Խոնարհութիւն
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Եկած է օրն, ուր կ՚ըսեմ ահա մարդոց. — ես ան չեմ,
Զոր կը կարծէք. ես տկար, շատ տկար մարդ մըն եմ լոկ,
Վստահ ոչ մէկ խորհուրդի, լի կասկածով — մտահոգ՝
Շարժումներուս ճշտութեան, գացող մութին մէջ դժխեմ…։
Յետոյ կ՚ըսեմ դեռ անոնց. — զիս ոչ մէկ տենչ բաւական
Տաքցուց, որպէսզի անով ես տարածուիմ, ըլլամ ուժ.
Իմ մառանիս մէջ չունիմ ոչ մէկ կարաս, ոչ մէկ կուժ՝
Լեցուն գինւով հրավառ՝ ուրկէ մարդիկ արբենան…
Եվ ի վերջոյ. — ե՞ս խելոք. ոչ, խենթութեան անկարող՝
Իմաստո՞ւն. ոչ, զի երբեք չկրցաւ միտքս յաղթել
Բնազդներուս, որ ըրին զիս ինձի փոս մը անել…
Եվ երբ այսպէս թեթևնամ ծանրութենէն զիս ընկճող՝
Պիտի դառնամ Աստուծոյ և պիտի փառք տամ իրեն,
Որ չընելով զիս ուզածս՝ ըրաւ եղածըս նորէն…