Չորցաւ աղբիւրը սրտիս
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Չորցա՜ւ աղբիւրը սրտիս, քաղցրակարկաչ այս սրտին,
Որուն անուշ, յորդաբուխ հին ջուրերուն վազքն անգամ
Հիմայ հազիւ կը յիշեմ և հազիւ մերթ կը մնամ
Անջրասոյզ՝ թէ անոնք թերևս նորէն կը բխին…։
Չորցաւ աղբիւրն՝ աւելորդ զոհողութեան մը նման,
Չորցաւ՝ ի տես իր ուղխին աւազներէն ծծուելուն,
Եվ զի շատոնց չբուսաւ ծաղիկ մը եզրն իր ճամբուն
Եվ ուղևոր մը շատոնց չհակեցաւ իր վրան…։
Հիմայ, ցամքած այդ ակէն կը մնայ լոկ մէկ ճակատ,
Աւազալից իր գուռով և քարերով մամռապատ,
Որ կը զատուին օրէ օր և կը թափին աննշմար…։
Չորցած աղբիւր, չէ՞ր կրնար ըլլալ սակայն, որ վերջին
Անգամ մըն ալ սանձաբեկ ջուրերդ յանկարծ ժայթքէին
Եվ շէնքդ ամբողջ անոնց տակ մեծաշառաչ վար իյնար…։