Դուն չգիտցար
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Դուն չգիտցար, չեն գիտեր այդ տարիքին մէջ կանայք,
Թէ այն ամառն ինչ սիրուն, ինչ գեղեցիկ իսկ եղար.
Ինչպէս աչքիդ ու ձայնիդ շղթան օղակ առ օղակ
Շուրջս կ՚առնէր ու կ՚ընէր զիս քու գերիդ դողահար…
Շուքիդ մէջէն շարունակ եկող գերին քեզի հետ,
Զոր դուն երբեմն հազիւ զգացիր մօտդ, ու երբեք
Չկարծեցիր, թէ ան կեանք կ՚առնէր միայն քու տեսքէդ
Եվ կ՚ըլլար մերթ յուսալից և մերթ նորէն սրտաբեկ…։
Դուն չգիտցա՜ր ասիկա… Եվ հեռուէն ալ, երբ որ
Մտածումներըս ամէն, զերթ տատրակներ սպիտակ,
Գիշեր, ցերեկ, անվհատ, հեշտաթռիչ, անմոլոր,
Կը թռէին դէպի քեզ՝ իբրև իրենց քիւին տակ,
Չգիտցա՜ր, թէ կեանքիս ծառն էր, զոր ամբողջ՝ կտցակիր
Կը բերէին թափել շուրջդ, որպէսզի վրա՜ն կոխէիր…։