդ չկայ ոչ մէկ վիշտ նման,
Թէ աչւներդ այս գիշեր պիտի նորէն չ՛ գոցուին,
Թէ սենեկիդ մէջ, ուր միշտ իրմէ մասեր կը ծըփան,
Դուն մինչև լոյս վերստին պիտի հեծես սարսռագին…։
Թէ աչւներդ այս գիշեր պիտի նորէն չ՛ գոցուին,
Թէ սենեկիդ մէջ, ուր միշտ իրմէ մասեր կը ծըփան,
Դուն մինչև լոյս վերստին պիտի հեծես սարսռագին…։
վիշտսեր +1
Երաժշտութիւնը
Հոգիներո՛ւն վշտացած, անո՛նց, որ սէր յուսացին
Եվ չգտան, և անո՛նց, որ շատ սիրով հիւծեցան,
Մեծ լռութիւնն իբր սփոփ ծնաւ ծոցէն այդ հուրին,
Եվ ան կ՚երթայ աշխարհէն՝ գորովասփի՜ւռ, սիրացա՜ն…։
Եվ չգտան, և անո՛նց, որ շատ սիրով հիւծեցան,
Մեծ լռութիւնն իբր սփոփ ծնաւ ծոցէն այդ հուրին,
Եվ ան կ՚երթայ աշխարհէն՝ գորովասփի՜ւռ, սիրացա՜ն…։
երաժշտությունարվեստ +2
Աշուն
Երբեմն զիս կը յուզէր այս տեսարանն, երբ որ նոր
Էին աչքերս տակաւին,
Զիս կը յուզէր լալու չափ աշնան դալուկն ու անոր
Ողբակոծ շունչն ահագին…։
Էին աչքերս տակաւին,
Զիս կը յուզէր լալու չափ աշնան դալուկն ու անոր
Ողբակոծ շունչն ահագին…։
աշունբնություն +2