Սթափում
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Այնպէ՜ս անուշ է յուսալ՝ չյուսալով միասին
Ու սթափումը յետոյ, այնպէ՜ս դառն է ու տխուր…
Կ՚ըսես թերևս կրնայ անոր բարի, ջինջ հոգին
Դէմդ բացուիլ, ընծայուիլ քու ծարաւիդ իբրև ջուր։
Եվ ա՛հ, յանկարծ կը գիտնաս՝ այդ յոյսի մէկ ճաճանչէն
Աստղերու պէս բորբոքած, հաւատայրած քու պահուդ՝
Թէ ո՛չ բնաւ, ո՛չ երբեք, յաւիտեան ո՛չ, ո՛չ արդէն…
Ու կ՚իյնաս վար՝ հոգիիդ մէջ աւելի հիմայ մութ…
Յուսա՜լ… Ի՜նչպէս յուսացիր՝ կը հարցընես ինքզինքիդ
Եվ հրճուանքներդ երեկի կընես աղբիւր հեծութեան,
Կը ծեծես սիրտդ, որ եղաւ այնքան անմիտ, միամիտ…
Մեռնիլ, մեռնիլ կուզես ա՛լ… Եվ թո՛ղ մարդիկ չգիտնան
Կ՚ըսես՝ պատճառը մահուանդ ու միայն ան գիտնայ թող՝
Թէ եղաւ մէկը այստեղ քաղցրութենէն իր մեռնող…։