Անցնել բովանդակությանը

«Տաղարան»-ից

«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու

Գ Այս տաղերուն գաղտնիքը դուն, միայն դո՜ւն, Իր խորութեամբն ու պարզութեամբը ծածուկ Պիտի գիտնաս՝ երբ ուրիշներ օր մ՚երդնուն, Թէ անոնց տէրն եղաւ արքայ կամ պապուկ, Եղաւ պաշտողն ասոր, անոր, ոչ մէկուն… Միմիայն դուն պիտի գիտնաս և ըսես Պիտի մեղմիւ հոգիիդ մէջ՝ թէ որքա՜ն Նուրբ է մոխիրն ու կ՚ընէ հուրը անտես Հրդեհներուն, որ սրտիս մէջ այրեցան Ու տաղերուն մէջ այս կ՚այրին յաւիտեան… Միմիայն դուն պիտի, դուն՝ սի՛րտ բարեկամ, Ճանչնաս այրողն ու չըխղճա՜ս իր վըրայ. Պիտի գիտնաս հրճուանքն ու փառքը անգամ, Զոր քու գորովդ իրեն ըզգալ արդ կուտայ Եվ թէ այս հևքն ի՜նչ գոռումի է վըկայ… Է Պիտի չգա՜յ այսօր այլևս, բայց կը սպասեմ… Կ՚ըսեմ՝ կրնա՜յ… կ՚ըսեմ գիտէ՜, թէ ես ինչպէ՛ս Զինք կը յուսամ, և ինք որ է անձրևի պէս Բարի՝ կրնա՜յ յանկարծ տեղալ նայուածքիս դէմ… Երբ կ՚երևայ՝ ամէն անգամ նորի նըման Կը տեսնեմ զինք, ցնցուելով ամէն անգամ Ինծի եղած այս շնորհքէն՝ որուն կը զգամ Միշտ բընութիւնն անօրինակ ու դիւթական… Ու մեկնումին վերջ կը գտնեմ թէև լեցուն Զիս նորոգուած սրտով ու նոր-նոր յուշերով՝ Բայց կը պակսի՜ ինծի երկինքն իր աչքերուն… Չեկա՜ւ սակայն… և զերդ անքուն, անապահով Մարդը կ՚ուզէ քովն ունենալ ճրագ մը փոքր՝ Ես կը գրեմ, ես կը վառե՜մ քերթուածն այս նոր… ԺԵ Ի՜նչ փոյթ, թէ ուշ, եկա՛ր սակայն վերջապէս, Ինձմէ սիրուած ու զիս սիրող սիրական. Ի՛նչ փոյթ, թէ հին մարդը չըլլամ հիմայ ես՝ Երբ այնքան նոր յոյզեր քեզմէ ինձ կուգան… Բարի եկար, հազա՜ր բարի՝ կեանքիս մէջ, Հեղեղի պէս անապատին վրայ երկար, Խեղդեցիր մէջս ամէն տրտունջ ու կեղերջ, Դադրեցուցիր սրտիս վատնումը երկար… Եկար անշուշտ քու ուզածի՜դ պէս, հոգի՛ս. Եկո՛ւր այդպէս, միայն եկո՛ւր և տե՛ս զիս Ոչ իմ դէմքիս, այլ քու աչքիդ շողիւնով… Ո՞ւրկէ եկար, պիտի երթաս յետոյ ո՞ւր. Ի՜նչ փոյթ, ի՜նչ փոյթ, դուն ինծի թոյլ միայն տո՛ւր Մընա՜լ այսպէս, մինչև սառիլս, հուրիդ քով… Ծ Ա՛հ, լացուցի՜ ես քեզ երէկ, բայց չե՜մ զղջար… Ուզեցի՝ ե՛ս սիրտս պարպել, բայց չկրցայ, Սի՛րտըս՝ խոցուած քեզմէ, հեծող քեզի համար, Զոր տեսնելով տապալեցար կուրծքիս վրայ… Արցունքներուդ մէջ քշուեցան ու իջան վար Թանձրութիւններ, մթութիւններ քուլա-քուլա… Հեղեղին տակ քանդըուեցան պատեր խաւար… Ամէն բան ջինջ, ամէն բան պարզ է ա՛լ հիմայ… Ա՜հ, թող երբեք չբարձրանան անոնք նորէն՝ Մեր սրտերուն մեջտեղ սիրող, թող կարենան Խոհերս միշտ շուրջդ դառնալ երջանկօրէն… Եվ իմ վրաս լա՛ց այն ատեն1 նորէն միայն՝ Երբ սիրտս ըլլայ տրոփելէ ընդմիշտ դադրած… Քեզմով լեցուն իր կոտրելո՜ւն համար դուն լա՛ց…

Ծանոթագրություններ

  1. 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով

Ստեղծագործության մասին

Ժանր Բանաստեղծություն
Գրության թվական
Ժողովածու Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին
Տողերի թիվ 61