Խօսակցութիւն
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Կեցի՛ր իմ քովըս այսպէս, այս քերթուածին վրայ հակած,
Զոր քեզ համար կը գրեմ.
Մտածումիս կը լուսնայ կարծես երկինքն ամպամած՝
Երբ քեզ ունիմ աչքիս դէմ…
Կեցի՛ր անշարժ ու անխօս ու չխօսիմ ես քեզի,
Բայց միայն ա՛յս տողերով.
Ինչպէս աղբիւր մը ահա քերթուածն հոսիլ կը սկսի.
Դուն ձեռքըդ դի՛ր ձեռքիս քով…։
Մտիկ կընեմ սրտիս մէջ շեշտը ձայնիդ բարեկամ,
Որ երգիս մէջ կը դողայ.
Մօտեցուր դէմքդ ալ դէմքիս և մազերուդ թո՛ղ զգամ
Փափուկ շոյանքն այտիս վրայ…։
Բայց նորաբուխ, իբր աղբիւր, որ կ՚որոնէ իր ճամբան՝
Քերթուածս իր դէմ կը գտնէ
Մարմինիդ ծառը ծաղկած… ու նուիրմամբ մ՚անսահման
Ան կը սպառի յուզումէ…։