Պաթիւլլէսի մահը
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Ինչպէս օդի՝ սիրոյ շունչի մը պակասէն
Հիմայ մարած, մեռնելու մօտ է Պաթիւլլէս…
Քարայրի մը մութ խոռոչին մէջը, կըսեն,
Ինչպէս հոգին դէմքին յետև՝ ինքը այնպէս
Կը պահուըտի, տարիներէն հալածական…
Զինք իր ցաւին հետ հոն մոռցաւ անգութ Պարկան1:
Շա՜տ սիրուեցաւ, բայց ալ ոչ ոք զինք չի սիրէր,
Ո՛չ մէկ քերթող զինքը չ՛ երգէր զմայլահար,
Եվ չի գգուէր զինք ոչ մէկ ծեր իմաստասէր,
Որուն համար ինք ներդաշնակ լուծումն ըլլար
Խորհրդասքող գոյութեան մեծ առեղծուածին…
Սև թիթեռներ հիմայ իր շուրջը կը հածին…։
Բայց իր խորշին մէջ կը լըսէ ահա յանկարծ
Թրթռուն աղմուկ մ՚որ անտառէն իրեն կուգայ…
Տղայ մ՚անշուշտ, մարմանդին վրայ ընկողմանած,
Այդ երգն անուշ՝ անուշ հոգւով կ՚երգէ հիմայ…
Զայն ատենոք2 իրեն ձոնեց Անակրէոն…
Եվ Պաթիւլլէս արտասուող կը մեռնի հոն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Պարկա — առասպելական այն երեք քոյրերը՝ պարկուհիները, որոնք մանում և կտրում էին կեանքի թելը
- 2 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով