Պատասխան տղու մը
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Դուն խենթ հոգի՛, խենթ տղայ՛, ո՞վ խենթեցուց քեզ, ի՞նչպէս…
Երեկ խելոք ու խաղաղ առուակն էիր գիւղակին,
Ո՞վ այդ հեղեղը պղտոր յանկարծակի խառնեց քեզ,
Առուակը գետ մը ըրաւ և ջրվէժնե՜ր ահագին։
Թումբերդ ամէն կը քանդես, ափունքդ ամբողջ կ՚ողողես,
Մինչ ջուրերուդ մէջ փրփրոտ, որ հողին գոյնը ունին,
Ու գոյնն հալած աչքերու, կը նշմարեմ ահա ես
Նաւաբեկեալ քու սէրերդ ու հաւատքներդ, յոյսերդ հին…
Կը հանդարտի՜ս, բայց դուն ալ կամ կը յորդի՛ս առաւել.
Քու հին հունիդ մէջ նորէն կը պարփակէ քեզ Աստուած,
Եվ կամ հեղեղդ կ՚երթայ դաշտերուն մէջ կորսուած…
Իսկ այն հոգին, զոր վազքիդ մէջ կը դառնայ ողջունել,
Խելոքցածի իմ հոգիս, որին հոգիդ կը բանաս՝
Քու քաոսից քիչ մը լոյս կը մաղթէ միշտ, ո՛վ տղաս…։