Անցեալս անչափ հեռացաւ
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Անցեալս անչափ հեռացաւ, որ մօտ եմ զայն մոռնալու,
Ան աղոտած է այնչափ, որ զայն հազիւ կը տեսնեմ
Եվ շատ անգամ դեռ երբ, որ ան կը կանգնի աչքիս դէմ՝
Զինք չեմ ճանչնար և ձայնին ալ չէ իմ սիրտս հլու…։
Ես չեմ ճանչնար մանաւանդ տղան, որ ես եղայ հոն,
Իմ կերպարանքս փափուկ և իմ հոգիս թրթռայոյզ,
Ու ինչ որ զիս կը թողու տրտմաթախիծ ու անյոյս՝
Հոգին, որուն մատուցի ես պատարագ ու պաշտօն։
Երկար ատեն1, նուիրմամբ ու այն ջերմիկ հաւատքով,
Թէ ան իմ մէջս յաւէտ պիտի ապրի անմոռաց…։
Ուրեմն բան չմնաց. ամայացած բարձիս քով
Ոչ իսկ գրքոյկ մը կեանքիս լոյս-ստուերովը գրուած,
Զոր կարդալով, աչուըներս ինքնիրեննին գոցուէին…
— Մոմդ մարէ, դժբախտ մարդ, և նետուէ վիհը քընին…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
Թեմաներ