Ամառն անցաւ
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Ամառն անցա՜ւ, ու սիրոյ ծարաւս անյագ մնաց միշտ…
Դաշտերը զիս առանձին տեսան ցերեկն ու երբեք
Գիշերն ալ վրաս չծորեց ո՛չ հեշտութիւն և ո՛չ վիշտ,
Չնայեցայ աստղերուն՝ յուսալից կամ սրտաբեկ…։
Անցաւ ամառն առաջին՝ այս հողին վրայ, ուր երբեմն
Այս խեղճ սիրտը խենթի պէս տրոփեր էր և հիւծեր.
Այս գիւղն, այս ծովն, այս բլուրն եղած էին կեանքիս սեմն,
Ուրկէ տղայ բաժնուած՝ կը դառնայի իբրև ծեր…։
Կը յուսայի, Աստուա՛ծ իմ, և կը յուսամ տակաւին1,
Որ հեռաւոր, հիւրամերժ այլուրներուն մէջ յոգնած
Եվ շիթ առ շիթ իր արիւնն իզուր վատնած այս հողին
Պիտի գտնէր զինք այստեղ կենդանացնող ջուրն ու հաց…։
Այս հողին վրայ, որ այնքան զիս հրճուեցուց ու լացուց,
Իր վրայէն լուսանցնող տեսքովը գողտր հասակին,
Պիտի չըլլա՞յ, Աստուա՜ծ իմ, որ գէթ սէր մը վաղնջուց
Իր դամբանէն արթննայ ու զիս գգուէ վերստին…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց