Մարդ եւ երկինք
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Կը մտածեմ՝ աստղերուն, Ծիր-Կաթինին մէջ որքա՜ն
Աղի արցունք կան հարկաւ, ե՛ւ հառաչներ, ե՛ւ հեծքեր…
Կարելի չէ այլապէս, Մարդը Բնութեան է նման
Եվ տիեզերքն է անոր իր բնութիւնը տուեր…։
Դուրսէն՝ խաղաղ ու ժպտուն և զարդարուն շատ անգամ.
Ամէնէն խեղճն ու տգեղն իսկ բեղմնաւոր, գեղեցիկ
Իր մէկ կողմովը անյայտ. և է՛ն հզօրը անկամ.
Եվ է՛ն շքեղը՝ փտած ներսէն, որդէ մը պզտիկ։
Եվ յաւիտեա՜ն, այն օրէն, ուր խտացած աստղ ու ամպ,
Երկինք ու ծով միացած, ժայռ ու քամի գիրկընդխառն,
Երևցաւ Մարդը այստեղ՝ ան սկըսաւ քաղցր ու դառն
Ուղղել խոհեր, խնդրանքներ դէպի Երկինք, որ յուզմամբ
Թուեցաւ զինք մերթ լսել և զինք կոտրեց, ճզմեց մերթ,
Ըսել կարծես ուզելով՝ ունիմ ճիշտ քո քըմայքներդ։
Թեմաներ