Մարդ, դո՛ւ
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Ցորեն պէտք է ուտես քանի՞ հազար գրիւ1,
Որ հասուննաս, գերեզմանին ըլլաս կեր,
Պէտք է մղես ո՞րքան դաժան, բուռն կռիւ,
Որ հողը հուսկ2 հանգստացնէ սիրտըդ ծեր…։
Ոսկի, արծաթ պէտք է խլես դուն ո՞րքան
Քու նմանէդ, զայն ճզմելով անդադար,
Որպէսզի օր մը կարենաս ձեռնունայն,
Երթալ պառկիլ է՛ն աղքատին հաւասար…։
Եվ վերջապէս, Մա՛րդ դու, ո՞րքան պէտք է դեռ
Զքեզ այրէ տենչանք ու սէր ու նախանձ,
Մինչև որ հուրքդ անցընեն3 բիւր որդեր։
Մերթ ալ ո՞րքան, կիրքով մը մեծ ու անանց,
Պէտք է քաղես դուն գիտութիւն աշխարհէս,
Ու միայն զայն հետդ տանի՜ս ու թաղե՜ս…
Ծանոթագրություններ
- 1 Գրիւ — չափ ընդեղէնի, հատիկի
- 2 Հուսկ — ի վերջոյ, ամենավերջը
- 3 Անցընել — յանգցնել, մարել
Թեմաներ