Քեզ վերջապէս...
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Քեզ վերջապէս այս գիշեր անցեալին մէջ կը թաղեմ,
Տարի մ՚առաջ այս ատեն1 այսպէս չէիր տակաւին2:
Երբ քիչ առաջ դիպուածով յանկարծ եկանք դէմ առ դէմ՝
Կը սիրէի դեռ զքեզ, կը սիրէի սէրս հին…։
Բայց յուզուեցանք երկուստեք ու կարծես դուն՝ աւելի,
Եվ այդ վայրկեանը հիմայ զիս կը թողու երազուն…
Անցեալին մէջ սիրողն ալ, յուզուողն ալ միշտ ես էի,
Կրնա՞յ ըլլալ, որ հիմայ զայն յիշելով ցաւիս դուն…
Որչափ փոխուած ես սակայն։ Հիմայ ոչինչ ալ քեզմէ
Վեր ցատկելու համար միշտ, հոգիիս խորը կ՚իջնէ,
Ոչ քաղցրութիւնը դէմքիդ, ոչ ձայնդ թաւ ու վճիտ…
Քեզ տեսնելով թաղեցի վերջապէս սէրս այս գիշեր…
Բայց կ՚ուզէի, որ ինծի դուն կամ թէ մէկը ըսէր՝
Թէ հին արևը սիրոյս լուսաւորեց քու հոգիդ…։
Ծանոթագրություններ
- 1 Ատեն, ատենոք — ժամանակ, ժամանակով
- 2 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց
Թեմաներ