Յոգնած ճամբորդին
«Հրաշալի յարութիւն» ժողովածու
Գիտեմ, յոգնած ես, ճամբորդ, և օրն ալ է տարաժամ.
Ես ստուգիւ քու վրադ զերթ եղբոր մը կը խղճամ.
Պէտք չէ՞ր հիմայ խոնջենքիդ առջև գտնել դուռ մը բաց,
Պէտք չէ՞ր գոնէ ճամբուն մէջ ճակատագրին կարծրացած՝
Հին սիրոյ մը մայրական ակոսին մէջը պառկիլ,
Երազելով երկնաբերձ սանդուղ և ցուպ ծաղկածիլ…։
Գիտեմ, ճամբո՛րդ, որ կուգաս մշուշասքող այն երկրէն,
Որուն ամուր շղթաները դեռ հոգիդ կը գերեն,
Որմէ աղուորը չկայ, որուն չկայ նմանն ալ,
Զոր կուզէիր, բայց երբեք ալ չես կրնար դուն մոռնալ։
Լա՛ւ, մի՛ մոռնար զանիկա, բայց մի՛ ուզեր դառնալ ետ.
Անցեալն անթիւ դուռներ են՝ իրարու վրայ գոց յաւէտ.
Անցեալը մութ բաւիղն է, որուն թելը առաջնորդ
Չտրուեցաւ ոչ մէկուն, զոր կ՚ողողեն միայն յորդ
Արտասուքներ, արիւններ, և հոնկէ միշտ ու միայն
Մա՜հը կ՚անցնի ու անվերջ կ՚ամայացնէ, կ՚աւլէ զայն…։
Թեմաներ