Անդրադարձում
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ձմեռն ահա, տունը՝ ցուրտ, ու ես մինակ անոր մէջ…
Ոտք չկոխեց հոն բնաւ, հրաւիրուած կամ ինքնեկ,
Ան որ պիտի փարատէր իմ նկուղի օդը գէջ,
Պիտի ընէր կամ ըլլար իմ վառարանն ատրաշէկ1…
Անցաւ ամառն ու աշնան ալ վերջին օրս էր երէկ…
Ունէի հոն սնարիս մօտը կանթեղ մը անշէջ,
Որուն ա՛լ իւղն է հատէր, ու ես յոգնած, յուսաբեկ,
Կը նախընտրեմ վերահաս մութը լոյսէն սնամէջ…
Բայց այս ցուրտին, խաւարին մէջտեղ ուրկէ՞ է հիմայ
Ուշ մնացած որոնումն անոր, որ օր մը գոնէ
Ներս չմտաւ իմ տունէս ու չուզեցի, որ մտնէ…։
Կանթեղին յուսկ պլպլուքն ինծի յանկարծ ցոյց կուտայ
Ձեղունն2 ի վար, պատին դէմ, օրօրտըկուող համրօրէն,
Ստուեր էակ մ՚որուն լուռ ձևերը զիս կը կանչեն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատրաշէկ — հրաշէկ
- 2 Ձեղուն — առաստաղ
Թեմաներ