Ողբերգութիւնը կեանքին....
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ողբերգութիւնը կեանքին, զոր ամէն մարդ կը խաղայ
Իրեն համար մէկ անգամ. զոր չեն տեսներ ուրիշներ,
Կը տեսնեն՝ չեն հասկընար, որ մութ բեմի մը վրայ
Կ՚անցնի անձայն մեծ չափով, որ միմիայն մէկ պատկեր՝
Վերջինն ունի լուսաւոր, պոռոտ1 լոյսովը մահուան՝
Շուտ մը մարող, մոռցըուող… ողբերգութի՛ւնն այդ պզտիկ
Մեզի համար ալ արդէն կը մօտենայ իր լուծման,
Որմէ յետոյ ա՛լ կրնանք երթալ պառկիլ յանդարտիկ…
Ո՛վ դուն, սակայն, իմ հոգի՛ս, ո՛վ դուն, երթաս պիտի ո՞ւր,
Երբ ես ըլլամ հողին տակ։ Կա՞ս, թէ չկաս դուն, հոգիս,
Չե՞ս դուն միայն գարշ մարմնոյն մէկ ծածկանունը մաքուր…
Իսկ պատահի, որ եթէ մահէս յետոյ դուն անցնիս
Տեղ մը, հեռուն, մշուշի և կամ լոյսի մէջ պայծառ,
Հոգիս, անոր հոգիէն խորունկ համբոյր մը դուն առ…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Պոռոտ — պոռոտախօս, բացբերան
Թեմաներ