Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին
Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին
Ժողովածու
Վահան Թեքեյանի «Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» բաժնի բանաստեղծությունները։
67 բանաստեղծություն
մոտ 134 րոպե
113.9K դիտում
Բանաստեղծությունների ցանկ
1 Սէրը տասնվեց, երեսուն Եւ վաթսուն տարեկանին Աղբիւրը 2 Ճահիճը 3 Խօսակցութիւն 4 Ոսկեմարտը 5 Ոսկին 6 Մարդ եւ երկինք 7 Մարդ, դո՛ւ 8 Արհամարհանք 9 Սուլթանուհի 10 Ծաղկաձորին ծովկասար 11 Շոճին 12 Խոստում 13 Պատասխան տղու մը 14 Տղան 15 Սիրոյ կոչ 16 Յիշողութիւն 17 Հազարներու մէջէն 18 Բեգաս 19 Հայելին 20 Հպարտութիւն 21 Գիշերին 22 Կ՜երազէի ես երկար 23 Վարդանանց 24 Ինքնախօսութիւն 25 Ուրեմն այսպէս 26 Խեղճ մարդը 27 Պատիժը 28 Ո՛վ երազուն մանկութիւն... 29 Խոնարհութիւն 30 Ողբերգութիւնը կեանքին.... 31 Կ՜ըսեմ մերթ ալ ինքզինքիս 32 Անդրադարձում 33 Օհ, եթէ սէրը չըլլար... 34 Սէրը 35 Սթափում 36 Քեզմէ ոչինչ 37 Երազ մըն ալ 38 Իմ վերջին սերս... 39 Յոյս մը... 40 Տեսքդ ա՜լ չի խօսիր ինձի 41 Ես ալ... 42 Աստուածային բնութիւն 43 Սափփով կ՜երգէ 44 Ջուրերուն տակ 45 Բարեւագիր 46 Ես կ՜սիրեմ 47 Ե.-ին 48 Երկու պերճ էակ 49 Ձիւնը 50 Երեկը... 51 Քեզ վերջապէս... 52 Անձկութեան հետ 53 Չե՞ս կրնար... 54 Կ՜ձիւնէ 55 Վերջին մրմունջք 56 Ցաւի ծովը 57 L' ARME'NIE A' LA RUSSIE 58 Հայաստանը-ռուսաստանին 59 Երեք թռչուն 60 Ինչպէ՞ս խորհիս 61 Չը սիրուելով... 62 Թէ պատահէր 63 Ձեռքի մը 64 Լուսնի գիշեր 65 «Տաղարան»-ից 66 Վարպետին 67 Երազ ու կեանք
Սէրը տասնվեց, երեսուն Եւ վաթսուն տարեկանին Աղբիւրը
Աղբիւրը նոր է բխեր, ժայթքեր խորշէ մը անտես
Եվ արշալոյսն անոր մէջ, իր հեռուի լեռներով
Եվ ծառերով իր մօտի, կը ցոլանայ գաղտնապէս
Ու հովն հազիւ թէ զանի կը վետվետէ, անուշ հով։
Եվ արշալոյսն անոր մէջ, իր հեռուի լեռներով
Եվ ծառերով իր մօտի, կը ցոլանայ գաղտնապէս
Ու հովն հազիւ թէ զանի կը վետվետէ, անուշ հով։
սերբնություն +1
Ճահիճը
Գորտեր, լուսնակ գիշերին, կը կըռկռան սէզերուն
Մէջէն ու մերթ բարձրացած քարէ բարձի մը վրայ…
Գորտեր կուրցող աչքերով, կ՚ոգեն երկինքը հեռուն,
Որ ջուր ղրկէ ճահիճին, ուր միայն տիղմ կայ հիմայ…։
Մէջէն ու մերթ բարձրացած քարէ բարձի մը վրայ…
Գորտեր կուրցող աչքերով, կ՚ոգեն երկինքը հեռուն,
Որ ջուր ղրկէ ճահիճին, ուր միայն տիղմ կայ հիմայ…։
բնությունգիշեր +1
Խօսակցութիւն
Կեցի՛ր իմ քովըս այսպէս, այս քերթուածին վրայ հակած,
Զոր քեզ համար կը գրեմ.
Մտածումիս կը լուսնայ կարծես երկինքն ամպամած՝
Երբ քեզ ունիմ աչքիս դէմ…
Զոր քեզ համար կը գրեմ.
Մտածումիս կը լուսնայ կարծես երկինքն ամպամած՝
Երբ քեզ ունիմ աչքիս դէմ…
սերպոեզիա +1
Ոսկեմարտը
(Ողբերգութիւն վեց օրով)
Ա
Երկիրը երգ է ամբողջ՝ իր հովերով, ծովերով…
Կը խաղայ լոյս մը անմեղ՝ երեսն հողին ու ջուրին…
Ա
Երկիրը երգ է ամբողջ՝ իր հովերով, ծովերով…
Կը խաղայ լոյս մը անմեղ՝ երեսն հողին ու ջուրին…
պայքարպոեզիա +1
Ոսկին
Ոսկին փախաւ՝ սրդողած: Նկուղներու մէջ հիմայ,
Նման ու մօտ հանքերուն՝ ուրկէ տակաւ բարձրացեր,
Նազանքով վեր էր ելեր ու սփռուէր երկրի վրայ,
Նկուղներու մութին մէջ՝ հիմայ ոսկին կը քնանայ։
Նման ու մօտ հանքերուն՝ ուրկէ տակաւ բարձրացեր,
Նազանքով վեր էր ելեր ու սփռուէր երկրի վրայ,
Նկուղներու մութին մէջ՝ հիմայ ոսկին կը քնանայ։
գեղեցկությունարվեստ +1
Մարդ եւ երկինք
Կը մտածեմ՝ աստղերուն, Ծիր-Կաթինին մէջ որքա՜ն
Աղի արցունք կան հարկաւ, ե՛ւ հառաչներ, ե՛ւ հեծքեր…
Կարելի չէ այլապէս, Մարդը Բնութեան է նման
Եվ տիեզերքն է անոր իր բնութիւնը տուեր…։
Աղի արցունք կան հարկաւ, ե՛ւ հառաչներ, ե՛ւ հեծքեր…
Կարելի չէ այլապէս, Մարդը Բնութեան է նման
Եվ տիեզերքն է անոր իր բնութիւնը տուեր…։
փիլիսոփայությունմարդ +1
Մարդ, դո՛ւ
Ցորեն պէտք է ուտես քանի՞ հազար գրիւ,
Որ հասուննաս, գերեզմանին ըլլաս կեր,
Պէտք է մղես ո՞րքան դաժան, բուռն կռիւ,
Որ հողը հուսկ հանգստացնէ սիրտըդ ծեր…։
Որ հասուննաս, գերեզմանին ըլլաս կեր,
Պէտք է մղես ո՞րքան դաժան, բուռն կռիւ,
Որ հողը հուսկ հանգստացնէ սիրտըդ ծեր…։
մահփիլիսոփայություն +1
Արհամարհանք
Ան՝ տկար մարդուն և յաղթըուածին
Զրահն է փտուկ և զէնքը անզօր.
Դիմակն է պահող երկչոտին հոգին
Եվ եսասէրին՝ ծածկող սիրտը չոր…։
Զրահն է փտուկ և զէնքը անզօր.
Դիմակն է պահող երկչոտին հոգին
Եվ եսասէրին՝ ծածկող սիրտը չոր…։
խոհփիլիսոփայություն +1
Սուլթանուհի
Սուլթանուհի՛, որ կ՚ապրէիր Վոսփորի
Վրայ կանգուն ու ջրամոյն սպիտակ,
Այն պալատին մէջը պահուած, ես բերի
Շա՜տ գիշերներ, աստեղազարդ երկնից տակ,
Վրայ կանգուն ու ջրամոյն սպիտակ,
Այն պալատին մէջը պահուած, ես բերի
Շա՜տ գիշերներ, աստեղազարդ երկնից տակ,
Վոսփորերազ +2
Ծաղկաձորին ծովկասար
Ծաղկաձորէն Ծովկասար ամբողջ տաժանք է ճամբան՝
Ծուռիկ-մուռիկ, փուշերով ու քարերով լեփ-լեցուն.
Ծաղկաձորին վրայ մարդիկ օր մ՚աչքերնին կը բանան,
Ծովկասարին չհասած զանոնք մութով կը լընուն…։
Ծուռիկ-մուռիկ, փուշերով ու քարերով լեփ-լեցուն.
Ծաղկաձորին վրայ մարդիկ օր մ՚աչքերնին կը բանան,
Ծովկասարին չհասած զանոնք մութով կը լընուն…։
կյանքմահ +1
Շոճին
Ցաւըդ հինէն կը սկսի, լիբանանեան ո՛վ շոճի,
Գետնէն հազիւ բարձրացած՝ կորսնցուցեր ես ահա
Առաջին ճիւղդ, որուն դեռ հետքը վրադ կ՚երևայ,
Չորցած, ցցուած դէպի վեր՝ հետքը կտրած բազուկի։
Գետնէն հազիւ բարձրացած՝ կորսնցուցեր ես ահա
Առաջին ճիւղդ, որուն դեռ հետքը վրադ կ՚երևայ,
Չորցած, ցցուած դէպի վեր՝ հետքը կտրած բազուկի։
բնությունմահ +1
Խոստում
Աղջիկ, տղայ, պարմանի, պարմանուհի, — բառերուն
Մէջէն մեղմիւ կը յառնէք թուփերու պէս ծաղկազարդ,
Եղնիկներու պէս ճապուկ, կը ծփաք պահ մը հեռուն,
Կը մօտենաք և ձեզի կը ժպտի սիրտս հանդարտ…։
Մէջէն մեղմիւ կը յառնէք թուփերու պէս ծաղկազարդ,
Եղնիկներու պէս ճապուկ, կը ծփաք պահ մը հեռուն,
Կը մօտենաք և ձեզի կը ժպտի սիրտս հանդարտ…։
սերգեղեցկություն
Պատասխան տղու մը
Դուն խենթ հոգի՛, խենթ տղայ՛, ո՞վ խենթեցուց քեզ, ի՞նչպէս…
Երեկ խելոք ու խաղաղ առուակն էիր գիւղակին,
Ո՞վ այդ հեղեղը պղտոր յանկարծակի խառնեց քեզ,
Առուակը գետ մը ըրաւ և ջրվէժնե՜ր ահագին։
Երեկ խելոք ու խաղաղ առուակն էիր գիւղակին,
Ո՞վ այդ հեղեղը պղտոր յանկարծակի խառնեց քեզ,
Առուակը գետ մը ըրաւ և ջրվէժնե՜ր ահագին։
խոհկիրք +1
Տղան
Պզտիկ տղան, — երբ կ՚անցնէր Էլ-Արիշի ընդմէջէն,
Մեր կառախումբը դանդաղ, — տղան պատին կռթընած,
Տղան աղուոր ու տխուր՝ կը վերյիշեմ ես նորէն…։
Ան միշտ կեցած է այնտեղ՝ կարծես կեանքին իր դիմաց,
Մեր կառախումբը դանդաղ, — տղան պատին կռթընած,
Տղան աղուոր ու տխուր՝ կը վերյիշեմ ես նորէն…։
Ան միշտ կեցած է այնտեղ՝ կարծես կեանքին իր դիմաց,
հիշողությունմանկություն +1
Սիրոյ կոչ
Եվ հեռաձայնը անթել
Ինձ լուր բերաւ, թէ հեռուն՝
Ամազոնի ափերուն,
Կին մը կ՚ուզէ զիս սիրել…
Ինձ լուր բերաւ, թէ հեռուն՝
Ամազոնի ափերուն,
Կին մը կ՚ուզէ զիս սիրել…
սերմենություն +1
Յիշողութիւն
Սիրտս այս գիշեր կը կանչէ իր մեռելները բոլոր…
Մեռելապահ քնացած, Յիշողութի՛ւն, բահդ առ
Եվ բա՛ց ամէն դամբաններն։ Ես հանդարտ եմ, զօրաւոր,
Ու ժանտագոյն տեսիլն ալ զիս վախցնել չի կրնար։
Մեռելապահ քնացած, Յիշողութի՛ւն, բահդ առ
Եվ բա՛ց ամէն դամբաններն։ Ես հանդարտ եմ, զօրաւոր,
Ու ժանտագոյն տեսիլն ալ զիս վախցնել չի կրնար։
հիշողությունմահ +1
Հազարներու մէջէն
Հազարներու մէջէն մէկն, եղար այն մէկը այսօր,
Զոր զգացի, թէ սիրել անհունօրէն կ՚ըրնայի,
Նայուածքդ այնքա՜ն էր անուշ, ժպիտդ այնքա՜ն էր աղուոր,
Որ բխեցաւ յանկարծ յոյսն հոգիիս մէջ ամայի…
Զոր զգացի, թէ սիրել անհունօրէն կ՚ըրնայի,
Նայուածքդ այնքա՜ն էր անուշ, ժպիտդ այնքա՜ն էր աղուոր,
Որ բխեցաւ յանկարծ յոյսն հոգիիս մէջ ամայի…
սերգեղեցկություն +1
Բեգաս
Օր մը յանկարծ զիս առիր գաւակիդ վրայ ու տարիր,
Քանի մը քայլ, հազիւ հազ…։ Մինչ սահելով ինկայ վար՝
Մնաց տղու սրտիս մէջ, այդ արշաւէն ցաւագար,
Տենչը, իրօք, սուրալու քեզ հետ դաշտաց մէջ անծիր…։
Քանի մը քայլ, հազիւ հազ…։ Մինչ սահելով ինկայ վար՝
Մնաց տղու սրտիս մէջ, այդ արշաւէն ցաւագար,
Տենչը, իրօք, սուրալու քեզ հետ դաշտաց մէջ անծիր…։
Բեգասհիշողություն +2
Հայելին
Կը նայէի, երբ որ քու մէջդ հին ատեն
Փողկապիս էր ամէնէն շատ ու մազիս…
Մէկուն՝ հազիւ աչք մը այլևս ու միւսէն
Ինչ որ մնաց՝ ա՛լ չի փորձէր հիմայ զիս…
Փողկապիս էր ամէնէն շատ ու մազիս…
Մէկուն՝ հազիւ աչք մը այլևս ու միւսէն
Ինչ որ մնաց՝ ա՛լ չի փորձէր հիմայ զիս…
ժամանակխոհ +1
Հպարտութիւն
Հպարտութի՛ւն, առաջին
Եղար դուն ձևն հոգիիս,
Եղիր իր դիրքն ալ վերջին
Եվ կարծրացո՛ւր, պրկէ՛ զիս…
Եղար դուն ձևն հոգիիս,
Եղիր իր դիրքն ալ վերջին
Եվ կարծրացո՛ւր, պրկէ՛ զիս…
խոհմահ +1
Գիշերին
Ինձ կը թուի, ո՜վ Գիշեր, որ լռութեանդ ու մութիդ
Կեցած կեդրոնը հիմայ՝ ես կ՚ողջունեմ անկէ վեր
Տարածասփիւռ, խաղաղիկ, անվախճան Այգը վճիտ
Եվ թէ արդէն կը լընուն զիս դրախտի զեփիւռներ…։
Կեցած կեդրոնը հիմայ՝ ես կ՚ողջունեմ անկէ վեր
Տարածասփիւռ, խաղաղիկ, անվախճան Այգը վճիտ
Եվ թէ արդէն կը լընուն զիս դրախտի զեփիւռներ…։
գիշերփիլիսոփայություն +1
Կ՜երազէի ես երկար
Կ՚երազէի ես երկար,
Քեզ յուսալով, յիշելով…
Հիմայ ա՛լ սիրտըս է խռով,
Ու երազել չեմ կրնար…
Քեզ յուսալով, յիշելով…
Հիմայ ա՛լ սիրտըս է խռով,
Ու երազել չեմ կրնար…
սերտխուր +1
Վարդանանց
Պատերազմ էր հաւատքի և հայրենեաց փրկութեան…
Կ՚իջնէր վերջին իրիկունն, ու արիւնները վաղուան
Հորիզոնին վրայ կարծես էին կանխաւ ցոլացած
Փայլատակող, եռացող և բարձրացող առ Աստուած…։
Կ՚իջնէր վերջին իրիկունն, ու արիւնները վաղուան
Հորիզոնին վրայ կարծես էին կանխաւ ցոլացած
Փայլատակող, եռացող և բարձրացող առ Աստուած…։
ԱվարայրՔրիստոս +4
Ինքնախօսութիւն
Ըսէ՛ անոնց, մեղմօրէն, թէ իրենց պէս էիր դուն,
Ոչ շատ առաջ տակաւին, թէ կրնայիր իրենց պէս
Վազել, ցատկել ու խնդալ. էիր ճկուն ու սիրուն,
Ապրող ներկան միմիայն. ճիշտ իրենց պէս, վերջապէս…
Ոչ շատ առաջ տակաւին, թէ կրնայիր իրենց պէս
Վազել, ցատկել ու խնդալ. էիր ճկուն ու սիրուն,
Ապրող ներկան միմիայն. ճիշտ իրենց պէս, վերջապէս…
ժամանակխոհ +1
Ուրեմն այսպէս
Ուրեմն այսպէս, ես այլևս մուրացկանին պէս յետին,
Պիտի խնդրեմ աշխարհէն սիրոյ սնունդս օրական,
Եվ չգտած ոչ մէկ տեղ, պիտի երթամ աղբիւսին՝
Աւելցուկներ ժողուելու անօթութեանըս դարման։
Պիտի խնդրեմ աշխարհէն սիրոյ սնունդս օրական,
Եվ չգտած ոչ մէկ տեղ, պիտի երթամ աղբիւսին՝
Աւելցուկներ ժողուելու անօթութեանըս դարման։
մենությունսեր +1
Խեղճ մարդը
Ա
Խեղճ մարդ մըն էր անիկա, որ չէր կրնար և ոչ իսկ
Իր խեղճութիւնը պատմել, գիտնալով, թէ իր վրայ
Պիտի խնդան շատ շատեր՝ ինչ որ վտանգ մ՚է պզտիկ,
Խեղճ մարդ մըն էր անիկա, որ չէր կրնար և ոչ իսկ
Իր խեղճութիւնը պատմել, գիտնալով, թէ իր վրայ
Պիտի խնդան շատ շատեր՝ ինչ որ վտանգ մ՚է պզտիկ,
սերափսոսանք +1
Պատիժը
Պզտիկ ու ջինջ, ջինջ տղան ինչպէ՜ս մեծցեր է հիմայ,
Փախեր գացեր է առաջ ու զարնըուած ժայռերու,
Դարձեր է ետ, աղտոտած, ու դէմս ուղիղ կը կենայ
Անխօս, անշարժ, անհլու…։
Փախեր գացեր է առաջ ու զարնըուած ժայռերու,
Դարձեր է ետ, աղտոտած, ու դէմս ուղիղ կը կենայ
Անխօս, անշարժ, անհլու…։
երազկարոտ +1
Ո՛վ երազուն մանկութիւն...
Ո՛վ երազուն մանկութիւն, որ մանկութիւնս եղար,
Կը փափագիմ, ոչ այլևս զքեզ ապրիլ վերստին,
Այլ հանդիպիլ նմանիդ ու զայն դիտել գաղտնաբար
Եվ սէրերուն վրայ հսկել, որոնք մեղմիւ կը բացուին…
Կը փափագիմ, ոչ այլևս զքեզ ապրիլ վերստին,
Այլ հանդիպիլ նմանիդ ու զայն դիտել գաղտնաբար
Եվ սէրերուն վրայ հսկել, որոնք մեղմիւ կը բացուին…
մանկությունկարոտ +1
Խոնարհութիւն
Եկած է օրն, ուր կ՚ըսեմ ահա մարդոց. — ես ան չեմ,
Զոր կը կարծէք. ես տկար, շատ տկար մարդ մըն եմ լոկ,
Վստահ ոչ մէկ խորհուրդի, լի կասկածով — մտահոգ՝
Շարժումներուս ճշտութեան, գացող մութին մէջ դժխեմ…։
Զոր կը կարծէք. ես տկար, շատ տկար մարդ մըն եմ լոկ,
Վստահ ոչ մէկ խորհուրդի, լի կասկածով — մտահոգ՝
Շարժումներուս ճշտութեան, գացող մութին մէջ դժխեմ…։
հոգևորխոհ +1
Ողբերգութիւնը կեանքին....
Ողբերգութիւնը կեանքին, զոր ամէն մարդ կը խաղայ
Իրեն համար մէկ անգամ. զոր չեն տեսներ ուրիշներ,
Կը տեսնեն՝ չեն հասկընար, որ մութ բեմի մը վրայ
Կ՚անցնի անձայն մեծ չափով, որ միմիայն մէկ պատկեր՝
Իրեն համար մէկ անգամ. զոր չեն տեսներ ուրիշներ,
Կը տեսնեն՝ չեն հասկընար, որ մութ բեմի մը վրայ
Կ՚անցնի անձայն մեծ չափով, որ միմիայն մէկ պատկեր՝
կյանքմահ +1
Կ՜ըսեմ մերթ ալ ինքզինքիս
Կ՚ըսեմ մերթ ալ ինքզինքիս. «Բաւական է, բաւական,
Ինչո՞ւ միայն դարձդարձել ժամանակին մէջ անցեալ,
Ու չթռիլ անկէ դուրս. չէ՞ որ քուկդ է ե՛ւ ներկան,
Եվ ապագան ու կրնաս անոնցմով ալ արբենալ…
Ինչո՞ւ միայն դարձդարձել ժամանակին մէջ անցեալ,
Ու չթռիլ անկէ դուրս. չէ՞ որ քուկդ է ե՛ւ ներկան,
Եվ ապագան ու կրնաս անոնցմով ալ արբենալ…
ժամանակփիլիսոփայություն +1
Անդրադարձում
Ձմեռն ահա, տունը՝ ցուրտ, ու ես մինակ անոր մէջ…
Ոտք չկոխեց հոն բնաւ, հրաւիրուած կամ ինքնեկ,
Ան որ պիտի փարատէր իմ նկուղի օդը գէջ,
Պիտի ընէր կամ ըլլար իմ վառարանն ատրաշէկ…
Ոտք չկոխեց հոն բնաւ, հրաւիրուած կամ ինքնեկ,
Ան որ պիտի փարատէր իմ նկուղի օդը գէջ,
Պիտի ընէր կամ ըլլար իմ վառարանն ատրաշէկ…
մենությունսեր +2
Օհ, եթէ սէրը չըլլար...
Օհ, եթէ սէրը չըլլար՝ ի՜նչպէս հաճոյքն, որ յաճախ
Կը դառնար շուրջս ու երբեմն ալ կարծես ինձ կը սպասէր,
Պիտի կեանքիս մէջ մտնէր, զայն ընէր գոհ ու խաղաղ…
Միայն թէ սէրը չըլլա՜ր, վախկոտ ու մութ, հիւանդ սէր…
Կը դառնար շուրջս ու երբեմն ալ կարծես ինձ կը սպասէր,
Պիտի կեանքիս մէջ մտնէր, զայն ընէր գոհ ու խաղաղ…
Միայն թէ սէրը չըլլա՜ր, վախկոտ ու մութ, հիւանդ սէր…
սերափսոսանք +1
Սէրը
Սէրը փրկէ պիտի զիս ամէն բանէ, իր կեղծէն,
Իր որդերէն մակաբոյծ, որոնք մտքիս ու սրտիս
Աստուածութեանը ներքոյ ընդերքներէն կը ծծեն
Եվ որով դուն, ո՜վ վատնում, ծիծաղաձայն կը լեցուիս։
Իր որդերէն մակաբոյծ, որոնք մտքիս ու սրտիս
Աստուածութեանը ներքոյ ընդերքներէն կը ծծեն
Եվ որով դուն, ո՜վ վատնում, ծիծաղաձայն կը լեցուիս։
սերհոգևոր +1
Սթափում
Այնպէ՜ս անուշ է յուսալ՝ չյուսալով միասին
Ու սթափումը յետոյ, այնպէ՜ս դառն է ու տխուր…
Կ՚ըսես թերևս կրնայ անոր բարի, ջինջ հոգին
Դէմդ բացուիլ, ընծայուիլ քու ծարաւիդ իբրև ջուր։
Ու սթափումը յետոյ, այնպէ՜ս դառն է ու տխուր…
Կ՚ըսես թերևս կրնայ անոր բարի, ջինջ հոգին
Դէմդ բացուիլ, ընծայուիլ քու ծարաւիդ իբրև ջուր։
սերտխուր +1
Քեզմէ ոչինչ
Քեզմէ ոչինչ, ինձմէ՝ ամէն բան, ամէն.
Քեզմէ միայն խաղաղութիւն, լըռութիւն,
Մինչ իմ սրտիս մէջ ժպիտներ կիսարթուն՝
Դատապարտուած, նորէն մահուան կը սպասեն…։
Քեզմէ միայն խաղաղութիւն, լըռութիւն,
Մինչ իմ սրտիս մէջ ժպիտներ կիսարթուն՝
Դատապարտուած, նորէն մահուան կը սպասեն…։
սերկարոտ +1
Երազ մըն ալ
Երազ մըն ալ, օհ, պզտիկ աղուոր երազ մը միայն,
Կէս գիշերէն վերջ հիմա, սանդուղներէն պանդոկիս
Հանեցի ու վեր բերի թիկնաթոռին վրայ երկայն
Նստեցընել ու դիտել իր ձեռքերուն մէջ հոգիս։
Կէս գիշերէն վերջ հիմա, սանդուղներէն պանդոկիս
Հանեցի ու վեր բերի թիկնաթոռին վրայ երկայն
Նստեցընել ու դիտել իր ձեռքերուն մէջ հոգիս։
երազմենություն
Իմ վերջին սերս...
Իմ վերջին սէրս, օհ, այնքան առաջինին դեռ նման,
Սիրտս դեռ տաք է քեզմով ու կը տանիմ քեզ հիմայ
Զգուշաքայլ, երկիւղած՝ մոխրի մը պէս սրբազան
Ուրկէ փիւնիկ մը յառնել ու դեռ տանջել զիս կրնայ…
Սիրտս դեռ տաք է քեզմով ու կը տանիմ քեզ հիմայ
Զգուշաքայլ, երկիւղած՝ մոխրի մը պէս սրբազան
Ուրկէ փիւնիկ մը յառնել ու դեռ տանջել զիս կրնայ…
սերտխուր +1
Յոյս մը...
Յոյս մը տալէ յետոյ ինձի,
Հունտ, որ ծաղիկ բացաւ արդէն,
Զոր գինովցած ես շնչեցի,
Աչքերդ ինչո՞ւ զայն կը խլեն…
Հունտ, որ ծաղիկ բացաւ արդէն,
Զոր գինովցած ես շնչեցի,
Աչքերդ ինչո՞ւ զայն կը խլեն…
սերհույս +1
Տեսքդ ա՜լ չի խօսիր ինձի
Տեսքդ ա՛լ չի խօսիր ինձի,
Բայց չեմ կրնար սիրած չըլլալ
Քեզ, որուն քիչ մնաց տայի
Սրտէս յետոյ օր մը կեանքս ալ…։
Բայց չեմ կրնար սիրած չըլլալ
Քեզ, որուն քիչ մնաց տայի
Սրտէս յետոյ օր մը կեանքս ալ…։
սերհիշողություն +1
Ես ալ...
Ես ալ՝ ատեն մը քարէն
Ջուր հանեցի, բայց հիմայ
Կ՚ուզեմ, որ ջուրը կենայ,
Ու կարծրանայ, քար ըլլայ…
Ջուր հանեցի, բայց հիմայ
Կ՚ուզեմ, որ ջուրը կենայ,
Ու կարծրանայ, քար ըլլայ…
ժամանակերազ +1
Աստուածային բնութիւն
Աստուածային բնութիւն՝ կ՚ըսեն թէ սէրը ունի.
Սիրահարները գոնէ այդպէս կ՚ըսեն, տէրտէրն ալ՝
Երբ իր աջին ու խաչին ներքև այդ բոցը գաղտնի
Կուգայ թեքիլ, կամ կուգան երբ զայն իրմէ ստանալ…։
Սիրահարները գոնէ այդպէս կ՚ըսեն, տէրտէրն ալ՝
Երբ իր աջին ու խաչին ներքև այդ բոցը գաղտնի
Կուգայ թեքիլ, կամ կուգան երբ զայն իրմէ ստանալ…։
սերաստված +1
Սափփով կ՜երգէ
Ո՛վ իմ Տենչանքս, եղար տակաւ երգերուս
Ներշնչաբանը միակ,
Ձայնս անվարժ, ինչպէս քնարս ալ թևերուս
Դուն խեղդեցիր ձեռքիդ տակ։
Ներշնչաբանը միակ,
Ձայնս անվարժ, ինչպէս քնարս ալ թևերուս
Դուն խեղդեցիր ձեռքիդ տակ։
կիրքպոեզիա +1
Ջուրերուն տակ
Ջուրերուն տակ, ջուրերուն տակ, ջուրերուն տակ
Օվկիանին՝ կապոյտ, կանաչ ու սև յետոյ,
Կ՚ըսեն կ՚ապրի կոյս մը սպիտակ, մանկահասակ,
Սիրտը վախով միայն լեցուն, փոխան սիրոյ…։
Օվկիանին՝ կապոյտ, կանաչ ու սև յետոյ,
Կ՚ըսեն կ՚ապրի կոյս մը սպիտակ, մանկահասակ,
Սիրտը վախով միայն լեցուն, փոխան սիրոյ…։
ծովսեր +1
Բարեւագիր
Տղա՛յ, նամակդ ստացայ։ — Ամէն բանէ յուսախաբ
Ես քիչ մը դեռ կը հաւտամ սիրոյ ուժին, բարիքին…
Յորձանքին մէջ, որ նետեց հոգիս, մարմինս ափէ ափ,
Այդ խարիսխին կը դիմեմ ու կը կապուիմ սրտագին…։
Ես քիչ մը դեռ կը հաւտամ սիրոյ ուժին, բարիքին…
Յորձանքին մէջ, որ նետեց հոգիս, մարմինս ափէ ափ,
Այդ խարիսխին կը դիմեմ ու կը կապուիմ սրտագին…։
սերհույս +1
Ես կ՜սիրեմ
Ես կը սիրեմ տղոց դէմքերն, որոնց վրայ,
Որոնց դեռ նոր գետնէն բխած թարմութեան,
Պայծառութեան վրայ մերթ շուք մը կ՚իյնայ,
Երկրի խորհուրդն, երկնի երազն անսահման…։
Որոնց դեռ նոր գետնէն բխած թարմութեան,
Պայծառութեան վրայ մերթ շուք մը կ՚իյնայ,
Երկրի խորհուրդն, երկնի երազն անսահման…։
մանկությունհոգևոր +1
Ե.-ին
Քեզի չափ՝ ո՛չ մէկ էակ,
Պահ մը եղաւ գեղեցիկ,
Կամ ինձ համար էր մինակ,
Իմ աչքերուս հիացիկ,
Պահ մը եղաւ գեղեցիկ,
Կամ ինձ համար էր մինակ,
Իմ աչքերուս հիացիկ,
սերկարոտ +1
Երկու պերճ էակ
Երկու պերճ էակ՝ օհ, տարիներով
Իրարմէ հեռու, բայց իմ սրտիս մէջ
Մօտեցած հիմայ, եկած քովէ քով,
Մնացած միշտ թարմ, զիս կանչող անվերջ…
Իրարմէ հեռու, բայց իմ սրտիս մէջ
Մօտեցած հիմայ, եկած քովէ քով,
Մնացած միշտ թարմ, զիս կանչող անվերջ…
սերկարոտ +1
Ձիւնը
Օ՜հ, հանդիպո՜ւմըս քեզի, ձիւնին ներքև, այն գիշեր,
Թեթև ու լուռ՝ երկինքէն իջնող ձիւնին, հարսի պէս…
Տարի մ՚ամբողջ ես փախեր էի քեզմէ, քեզ սիրէր,
Ու միայն ձիւնը հիմայ զիս կը մղէր դէպի քեզ…
Թեթև ու լուռ՝ երկինքէն իջնող ձիւնին, հարսի պէս…
Տարի մ՚ամբողջ ես փախեր էի քեզմէ, քեզ սիրէր,
Ու միայն ձիւնը հիմայ զիս կը մղէր դէպի քեզ…
սերձմեռ +1
Երեկը...
«Երեկը չի կրնար վաղն ըլլար նորէն», ըսիր դուն,
Թերևս զղջմամբ մը պզտիկ, դուն որ երեկ խոլ սիրոյս
Ամբողջական ժայթքումին առջև տուեր էիր խոյս՝
Թոյն ընելով վայելած յոյսի հրճուանքըս անհուն։
Թերևս զղջմամբ մը պզտիկ, դուն որ երեկ խոլ սիրոյս
Ամբողջական ժայթքումին առջև տուեր էիր խոյս՝
Թոյն ընելով վայելած յոյսի հրճուանքըս անհուն։
սերժամանակ +1
Քեզ վերջապէս...
Քեզ վերջապէս այս գիշեր անցեալին մէջ կը թաղեմ,
Տարի մ՚առաջ այս ատեն այսպէս չէիր տակաւին:
Երբ քիչ առաջ դիպուածով յանկարծ եկանք դէմ առ դէմ՝
Կը սիրէի դեռ զքեզ, կը սիրէի սէրս հին…։
Տարի մ՚առաջ այս ատեն այսպէս չէիր տակաւին:
Երբ քիչ առաջ դիպուածով յանկարծ եկանք դէմ առ դէմ՝
Կը սիրէի դեռ զքեզ, կը սիրէի սէրս հին…։
սերափսոսանք +1
Անձկութեան հետ
Անձկութեան հետ ու ցաւին
Այնպէս ուժով այս գիշեր
Զարնըուեցայ վերստին՝
Ինչպէս չէի ալ յիշեր…
Այնպէս ուժով այս գիշեր
Զարնըուեցայ վերստին՝
Ինչպէս չէի ալ յիշեր…
վիշտտխուր +1
Չե՞ս կրնար...
Չե՞ս կրնար, քա՛ղցր անցեալ,
Թէ ուզեմ, հոգւոյս մէջ
Հին պարտէզն ինձ բանալ։
Ըլլալ դեռ ու անվերջ՝
Թէ ուզեմ, հոգւոյս մէջ
Հին պարտէզն ինձ բանալ։
Ըլլալ դեռ ու անվերջ՝
հիշողությունկարոտ +1
Կ՜ձիւնէ
Կը ձիւնէ հոգիս, կը ձիւնէ վրադ,
Կը ձիւնէ անվերջ սպիտակ, հատ-հատ՝
Օրնիբուն ինկող ամէն խօսքերէն
Եվ նայուածքներէն, խօսքերէն ամէն…
Կը ձիւնէ անվերջ սպիտակ, հատ-հատ՝
Օրնիբուն ինկող ամէն խօսքերէն
Եվ նայուածքներէն, խօսքերէն ամէն…
ձմեռսեր +1
Վերջին մրմունջք
Յիշատակներ գունդագունդ կը խուժեն վրաս այս գիշեր…
Ինչ որ եղաւ ու չեղաւ կ՚անցնի մտքիս առջևէն՝
Արևահար, սովահար տղոց նման լուսեղէն,
Որոնց ես մահը տեսայ ու կը լսեմ ճիչը դեռ…։
Ինչ որ եղաւ ու չեղաւ կ՚անցնի մտքիս առջևէն՝
Արևահար, սովահար տղոց նման լուսեղէն,
Որոնց ես մահը տեսայ ու կը լսեմ ճիչը դեռ…։
մահվիշտ +2
Ցաւի ծովը
Ցաւերուս մէջ միօրինակ ու մոլորիչ,
Ուրիշ ցաւեր, անթիւ ցաւերը շատերուն,
Իմիններուս ցաւերը բիւր, երբ կը յառնուն
Վիշապաձև, ինձ կը թըուի, թէ քիչ առ քիչ
Ուրիշ ցաւեր, անթիւ ցաւերը շատերուն,
Իմիններուս ցաւերը բիւր, երբ կը յառնուն
Վիշապաձև, ինձ կը թըուի, թէ քիչ առ քիչ
վիշտտխուր +1
L' ARME'NIE A' LA RUSSIE
Russie sainte vraiment,
Revant, recueillie, dans les steppes
Et luttant, furieuse, dans les villes;
Russie, que peinais dur sur les labours
Revant, recueillie, dans les steppes
Et luttant, furieuse, dans les villes;
Russie, que peinais dur sur les labours
ՀայաստանՌուսաստան +2
Հայաստանը-ռուսաստանին
Ճշմարտապէս սրբազա՛ն Ռուսաստան,
Դո՛ւ, որ, ինքնամփոփ, երազում էիր ստեպներիդ մէջ
Քաղաքներ կառուցել և կատաղի կռւում էիր ոսոխներիդ հետ,
Դո՛ւ, որ հերկերի մէջ դատում էիր տաժանքով՝
Դո՛ւ, որ, ինքնամփոփ, երազում էիր ստեպներիդ մէջ
Քաղաքներ կառուցել և կատաղի կռւում էիր ոսոխներիդ հետ,
Դո՛ւ, որ հերկերի մէջ դատում էիր տաժանքով՝
ՀայաստանՌուսաստան +2
Երեք թռչուն
Երեք թռչուն թող իր ճամբուն մէջ անոր
Ընկերանան շարունակ,
Թող մէկն ըլլայ դրախտահաւ մը աղուոր,
Ինչպէս որ ինքն է հիմակ։
Ընկերանան շարունակ,
Թող մէկն ըլլայ դրախտահաւ մը աղուոր,
Ինչպէս որ ինքն է հիմակ։
բնությունգեղեցկություն
Ինչպէ՞ս խորհիս
Ինչպէ՞ս խորհիս, սիրական,
Որ խորհուրդներս ամէն
Քեզ կը գգուեն, կը շնչեն,
Վրադ խենթի պէս կ՚իյնան,
Որ խորհուրդներս ամէն
Քեզ կը գգուեն, կը շնչեն,
Վրադ խենթի պէս կ՚իյնան,
սերկիրք
Չը սիրուելով...
Չսիրուելով սիրելէ
Յոգնած, յոգնած եմ հիմայ.
Գիտեմ, թէ ձեր գործը չէ,
Բայց պէտք է Իրը ըլլայ։
Յոգնած, յոգնած եմ հիմայ.
Գիտեմ, թէ ձեր գործը չէ,
Բայց պէտք է Իրը ըլլայ։
սերմենություն +1
Թէ պատահէր
Թէ պատահէր, որ նորէն՝ դուռս մեղմիւ զարնըուէր
Այս առաւօտ, քիչ յետոյ, վայրկեանէ մը, ահ, հիմայ…
Ու սրտատրոփ պատասխան տայի… և, ահ, անիկա՝
Արքեհասակ, վարանոտ, ներս գալով զիս բարևէր…։
Այս առաւօտ, քիչ յետոյ, վայրկեանէ մը, ահ, հիմայ…
Ու սրտատրոփ պատասխան տայի… և, ահ, անիկա՝
Արքեհասակ, վարանոտ, ներս գալով զիս բարևէր…։
սերկարոտ +1
Ձեռքի մը
Օ՜հ, այն գիշե՜ր, այն գիշե՜ր… Մութը ի՞նչ մեծ բարեկամ
Մ՚ինծի եղաւ ու ներեց համարձակիլ ու պնդել…
Ինչպէ՜ս այսքան ատեն վերջ դեռ իր բարիքը կը զգամ,
Զայն կը տեսնեմ՝ մեր վրայ նետուած զերդ քող մը անթել…։
Մ՚ինծի եղաւ ու ներեց համարձակիլ ու պնդել…
Ինչպէ՜ս այսքան ատեն վերջ դեռ իր բարիքը կը զգամ,
Զայն կը տեսնեմ՝ մեր վրայ նետուած զերդ քող մը անթել…։
սերկիրք +1
Լուսնի գիշեր
Լուսնի գիշեր մը կերգէր
Մարդն անծանօթ ու անտես…
Բաց դաշտին մէջ, տանըս մօտ,
Ձայնով մը տաք, յորդաբուխ,
Մարդն անծանօթ ու անտես…
Բաց դաշտին մէջ, տանըս մօտ,
Ձայնով մը տաք, յորդաբուխ,
գիշերսեր +1
«Տաղարան»-ից
Գ
Այս տաղերուն գաղտնիքը դուն, միայն դո՜ւն,
Իր խորութեամբն ու պարզութեամբը ծածուկ
Պիտի գիտնաս՝ երբ ուրիշներ օր մ՚երդնուն,
Այս տաղերուն գաղտնիքը դուն, միայն դո՜ւն,
Իր խորութեամբն ու պարզութեամբը ծածուկ
Պիտի գիտնաս՝ երբ ուրիշներ օր մ՚երդնուն,
սերպոեզիա +1
Վարպետին
Է՛ն տըխուր բանը կեանքին,
Տխուր՝ քանզի ծաղրելի,
Անցնիլը չէ, աւելի՝
Կենալն է իր տեղը հին։
Տխուր՝ քանզի ծաղրելի,
Անցնիլը չէ, աւելի՝
Կենալն է իր տեղը հին։
ժամանակփիլիսոփայություն +1
Երազ ու կեանք
Ես չգտայ կեանքին մէջ,
Իր էջերուն մէջ հազար՝
Ճաճանչաւոր ոչ մէկ էջ
Իմ երազիս հաւասար…
Իր էջերուն մէջ հազար՝
Ճաճանչաւոր ոչ մէկ էջ
Իմ երազիս հաւասար…
երազկյանք +1