Այսչափ ետքը
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Այսչափ ետքը՝ հիմայ նորէն, ո՜վ Աստուած,
Մաքուր սիրոյ մը յոյսն ինծի նորելուդ,
Այս ճառագայթն իմ դժոխքիս մէջը մութ
Երկարելուդ համար վերէն՝ նեղ բացուած
Շնորհներուդ պատուհանէն, — քեզի փա՛ռք
Եվ օրհնութիւն, ծունկի վրայ, բազկաբաց,
Արտասուելով վերջին կաթիլը ցամքած
Արցունքներուս, և հծծելով քեզի՝ փա՜ռք։
Հիմայ նորէն մէկ փափագ մը ունիմ ա՛լ,
Բարի և ճոխ իր սրտին մէջ հիւրընկալ
Ճակատաբաց առաջանալ քայլ առ քայլ…
Մէ՛կ փափագ մը, մտերմութեան հոսանքին
Մէջը նետել սև խորհուրդներս անմեկին,
Մէջը լուալ իմ հոգիիս ժանգը հին…։