Կ՜ըսեմ մերթ ալ ինքզինքիս
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Կ՚ըսեմ մերթ ալ ինքզինքիս. «Բաւական է, բաւական,
Ինչո՞ւ միայն դարձդարձել ժամանակին մէջ անցեալ,
Ու չթռիլ անկէ դուրս. չէ՞ որ քուկդ է ե՛ւ ներկան,
Եվ ապագան ու կրնաս անոնցմով ալ արբենալ…
Ուրուականի տեղ կրնաս բռնել, գրկել առարկան,
Որ ձեռքիդ տակ է հիմայ, և արշաւել ու սուրալ
Անհունութեան մէջ վաղուան, որ է նոյնքան իրական,
Որքան երեկը գոնէ և աւելի հիւրընկալ»։
Կ՚ըսեմ երբեմն ինքզինքիս, ու պատասխան կ՚առնեմ մերթ,
— «Խաղաղութի՛ւն ճամբորդին, որ կուգայ խոնջ ու խոցուած,
Անապատի ճամբայէն, ուր զինք լքած էր Աստուած…
Անապատի մէջ սակայն ան կը գտնէր իւրակերտ
Այնքան շքեղ պալատներ ու պարտէզներ ու լիճեր,
Որ բաժնըուիլ անոնցմէ ա՛լ չի կրնար ու չուզէր…»։
Թեմաներ