Ջուրերուն տակ
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ջուրերուն տակ, ջուրերուն տակ, ջուրերուն տակ
Օվկիանին՝ կապոյտ, կանաչ ու սև յետոյ,
Կ՚ըսեն կ՚ապրի կոյս մը սպիտակ, մանկահասակ,
Սիրտը վախով միայն լեցուն, փոխան սիրոյ…։
Վախը անգոյն վիշապներուն, որոնք կ՚անցնին
Իր վրայէն, քովէն՝ առանց զինք տեսնելու.
Վախը վերէն ինկած, սուզուած շոգենաւին
Եվ անոր մէջ բանտարկըուած հոգւոյն տղու…։
Գերին է ինքն ալ անտառի մը կենդանի,
Ու անոր հետ, կը ծփայ միշտ, կը տատանի
Ահեղավազ, ստորօվկեայ հոսանքներէն…
Հազար միլիառ1 տակառաչափ ջուրի ներքև
Ու սոսկումին մէջը սակայն սիրտն է թեթև
Այդ աղջըկան, քան սիրտն անոնց, որ կը սիրեն…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Միլիառ — միլիարդ
Թեմաներ