Սէրը տասնվեց, երեսուն Եւ վաթսուն տարեկանին Աղբիւրը
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Աղբիւրը նոր է բխեր, ժայթքեր խորշէ մը անտես
Եվ արշալոյսն անոր մէջ, իր հեռուի լեռներով
Եվ ծառերով իր մօտի, կը ցոլանայ գաղտնապէս
Ու հովն հազիւ թէ զանի կը վետվետէ, անուշ հով։
Կ՚երթայ աղբիւրն ու կ՚ուզէ մամուռներն ու ծաղկանց
Ներքև պահուիլ աւելի, քան թէ շողալ արևուն,
Պզտիկ արևն, որ կ՚իյնայ երբեմն իր մէջ, կ՚ըլլայ գանձ,
Գանձ, զոր ծածկել կը փորձէ խիճի մը տակ սրսփուն…
Մէ՞կը արդեօք ճամբուն վրայ գլորեց բունծ1 մը հողի,
Թէ՞ լեռան մութ ծոցին մէջ, ուր կեանքն իրեն կը ծնի՝
Անցաւ պարիկ2 մը պզտիկ ու լուաց պորտն իր այնտեղ.
Աղբիւրը այժմ ինքնիրեն յանկարծակի կ՚ուռենայ,
Ալիք-ալիք կը դիզուի, կը բարձրանայ ինքն իր վրայ,
Եվ կը ցանկայ շուքին տեղ գրկել բարդին սա շքեղ։
Բ
Ծովը խաղաղ կը ծփայ… Ծովն առաւօտ-երեկոյ,
Ափունքն իրեն կ՚ողողէ ու կ՚երթայ ետ վերստին…
Ծովն իր գետերը ունի և իր ակերը ներգոյ3,
Որոնք անվերջ կը լընուն, ինչ որ կուտայ արևին…։
Անդունդներուն իր նման՝ իր հորիզոնն է անհուն,
Իր միշտ յղի հորիզոնն, ուր կը ծնին, կը մեծնան,
Ու դէպի ափ կը դիմեն նաւեր, որոնց կայմերուն
Վրայ՝ վերէն վար կը թրթռան դրօշակներ տօնական…
Երբեմն երկինքը անոր կը քստմնի ու սեփ-սև
Այդ բարձունքէն կապարներ կուգան ընել զինք ծակ-ծակ
Ու կայծակներ կը խրին իր մէջ նիզակ առ նիզակ…
Բայց փոթորկէն ետք նորէն կը շողայ լոյսն իր վերև.
Կը թափանցէ լոյսն իր մէջ. ու ծովը, ծովն անսահման
Ճաճանչներով բիւրաւոր կուտայ լոյսին պատասխան…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Բունծ — հողի կոշտ, գուղձ
- 2 Պարիկ — ոգի
- 3 Ներգոյ — խորքում գոյութիւն ունեցող