Ներկան անապատն է
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Ներկան անապատն է լուռ, ամայի,
Նախադուռ ոչ մէկ երկրի աւետեաց,
Զոր գէթ հեռուէն պիտի տեսնէի,
Անապատ մ՚անծայր, ուր կամաց կամաց
Յոգնիլ կը սկըսին յոյսերս առոյգ,
Ինչպէս երազս ալ, բոցաթև նժոյգ,
Կը կասի՝ կարծես բանալ ուզելով
Աւազին ներքև իրեն կայք մը զով…։
Առտուները ալ բնաւ մանանայ
Չ՛ իջնար երկինքէն. ոչ սիւն լուսեղէն
Կ՚երևի և ինձ ճամբայ կը բանայ, —
Հնագէտք պիտի հոն արդեօք պեղե՞ն
Եվ օր մը այս սիւնն հանեն երևան, —
Ոչ մէկ ժայռի տակ կայ զուսպ շատրուան
Եվ աչքիս դիմաց ամէն մորենի
Եվ ամէն փափագ կ՚այրի, կը հատնի…։
Ներկան անապատն է լուռ, անխլիրտ…
Կը մոռնամ, թէ ո՞ր անցեալէն եկայ՝
Յիշելով միայն, թէ ճամբան էր բիրտ
Եվ զիս ջախջախեց իր խոնջենքն հսկայ.
Ապագա՞ն. — ահա դաշտ մ՚ոսկերոտեաց
Եվ ե՞րբ յարութեան փողն երբեք գոռաց…։
Թեմաներ