Սափփով կ՜երգէ
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ո՛վ իմ Տենչանքս, եղար տակաւ1 երգերուս
Ներշնչաբանը միակ,
Ձայնս անվարժ, ինչպէս քնարս ալ թևերուս
Դուն խեղդեցիր ձեռքիդ տակ։
Ո՛հ, գիտեմ թէ՝ եղար երբեմն յուշարար
Նուագներու ներդաշնակ,
Բայց բանտեցիր զիս պատերու մէջ խաւար
Ու լքեցիր զիս մենակ…։
Ինչպէս զոհը իր դահիճին առօրեայ՝
Ա՛լ վարժուած եմ քեզի,
Ու կը վազեմ իմ արիւնիս հետքին վրայ՝
Ինչպէս ցուլ մը կրկէսի…։
Ջանքըս հիմայ՝ ա՛լ փախչիլ չէ քու ձեռքէդ,
Այլ շատ յաճախ ու երկար
Քեզի բանալ հոգիիս գիրկն ախտաժետ
Ու գտնել բաց գիրկ մը հար։
Օդակառոյց դղեակներու յաջորդել
Տուր խրճիթ մը, անուշ
Ըլլայ սիրել, ուր հիւսուէր կեանքս ոսկեթել՝
Պարկայէ մը փաղաքուշ…։
Ով իմ Տենչանքս, երբեմըն գէթ մարմին տուր
Երազներուս պատկերին,
Եվ ալ ներէ, որ կոխելով առաթուր2
Կասկածներուս վրայ յետին,
Ամօթահար երկիւղներուն ու տանջող
Խղճի խայթին՝ համբարեմ
Երիտասարդ ներկային հունձքը յաջող
Ծերութեան մեծ Սովին դէմ…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
- 2 Առաթուր — ոտքի տակ, ոտքի կոխան
Թեմաներ