Բարեւագիր
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Տղա՛յ, նամակդ ստացայ։ — Ամէն բանէ յուսախաբ
Ես քիչ մը դեռ կը հաւտամ սիրոյ ուժին, բարիքին…
Յորձանքին մէջ, որ նետեց հոգիս, մարմինս ափէ ափ,
Այդ խարիսխին կը դիմեմ ու կը կապուիմ սրտագին…։
Սակայն տալէ յետոյ շատ — թէ ո՜րքան շատ՝ ես գիտեմ —
Եվ ընդունայն — օհ, միայն իմ յանցանքովըս յաճախ —
Եթէ կ՚առնեմ քիչ մը արդ՝ պիտի չըլլամ անխոհեմ,
Ոլորտներու մէջ հեռու պիտի չընեմ երկար ճախր…։
Ո՛չ, բաւական է հիմայ, որ ինձ ղրկես ծովերէն
Ասդին բարևը սրտիդ ու քեզ ոգեմ ես այստեղ՝
Ամբողջ փափագը սրտիս լրիւ լցուած է արդէն…
Ինչպէս ծագող արևին փայլը և բոցը շքեղ
Լուռ ստուերներ կը շարժէ փլատակաց գետնին վրայ՝
Քու սիրոյ գիրըդ այնպէս կենդանութիւն ինձ կուտայ…։