Երազ ու կեանք
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ես չգտայ կեանքին մէջ,
Իր էջերուն մէջ հազար՝
Ճաճանչաւոր ոչ մէկ էջ
Իմ երազիս հաւասար…
Ես չկրցայ երազէս
Ապրիլ ոչ իսկ տող մ՚երբեք.
Խաւարին մէջ կ՚երթամ ես
Այս մտածմամբ սրտաբեկ…
Երազն ինչպէ՞ս կը ծնի,
Այնքան աղուոր, լուսաւոր,
Կեանքի մութէն դժպըհի…
Բայց չէ՞ արդեօք կեանքն անոր՝
Երազին ծնունդն անկատար,
Զայն չգտնող, խնդրո՜ղ հար…։
Թեմաներ