Հրաժեշտ
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Այս իրիկուն քաղցրօրէն և անխնայ՝
Ստոյիկեան մը ինչպէս
Երակները կը բանայ,
Սիրտս բանալ կուգամ քեզ…։
Ըսել կուգամ այս իրիկուն քեզի ես՝
Թէ ոչ մէկ շիթ կը մնայ
Սրուակին մէջ գինիէս,
Թէ վառեցի, քահանայ, —
Կնդրուկն ամբողջ բուրվառիս մէջ արծաթէ…։
Արդ վրայէս կնետեմ
Ամէն կեղծիք ու սքեմ
Եվ մարդկօրէն կ՚երթամ հոն, ուր կը կաթէ
Հեշտութեան պուտ մը նեկտար,
Խմել, թերե՜ւս, դառնաբար…