Լուսնի գիշեր
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Լուսնի գիշեր մը կերգէր
Մարդն անծանօթ ու անտես…
Բաց դաշտին մէջ, տանըս մօտ,
Ձայնով մը տաք, յորդաբուխ,
Խենթեցածի պէս, ազատ՝
Սիրոյ ցաւ մը ան կ՚երգէր
Հեռանալով քայլ առ քայլ…
Գիշերն հանդարտ էր ու լուռ,
Զոր մարդն այդպէս կը յուզէր…
Ես, սենեակիս մէջ մութ
Պատուհանիս առջև բաց
Կը լեցուէի քիչ առ քիչ
Վայրի ցաւովը խորունկ
Այդ վայրի երգն երգողին
Ու կ՚ըսէի մտովին.
— «Իրեն այս բաց դաշտն է պէտք,
Որպէսզի սէրն իր գոռայ
Եվ սփոփուի, թեթևնայ…
Մինչ ես իմ ցաւըս խորունկ
Գոց տեղերու մէջ հազիւ
Մրմնջաձայն եմ երգած
Ու թեթևցած չեմ բընաւ…»
Ու կ՚երթար մարդն երգելով,
Ու երանի, երանի՜
Ես կուտայի այժմ իրեն՝
Որ դաշտը բաց ու լուսինն
Ու հեռաւոր աստղերն ալ
Բռնած վկայ իր սէրին…։