Անցնել բովանդակությանը

Խաբէութիւն

«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու

Ես՝ պարտըուած մը կեանքէն, վիրաւորուած մը անկէ, — Մենք մեզի ենք, ո՛վ հոգիս, խոստովանինք ասիկա, — Ինչպէս կ՚ըլլայ, կը խորհիմ, որ նորէն ժամ մը կուգայ, Ուր սրտիս խորը յանկարծ կեանքին հաճոյքը կ՚երգէ։ Բառ մը յաճախ կը բաւէ հորիզոններ բանալու, Ճառագայթ մը անցեալէս՝ կ՚ըլլայ լոյսը ներկային, Եվ աչքերէն, որ վայրկեան մ՚ինձ բարութեամբ կը նային՝ Ապագայիս վրայ անվերջ երջանկութիւն կը յեղու։ Եվ անձնատուր այս անհուն արբեցութեան, զոր ընդմիշտ Կը կարծէի անհնար, ես կը մոռնամ ամէն վիշտ, Ամէն կասկած ու կեանքին հետ նորէն պար կը բռնեմ։ Յիմարութի՜ւն, ստութի՜ւն՝ կ՚ըսեմ վերջէն ինքզինքիս, Երբ կմնամ ես նորէն տրտմութեանս դէմ առ դէմ, — Բայց այդ սուտին դուն ինչպէ՜ս կը փափագիս, ո՛վ հոգիս…։

Ստեղծագործության մասին

Ժանր Սոնետ
Գրության թվական
Ժողովածու Հրաշալի յարութիւն
Տողերի թիվ 14