Հանըմը
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Միակըտուր սև-անփայլ մետաքսն ամբողջ զինք ծածկած
Եվ քայլերուն մետաքսէ խոր շրշիւնո՛վը թեթև՝
Որ ազդրերուն քնարին կարծես նուա՛գն ըլլար ցած,
Կ՚երթա՛յ հանըմն՝ յուզելով մուշկի ալիք մ՚իր յետև…
Ժանեկազարդ թևէն դուրս կը բխի ձեռքը պզտիկ՝
Զոր նախանձոտ սև ձեռնոց մը կը պահէ կիսովին,
Մինչ ուղղանկիւն ճակատէն ինկած քողն ալ լուսանցիկ
Ծանրածարիր աչքերուն կ՚անթեղէ հո՛ւրքը խորին…։
Կամուրջին վրայ, յորդազեղ վերջալոյսի մը ներքև,
Կ՚երթա՛յ հանը՛մը այսպէս, հորզոնէ հորիզոն,
Մթնցնելով Ոսկեղջիւրն ու դիւթելով երեկոն…
Կ՚երթա՜յ հանըմն՝ անմատոյց, քողածածուկ, հոյաձև,
Կի՛ն կամ ոգի, պահ մ՚ելած պալատներէն Պոլիսի,
Պոլսոյ Ոգի՛ն, խուսափուկ, անքննելի՜, սխրալի՜…։
Թեմաներ