Անցնել բովանդակությանը

Խեղճ մարդը

«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու

Ա Խեղճ մարդ մըն էր անիկա, որ չէր կրնար և ոչ իսկ Իր խեղճութիւնը պատմել, գիտնալով, թէ իր վրայ Պիտի խնդան շատ շատեր՝ ինչ որ վտանգ մ՚է պզտիկ, Եվ թէ ոչ ոք — ցաւն այս է — պիտի իր ցաւն հասկընայ… Խեղճ մարդ մըն էր, որ սակայն կը զգար ինքզինք շատ հարուստ, Բայց կ՚ըմբռնէր նոյն ատեն1, թէ անսահման իր գանձով Կրնար ոչինչ ստանալ, թէ ան ծովուն ներքև բուստ2, Ծառին մէջ խունկ էր միայն, ինքն էր այդ ծառըն ու ծով… Անոնց, որոնց ընծայել ուզեց ամբողջ իր հոգին Հին, հին ատեն, չկրցաւ մինչև անգամ մատնանիշ Ընել իր սէրը անհուն և սպասեց անձկագին…։ Այնպէս որ, երբ զինք կանչեն օր մ՚աշխարհէ մը ուրիշ, Ու մօտենայ մահն իրեն, պիտի կրնայ դժուարաւ Տանիլ խեղճ մարդն, որ երբեք սիրտը պարպել չկրցաւ…։ Բ Խեղճ մարդն անգամ մը միայն, և այդ ծովու մը եզերք, Յուսաց, խենթի պէս յուսաց, և յոյսը պահ մ՚իր վըրայ, Խտացած յոյսը իրեն, տեղաց իբրև մանանայ, Եղաւ ծունկին քովը ծունկ, եղաւ ձեռքին ներքև ձեռք… Օհ, ա՛յն կապոյտը ջուրին, անոր ծփանքն, աւազին Հիւլէացած նուիրումն իրենց ոտքին, մարմնոյն տակ, Ու հրաւէրն երկնքին մէջ ամպերուն սպիտակ, Ու իրենց մօտ՝ պահապան ժայռերուն սեպ հովանին… Խեղճ մարդն, ելած ինքզինքէն, թափեց իր գանձը անհուն՝ Նախ վախնալով, դողալով, միայն քիչ-քիչ, ամէն օր, Ամբողջովին օր մըն ալ՝ լուռ նայուածքին տակ անոր… Բայց սիրելին՝ վարժուած մակընթացմանը ծովուն, Այս յորդումէն խրտչեցաւ ու քաշուեցաւ յանկարծ ետ, Եվ ծովը, ծո՜վն ամէն բան առաւ-տարաւ իրեն հետ…։ Գ Խեղճ մարդն անկէ ի վեր միշտ — եղաւ տարի մը հիմայ — Կ՚անդրադառնայ այդ դէպքին. կը զգայ ինքզինք մերթ դատարկ Եվ մերթ նոյնքան դեռ լեցուն. երբեմն խիստ կը վախնայ Յիշատակեն. կը խմէ երբեմն անոր հիւթը բարկ… Երկար օրեր՝ կը մոռնայ…։ Տեսնելով հին սիրելին՝ Կ՚ըսէ՝ այս էր ու կ՚երթայ՝ խաղաղութիւնն իր գտած, Սուրբի մը պէս, զոր տարրերն հաւաքաբար փորձեցին Եղան նախ լոյս ու շնորհ ու յետոյ բոց ու հարուած… Եվ կ՚օրօրուի ներկային ալիքներուն անձնատուր. Թողած մեռելն իր ետին…։ Սակայն որքան գիշերներ Մեռելն իր դէմ կը ցատկէ ու մինչդեռ ինք անհամբեր, Կ՚երկարէ ձեռքն անոր, ան, ժպտալով մը տխուր Կ՚անհետանայ վերստին, ու կը խորհի ինք՝ խեղճ մարդ, Թէ իրեն պէտք է այլևս ըլլալ մահուան չափ հանդարտ…։

Ծանոթագրություններ

  1. 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
  2. 2 Բուստ — մարջան

Ստեղծագործության մասին

Ժանր Բանաստեղծություն
Գրության թվական
Ժողովածու Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին
Տողերի թիվ 45