Ե.-ին
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Քեզի չափ՝ ո՛չ մէկ էակ,
Պահ մը եղաւ գեղեցիկ,
Կամ ինձ համար էր մինակ,
Իմ աչքերուս հիացիկ,
Որ դուն այդպէս երևցար…
Աւելի լաւ, կ՚ըսէի
Եթէ այդ լոյսը պայծառ
Միայն իմ վրաս կը ծագի.
Բայց հիմայ, որ ես լեռան
Մէկ կողմըն եմ, դուն միւս կողմ,
Եվ երկուքս ալ մեր վրան
Կը զգանք իր բեռն անողորմ՝
Կը փնտրեմ շուրջըս մերթ
Մէկն, որ ինձի պէս հեռուանց
Քու ջինջ մարմինդ ու աչքերդ
Ըլլար հոգւովն իր ծածկած,
Մէկն, որ պաշտած ըլլար քեզ
Եվ միասին ես ու ինք,
Մեր մեծ սիրոյն հրակէզ,
Մոխրակոյտը խառնէինք…։