Ողբ
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Հոգիիս մէջ միշտ այս կռիւն յետամնաց,
Երկինքն ի վեր թռիչքներու հևին տակ՝
Միշտ այս շղթան կապուած կեանքին տափարակ,
Դեռ գրկիս մէջ տաքցող անցեալըս մեռած,
Դեռ ներկայէն վախցող աչքերըս հիւանդ,
Թրջըուած դեռ արցունքներէն հնաւանդ,
Եվ կը լսեմ երգի մը վերջը անվերջ,
Հին սէրերու ողբն ինձի միշտ կը հասնի,
Կ՚ուզեմ քաղել միշտ ճառագայթ մը լուսնի։
Եվ այս ճերմակ կարապը սև լիճին մէջ,
Նաւող անխոնջ յաւիտեանէ յաւիտեան,
Ի խնդիր միշտ իր մէկ քրոջ գթութեան,
Դեռ մինչև ե՞րբ պիտի յածի տրտմօրէն,
Եվ մինչ շատեր խորասուզուած են շատոնց՝
Յիշեցընէ պիտի ինծի մահն անոնց։
Եվ ի՞նչ է այս լոյսը յառնող խաւարէն,
Պահ մը կռուող և շուտ մ՚արդէն յաղթըուած…
Հոգիիս մէջ ի՞նչ այս կռիւն յետամնաց…
Թեմաներ