Ձիւնը
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Օ՜հ, հանդիպո՜ւմըս քեզի, ձիւնին ներքև, այն գիշեր,
Թեթև ու լուռ՝ երկինքէն իջնող ձիւնին, հարսի պէս…
Տարի մ՚ամբողջ ես փախեր էի քեզմէ, քեզ սիրէր,
Ու միայն ձիւնը հիմայ զիս կը մղէր դէպի քեզ…
Որքա՜ն գորով, զմայլանք, արգահատանք ու տենչանք
Քեզի համար տակաւի՜ն1 հոգիիս մէջ ունէի.
Որքա՜ն հրճուանք խաբուսիկ և իրական տառապանք՝
Արթնութեան մէջ ու քընի քեզմէ եկած էր ինծի…
Եվ հիմայ դո՛ւն էիր, դո՜ւն, որ ձիւնին տակ, ինծի հետ
Կը խօսէիր շունչ շունչի, ու կուտայիր ինձ վաղուան
Յոյսը գարուն երկնքին, պարտէզներուն ծաղկաւէտ…։
— Եվ դողալով գացի տուն…։ Բայց իրոք դո՞ւն էիր ան.
Ձայնդ ու խոստո՜ւմըդ ինչպէ՜ս զքեզ տարբեր կ՚ընէին.
Ստուգութեան մէջ ի՜նչպէս կ՚որոնէի յոյսս հին…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց