Շոճին
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ցաւըդ հինէն կը սկսի, լիբանանեան ո՛վ շոճի,
Գետնէն հազիւ բարձրացած՝ կորսնցուցեր ես ահա
Առաջին ճիւղդ, որուն դեռ հետքը վրադ կ՚երևայ,
Չորցած, ցցուած դէպի վեր՝ հետքը կտրած բազուկի։
Յետոյ քանի՜ քանիներ, յաջորդաբար, անոր պէս,
Մինչև որ բունդ ալ մեծցած նկատելով բաւական՝
Թոյլ են տուեր, որ վերի ոստերդ աճին, հաստընան,
Եվ վարսերով լուսաւոր շքաւորեն անոնք քեզ։
Եվ անոնց վրայ ալ որքա՜ն սղոցումի հետքեր նոր՝
Վաղամեռիկ քու թոռներ-թոռնուհիներըդ բոլոր,
Որոնց եղեր ես այսպէս դուն մահարձանը ինքնին։
Բայց երբեք չես ներշնչուեր, ո՛վ լեռնային կանաչ ծառ,
Այդքան զոհի յուշերով ոչ մէկ սուգի գաղափար.
Միշտ նոր ծիլեր կը ծընիս ու կ՚օրրիս մէջն երկնքին…։