Քու յիշատակդ այս գիշեր...
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Քու յիշատակդ, այս գիշեր, զիս լալու չափ կը յուզէ.
Կարծես մեկնած էր սրտէս, և գաղտնաբար այս գիշեր
Ետ կը դառնայ, իր հին տեղն ու հին գգուանքը կ՚ուզէ,
Կը սեղմըուի գրկիս մէջ, կը բարձրանայ կուրծքս ի վեր…։
Քու պատկերըդ աչքիս մէջ և քու ձայնըդ՝ ականջիս,
Կը թրթըռան այս գիշեր, երակներուս մէջ կարծես
Քաղցրահոտ շունչդ է լեցուած, որ կը զգլխէ1, կ՚օրրէ զիս,
Մինչ երեսէս ալ կ՚անցնին կարծես մատներըդ անտես։
Ետ կը դառնան մի առ մի մեր հին ժամերն անկորուստ,
Կարաւանին հետ աստեղց անոնք կ՚ուգա՜ն վերստին,
Հոգիս փարա՜խն է բացուող ընդդէմ իր քա՛ղցըր հոտին։
Յիշատակովդ, այս գիշեր, կը զգամ անչա՛փ զիս հարուստ,
Այնչա՛փ բարի, երջանիկ… որ գթութեամբ մը անհուն՝
Կը մտածեմ զայն բաժնել երկրի բոլո՜ր խեղճերուն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Զգլխիչ, զգլխել — արբեցնող, խենթացնող, արբեցնել, խենթացնել
Թեմաներ