Խամսին
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Բա՛ց են թողեր դուռն այսօր դժոխքներուն ընդերկրեայ,
Բոց է առեր երկնային կապոյտ կայանը անհուն,
Եվ փոշին, որ օդին մէջ համատարած կը ծըփայ,
Կարծես աճիւնն է երկնից խորն հրդեհուող շէնքերուն…։
Օդը այսօր այնքա՛ն հոյլ, այնքա՛ն տաք է և ընկճող,
Որ սպառած տենչանքի մը վերջին հևքն է կարծես,
Եվ քաղաքն ալ՝ ննջարան տիտաններու անկարող,
Մարմնակործան գալարուող մահիճներու մէջ հրակէզ…։
Պզտիկ ու թոյլ հովիկներ երբեմըն դեռ կը կառչին,
Գգուանքներու պէս ամուլ, անցորդներուն համրընթաց,
Եվ կ՚իյնան վար, կը մեռնին՝ պարտասած կամ զղջացած…։
Ուղտ մը կանցնի, վեհանդորր, իբր իր տարրէն առաջին,
Մինչ երկընքին մէջ, հո՛ն վերն, արմաւենիք աներեր
Շատրուաններ են կարծես՝ աւազներէն ժայթքած վեր…։