Տէ՛ր, ի վերջոյ
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Տէ՛ր, ի վերջոյ, երբ նուաղի լոյսը կեանքիս,
Վերջին շնորհ՝ պիտի ուզեմ, որ դէմս ըլլայ
Անոր պատկերն այն տարիքին, ուր սիրեց զիս,
Նոյն աչքերով և նոյն ժպտովն ալ անուղղայ…։
Թող ատիկա ըլլայ իրկուն մը ամառուան,
Երկինքը թող առնէ իր գոյնն ամենանուրբ,
Խաղաղութիւն մը պարուրէ թող ամէն բան,
Եվ թող մտքիս վրայ իջնայ ստուեր մը սուրբ…։
Որոշապէս պիտի գիտնամ, թէ ալ կ՚անցնիմ…
Ոչ մէկ զղջում պիտի կրծէ սիրտս սակայն.
Թէ այս միակ կեանքս իսկ ըլլայ, օ՜հ, Աստուա՛ծ իմ,
Անոր համար շնորհակալ եմ քեզ միայն…։
Եվ այդ պահուն յանկարծ ծովէ մը լուսաւոր
Իմ անցեալիս օվկիանէն խաղաղադէմ,
Ինչպէս կղզի մը, թող յառնէ պատկերն անոր,
Ու ես յուզուած և հմայուած զանի դիտեմ…
Զայն ընդերկար, յաւերժութեան երկար վայրկեան
Մը թող դիտեմ, ծաղկասպիտակ ու հեշտագիծ
Այդ փոքր կղզին, ու թարթիչներս, երբ որ իյնան՝
Թող ինձ թուի, թէ ճիշտ հասայ իր ծոցն անբիծ…։