Աղուորները
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Աղուորն ա՛ն է յաւիտեան՝ որ անցաւ օր մը քովէդ
Եվ աչուընե՛րըդ օծեց, — աստուածային այցելո՛ւ, —
Գեղեցկութեամբ մը, որուն ա՛լ չդարձար նայելու,
Եվ չուզեցիր հանդիպել անոր անգամ մըն ալ գէթ…։
Աղուորն ա՛ն է տակաւին1, — յաւիտեանէ յաւիտեա՜ն, —
Որ նայուածքիդ արևին տակ կը մեծնար համրօրէն,
Որ զերթ ծաղիկ մ՚օրօրուող գարնան անուշ հովերէն,
Երբ մեկնեցար՝ մտքիդ մէջ մնաց միշտ թարմ, մի՜շտ բուրեան…։
Եվ աղուո՛րը, — դուն գիտե՜ս օրհնեալ անունը անո՛ր, —
Անիկա՛ է, որ կարծես պիտի կրնար քեզ սիրել,
Որ սէրդ անշուշտ, գուշակեց և սպասե՜ց ակընկոր,
Որուն սակայն լաւ է, որ չուզեցիր սիրտը խռովել…
Աղուորն անոնք են միայն, որ տենչանքիդ ընդմէջէն
Անցան, գացի՜ն ու հիմա քեզ հեռուէ՜ն կը կանչեն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
Թեմաներ