Բեգաս
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Օր մը յանկարծ զիս առիր գաւակիդ վրայ ու տարիր,
Քանի մը քայլ, հազիւ հազ…։ Մինչ սահելով ինկայ վար՝
Մնաց տղու սրտիս մէջ, այդ արշաւէն ցաւագար,
Տենչը, իրօք, սուրալու քեզ հետ դաշտաց մէջ անծիր…։
Եվ թէև միշտ աւելի վարանումով ու խոհեմ՝
Ես մերթ ընդ մերթ մօտեցայ քեզի նորէն, ցատկեցի
Վրադ մեղմիւ, և ամէն անգամ տուիր դուն ինծի
Քեզմէ տարուած ըլլալու հրճուանքն ու դողը վսեմ…։
Եղան, եղան իսկ օրեր — պատրանք, ցնորք էր գուցէ —
Ուր հաւտացի զիս քեզ Տէր կամ նոյնացած քեզի հետ,
Այնքան քու վազքդ ու իմ հևքս ունէին ճիշտ չափը նոյն…։
Այսպէս անցանք միասին ոլորտներէ լուսաւետ,
Առած լեռներ ու ծովեր մեր ոտքին տակ, ո՛վ Բեգաս,
Մինչ կը խեղդէ զիս աւազն, և դուն հիմայ ա՛լ չկաս…։
Թեմաներ