Կ՛անձրեւէ, տղա՛ս
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Կ՚անձրևէ տղա՛ս… Աշունը թաց է,
Թա՛ց աչքերուն պէս խեղճ խաբուած սիրոյն…։
Պատուհանն ու դուռը գընա գոցէ
Եվ դէմըս եկո՛ւր նստիլ վեհագոյն։
Լռութեան մը մէջ…։ Կ՚անձրևէ, տղա՛ս…։
Կ՚անձրևէ՞ երբեմն հոգիիդ մէջ ալ,
Կը մսի՞ սիրտըդ, և կդողդըղա՞ս՝
Խորհելով պայծառ արևին անցեալ,
Դռան մը ներքև գո՜ց ճակատագրին…։
Բայց կուլաս, տըղա՛ս… Մութին մէջ յանկարծ
Ծանըր արցունքներ աչքէդ կը գլորին…։
Լա՛ց անմեղութեան արցունքը անդարձ,
Լա՛ց չգիտնալով, խեղճ, անգէտ տղա՛ս,
Խե՜ղճ որսը կեանքին, ա՛հ, լա՛ց, որ մեծնաս…։
Թեմաներ