Խաւարի տաղեր
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
I
Ամռան աղուոր վերջալոյսները երկար
Նորէն, տակաւ1, զգալաբար կը ծիւրին,
Տրտմազդեցիկ հարսերու պէս դողահար
Կ՚ընկրկէին դէմը դաժան խաւարին…։
Դեռ չենք ուզեր, նոր մեկնողի մը ինչպէս
Շուտով մոռնալ դէմքն ու տեղը սիրելի,
Լոյսը վառել գող Խաւարին գալուն պէս,
Եվ կը թողունք, որ աննշմար ան սահի
Մեր փեղկէն ներս, որուն առջև, ձեռն ի ծնոտ,
Յիշատակին վրայ նաւենք մեղմաւար…։
Ո՜վ քաղցրութիւնը այս ժամուն խնկահոտ.
Կարծես վերջին աշնանս իրիկունն ըլլար,
Ուր տենչերով ա՛լ խաղաղած յաւիտեան՝
Սպասէի մահուան, վայրկեան առ վայրկեան…։
II
Մաքուր ամէն տենչանքէ, երբ իրիկուան մէջ խոհուն,
Արևին խիստ լոյսէն հոգիս քիչ մը մութ
Ծառերուն տակ կը բերեմ պայծառացնել, — եկո՛ւր դուն
Եվ հնչեցուր նուագը մեղմ քայլերուդ…։
Ո՛չ մէկ տենչանք. ինքզինքիս հիմայ կ՚ուզեմ արգիլել
Յոգնութիւնն իսկ երազելու քու վրադ.
Քանզի ճանչցայ ցնորաց ծաղկէ բաւիղը անել,
Եվ թոյն ունին գորովներն իսկ խանդակաթ…։
Միայն անցի՛ր, իրիկուան մէջ քաղցրութիւն մը ինչպէս,
Ինչպէս քոյր մը զեփիւռներուն և թիթռանց.
Միայն անցիր՝ վանելու համար ստուերն հոգիէս,
Յիշեցնելու գեղեցկութիւնը անանց…։
Խաղաղութեան այս պահուն՝ անցի՛ր խաղաղ քայլերով.
Եղի՛ր խորհուրդն և սփոփանքը մութին,
Եվ թող, որ հոս ծառերուն մէջ վայրկեաններս անվրդով
Քու ձևդ առնեն և քեզի հետ ալ անցնին…։
III
Կը նիրհեն կարծես՝ գիւղ, դաշտ և բլուր,
Լոյսին տակ լուսնին.
Աստղերուն խորունկ համերգին ի լուր՝
Տերևք կը բուսնին…։
Ո՜վ խաղաղ գիշեր, լուսնի լոյսին տակ,
Գետնին վրայ ցած,
Հարս մըն է կարծես պարտէզն սպիտակ՝
Սիրոյ մէջ մեռած։
Լուսինը՝ ծռած սկիհ2 մ՚է կարծես,
Լեցուն ամբրոսիա3,
Զոր առատօրէն կը յեղու անտես
Ձեռք մ՚երկրի վրայ։
Եվ կամ բուրվառ մ՚է յամրօրէն ճօճող
Աստուծոյ աջին,
Բուրվա՛ռ, ուրկէ դուրս կայծեր հրաշող՝
Աստե՛ղք կը թռչին…։
Եվ Ծիր-Կաթինն ալ, թերևս ո՜վ Տէր,
Ծուխն է բուրվառին…
Կամ ծխասքողուած, բարձրացած եթեր՝
Անցեալին ուղին…։
IV
Մեծասփիւռ գիշեր, գիշե՜ր գարնային…։
Հեռաւոր, մթին կամարին խորէն
Բիւրաւոր աստղեր ինձի կնային
Եվ գինովութիւն վրաս կը ծորեն։
Հեռո՜ւ, ամէն ինչ կ՚երևայ հեռու
Այս գիշեր ինձի…։ Կը թուիմ մոռնալ
Յիշատակը հոծ անցեալ օրերու,
Պահ մը կը մոռնամ, ո՜վ հոգիս, քեզ ալ…։
Կ՚ապրիմ անհունին մէջ ցայգալուայ4…
Բայց յանկարծ սարսուռ մը շուրջըս կ՚անցնի
Ծառերէն մինչև առագաստն երկնի,
Եվ սիրտըս անոնց մէջտեղ կը հևայ…
Ու կարծես՝ կեցած աստղերուն ի սեմ,
Հոգի՜ս, ձայնդ անոնց մէջէն կը լսեմ…։
V
Ծովուն վրայ գիշեր է, և գիշերուան մէջ՝ ամառ,
Եվ այս գիշերը ամռան Վոսփորի վրայ կ՚երկննայ
Շնչառութեամբն իր թեթև, իր ցոլքերովը ցանցառ
Եվ իր ալեաց սևաթոյր վետվետումովը թաւշեայ։
Պատըշգամէս, որ ծովուն վրայ և մէջն է կարծես,
Անրջախոհ կը նայիմ ու կը ընկղմիմ թովանքին
Մէջ, որ կ՚իջնէ երկինքէն, կ՚ելլէ ջուրէն և անտես
Հեռուներէն, անցեալէս իսկ կը փչէ տարփագին։
Թանձր շուք մը, մութին մէջ, ահա մեղմիւ կը շարժի
Ծովուն վրայ, աչքիս տակ… ուրկէ՞ եկած և կամ ո՞վ
Այս հեշտաւէտ գիշերին մենութեան մէջ օրրելով։
Բայց ծովն յանկարծ կուռենայ նման կուրծքի մը լայնշի.
Աստղերն ահա՛ կը մարին… և պատշգամս թողած՝
Ես անձկութեամբ կը խորհիմ այն նաւակին, որ գընաց…։
VI
Երբ որ գիշերն անդորր է և երկինքը աստղազարդ,
Ամառ ատեն5, գիւղին մէջ, երբ նիրհած է ամէն մարդ,
Միայն գորտերն հեռուէն, երբ որ կ՚երգեն դաշնաձայն
Եվ հազիւ մերթ կը շարժին բարձր ճիւղե՛րը միայն,
Ինչպէ՜ս քերթողն ալ հոգին կը զգայ յստակ ու զուարթ,
Երբ որ գիշերն անդորր է և երկինքը աստղազարդ…։
Ծաղկանց նման, որ մութին մէջ համրաբար կը բացուին,
Եվ աստղերուն պէս, որոնք ծաղիկներն են երկնքին,
Քերթողին սիրտն ալ այնպէ՛ս հոս կը բացուի ինքն իրեն.
Կեանք ու թռիչք կը ստանան իր հին յոյզե՛րը ամէն,
Մինչ թեթևցած խոհերն ալ կը խառնուին միջոցին՝
Ծաղկանց նման, որ մութին մէջ համրաբար կը բացուին։
Ո՛վ Տէր, քերթողն այդ պահուն, ծփանքին մէջ գիշերուան,
Աստուածօրէն կը սուրայ հանգրուանէ6 հանգրուան,
Իր անցեալին, ներկային, ապագային մէջ նաև,
Քու հեռաւոր լոյսիդ տակ և քաոսի մը վերև.
Կ՚երթա՜յ մինչև հուսկ7 յետին պահը մութին մէջ լուծման՝
Ո՜վ Տէր, քերթողն այդ պահուն, ծփանքին մէջ գիշերուան…։
VII
Այս գիշեր, տե՛ս, հին յիշատակդ նորէն,
Հողէն, ինչպէս կուգայ բուրում մ՚անձրևի,
Էութենէս ու անցեալիս խորերէն՝
Մինչև բերանս և աչուներըս կը լեցուի…։
Տե՛ս, թէ ինչպէս անցած գացած քայլերուդ,
Զիս չտեսած քու նայուածքիդ ալ համար
Իմ մենաւոր հոգիս՝ տաճար մը զերթ մութ,
Կը խնկըուի դուռնէն մինչև ի կամար…։
Մնալ մութին մէջը, ի՜նչ փոյթ… միայն մերթ
Զքեզ տեսնել, Զքեզ լսել… պատահմամբ
Մերթ դէմդ գալ, և ճամբուդ վրայ՝ թերթ առ թերթ
Զմայլանքիս փետտե՜լ փունջը քաղցրութեամբ…
Փորձե՜լ երբեմն մօտենալ քեզ մեղմիւ,
Եվ ճանչըցուիլ՝ քիչ մը, կամ շատ, կամ հազիւ…։
VIII
Ո՛վ իմ անցեալս, այս գիշեր ինչպէ՜ս վրաս կը խուժես,
Իր ափունքին վրայ խուժող մակընթացիկ ծովուն պէս,
Որ մեկնելով հեռուէն, կուգայ կոհակ առ կոհակ,
Տիրել նորէն իր կալուածին սպիտակ։
Գետնին վրայ տարածուող դաշն աղմուկով մը կուգաս
Հորիզոնէն մանկութեանս ու կը նետուիս իմ վրաս
Եվ կ՚ողողես հոգիիս աւազադաշտն ամայի,
Որ լուսնին տակ անհունօրէն կը պառկի։
Ինչպէս ալիքն ալիքին՝ բոլոր օրերս երբեմնի
Կը յաջորդեն իրարու՝ մին ծառացած կը քստմնի,
Միւսն օրօրուն՝ կ՚օրրէ զիս, մինչ ուրիշ մ՚ալ կփլչի
Վրաս, ինչպէս հայելի մը դահլիճի։
Եվ ամէնուն մէջ անոնց՝ կտորտուանքնե՛ր հայելու,
Անցելաշող կը տեսնեմ նախ ինքզինքս ու յետոյ՝
Դարանակալ շուքիս մէջ սէր-մանուկը պահուըտած,
Որուն տըուաւ աղեղն այնքան ինձ հարուած։
…Ո՜վ իմ անցեալս, այս գիշեր ինչպէ՜ս վրաս կը խուժես,
Իր ափունքին վրայ խուժող մակընթացիկ ծովուն պէս,
Որ մեկնելով հեռուէն, կուգայ կոհակ առ կոհակ,
Տիրել նորէն իր կալուածին սպիտակ։
IX
Գիշերուան մէջ կը պտըտիմ առանձին
Եվ առանձին տուն դառնալով ես նորէն՝
Աչքերուս մէջ կը գտնեմ շող մ՚աստղերէն
Եվ շողին մէջ՝ երազ մը հի՜ն, լուսածին…։
Երազն անուշ, բայց անորոշ է այնքա՛ն,
Այնքա՛ն մաքուր ու գեղեցիկ ու փափուկ՝
Որ կը վախնամ դպիլ իրեն, և ծածուկ
Մէկ խորշին մէջ սրտիս պահե՜լ կ՚ուզեմ զայն…։
Ո՜վ հեռաւոր, անկարելի, քա՛ղցր երազ՝
Որ կեանքիս մէջ յետևեցար միշտ ինծի,
Զոր փոթորկաց մէջէն անշէջ անցուցի,
Եվ որ հիմայ կը պըլպլաս հազիւ հազ…,
Երկու հոգւով երջանկութեան լո՜յս պատկեր՝
Որուն իմ տունս պիտի ըլլար շրջանակ,
Եվ որ կեանքի խաղաղաւէտ ծուխին տակ
Պիտի մեղմիւ, տարուէ տարի, աղոտէր…,
Ո՜վ խեղճ երազ, չեկա՞ւ ատենն, ուր այլևս
Աստղերէն վար պիտի քեզի հանդիպիմ,
Աստեղափայլ աչքի մը մէջ մտերիմ՝
Որ իմ վրաս ծագէր, ծածկէ՜ր զիս թերևս…։
…Գիշերուան մէջ պտըտելով առանձին
Եվ առանձին տուն դառնալով ես նորէն՝
Աչքերուս մէջ կը գտնեմ շող մ՚աստղերէն
Եվ շողին մէջ՝ երազը հի՜ն, լուսածին…։
X
Լուսնին ներքև, այս գիշեր, պատուհանէն սենեակիս,
Ուր, ո՜վ խոնջենքս, ինձի հետ ալ յաւիտեան կը բնակիս,
Տեսայ անցնիլն համրաքայլ իմ մանկութեանըս, որուն
Ճանչցայ սիլուէտը փափուկ և քայլուածքը երազուն։
Ո՛վ զանգուածեղ իմ խոնջենքս, քեզ ի՞նչ եղաւ, որ յանկարծ
Վերուցիր ծունկդ կուրծքէս, և անցեալիս վերարծարծ
Բոցը տեսնել չուզելով՝ քովէս իսկոյն հեռացար,
Զիս ձգելով ողողուիլ անոր լոյսովը պայծառ։
…Իմ մանկութիւնս է, ահա, որ համրաքայլ կը շրջի
Փողոցին մէջ, առանձին, զերթ ոգի մը անուրջի,
Ունկընդրելով աստղերուն և լուսնի վարդը բացուած՝
Հոտոտելով հոգևին…։ Ա՜հ, ճիշտ ան է, և արդէն
Տեսէք ինչպէ՜ս փողոցին կ՚անհետանայ անկիւնէն,
Ինչպէ՜ս շուտով կը մեկնի, ու մեկնեցաւ, ու գընաց…։
XI
Գաղջ իրիկուն՝ ձմեռուան դեռ…։ Փողոցէն՝
Ուր ստուերները կ՚երկարին դուռնէ դուռ,
Դանդաղաքայլ կ՚անցնին մարդիկ…։ Ժամը լուռ
Լապտերներունն է, որ մութը կը խոցեն։
Զեփիւռներ կարճ, ու փայփայոտ ու թեթև,
Սև թիթեռներ կարծես անտես, կը փակչին
Երեսներուս. — ո՜վ պատրուակը չնչին՝
Սիրտը յոգնած վազցընելու հևիհև։
Ո՛չ մէկ անուն քովէս անցնող դէմքերուն…։
Շատ՝ աղուորներ…։ Եվ ամէնուն քովն ի վեր
Կ՚ընկերանայ պահ մը հոգիս՝ զմայլուն։
Կ՚անցնին, կ՚անցնին, ահ, ինչքա՜ն շատ, աղուորներ…
Երթալ անոնց հետ միասին… Մինչ ահա
Մութը տակաւ կ՚իջնէ գլխուս, սրտիս վրայ…։
XII
Ձմեռ գիշեր…։ Լուսինն, ինկած զենիթէն,
Փողոցներուն կ՚օծէ քարերը լոյսով…
Ցանցառ ու ջինջ աստղերը սառ կը կաթեն…
Գայլերուն մէջ, և սիրտերուն, կ՚իյնայ սով…։
Գարնան առտուն և այս գիշերն յունուարի,
Այնքա՛ն նման, երկուորեակնե՛ր են կարծես.
Սիրտը սիրոյ ինքնաւետմամբ կը բերկրի՝
Հո՛ս ցուրտին մէջ, հո՛ն արևուն բոցագէս…։
Մարդիկ ի՛նչ ժիր կը քալեն, տե՛ս, այս գիշեր,
Երանութեամբ աչքերն արդէն կը ժպտին.
Եվ անո՛նք իսկ, որ տենչանքն ա՛լ չեն յիշեր,
Անո՛նք, որոնց ձիւնեց գլխուն ու սրտին,
Անկողնուն մէջ կը խտղըտին տարփահար՝
Ցուրտը կարծես նոր սիրուհի՜ մը ըլլար…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
- 2 Սկիհ — եկեղեցական սրբանօթ, հաղորդութեան անօթ
- 3 Ամբրոսիա — ամբրոս, նեկտար
- 4 Ցայգալուայ — վառ առաւօտուայ լուացումն
- 5 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
- 6 Հանգրուան — հանգստատեղ
- 7 Հուսկ — ի վերջոյ, ամենավերջը
Թեմաներ