Ձեռքի մը
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Օ՜հ, այն գիշե՜ր, այն գիշե՜ր… Մութը ի՞նչ մեծ բարեկամ
Մ՚ինծի եղաւ ու ներեց համարձակիլ ու պնդել…
Ինչպէ՜ս այսքան ատեն1 վերջ դեռ իր բարիքը կը զգամ,
Զայն կը տեսնեմ՝ մեր վրայ նետուած զերդ քող մը անթել…։
Դուն քովս էիր ու ծունկիդ վրայ թաղուած քու ձեռքիդ
Ձեռքըս դըպաւ, դիպուածո՜վ թէ ոչ կամաւ, չեմ գիտեր…
Չքաշեցիր դուն զայն ետ և յանկարծ լոյս մը վըճիտ
Հոգիիս մէջ բխեցաւ ու իր հետ տենչ մ՚անհամբեր…։
Ձեռքըս մնաց ձեռքիդ քով ու զայն գգուեց մեղմաբար,
Մատներէդ վեր սահեցաւ ու թաղուեցա՜ւ ափիդ մէջ
Եվ դաստակիդ սահմանին վրայ կեցա՜ւ անհամբեր…։
Կը մեծնար դողս տակաւ2 ու կը ցնցէր զիս անվերջ
Երբ համրօրէն, մութին մէջ, մօտեցուցի շրթունքիս
Ձեռքն, որ յետոյ փախչելով պիտի ճմլէր, ճզմէ՜ր զիս…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
- 2 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց