Լոնդոն
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Գետեզերքէն կուգամ և գորշ Ուեսթմինստրէն,
Որ գորշ երկնից մէջ բարձրագլուխ կը մխուի,
Հո՛ն քարացած մեծութիւններ կը նիրհեն…
Ապրողներուն այստեղ արշաւն է ծովի։
Սթրենտին մէջ կառքի հոյլեր կը թըռին,
Ուղիղ և խիտ, կարծես փակած իրարու.
Բոլիսմենի մը կարճ ճիպոտը լռին
Անշարժացման հմա՛յք մը մերթ կը յեղու։
Օտարական և նոյն առտուն դեռ եկած՝
Այդ հորձանքին մէջ բռնուած կ՚երթամ ես.
Մինչ սրտիս մէջ սէր մը կուլայ գաղտնապէս։
Որքա՜ն օտար ես զիս կը զգամ…։ Բայց յանկարծ
Խորհուրդ մը զիս կ՚եղբայրացնէ ամէնքին, —
Ամէնքն ալ, ա՜հ, պիտի սիրեն, սիրեցին…։
Թեմաներ