Կասկածը
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Հաւատքս հոն ձգեցի բզիկ-բզիկ, հեռաւոր
Ճամբաներուն վրայ ամէն, ուր իմ սրտէս ալ մասեր
Արիւնլուայ կը մնան, և ուր ոչ մէկը կ՚ըսեր,
Թէ կ՚անցնէի ընդմէջէն մաքառումի մ՚ահաւոր…։
Ամէն ինչ վէրք կուտար ինձ — բառ մը, նայուածք մը միայն.
Կը բացուէին սրտիս մէջ սէրերն հանգոյն1 վէրքերու.
Շնչելն իսկ ցաւ մըն էր լոկ, կը տանէի զայն սակայն,
Վասն զի յոյսը յաճախ կուգար վէրքերս փաթթելու…
Յոյսը յոգնած հաւատքիս կուտար կազդոյր և սփոփ,
Բայց զի կռիւը տևեց՝ յոգնեցաւ Յոյսն ալ տակաւ2
Եվ տեսայ, որ ճամբուն վրայ կը հեռանար թևամփոփ…
Եվ օր մըն ալ դիմացէս եկաւ Կասկածն ու կերաւ
Իր կտուցով կեռածայր, մագիլներով բզկըտիչ,
Եվ տիեզերքը ամբողջ քանդեց, փշրեց քիչ առ քիչ…
Ծանոթագրություններ
- 1 Հանգոյն — նման
- 2 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց