Իրիկուան աղօթք
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Համանուագ՝ իրիկուան
Աղբիւրներուն, ծառերուն
Եվ դարձող գոմը հեռուն
Բոժոժներուն հովուական,
Ինչպէս ե՜րգը դաշնալուր՝
Ծաւալիլ ու հմայել
Եվ անձաւները անել,
Տէ՜ր, լեցընե՜լ ձայնիս տուր…
Զեփիւռին և մութին հետ,
Թաւշափափուկ անոնց պէս,
Խնկող ամէն արահետ
Ու փայփայող գաղտնապէս,
Անցնող ամէն դաշտերէ,
Տէ՜ր, իմ երգերըս ըրէ…։