Վարպետին
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Է՛ն տըխուր բանը կեանքին,
Տխուր՝ քանզի ծաղրելի,
Անցնիլը չէ, աւելի՝
Կենալն է իր տեղը հին։
Մտքով կենալն է այնտեղ
Ուր կոխեցինք ատենով,
Կառչիլ լաստի մ՚ապահով,
Կախուած փակէ մը ուժեղ։
Շուրջդ կ՚անցնի ամէն բան,
Նորութիւններ կը յառնեն՝
Ամէն վայրկեան՝ գետինէն
Ու երկինքէն կը տեղան…
Թիթեռնիկներ ոսկեթև
Գաղափարի, ճաշակի,
Կը վազեն վրադ շեշտակի
Կուգան ետև առ ետև…
Ջերմիկ շունչեր օդին մէջ
Ու ճաճանչներ երկրի վրայ՝
Կը վատնուին անխնայ,
Կը փայփայեն քեզ անվերջ…
Եվ դուն կ՚ըսես, թէ մտքիդ
Ու արուեստիդ երբեմնի՝
Որ արդ թոշնած կը մեռնի,
Ծաղի՜կն է լոկ ճշմարիտ…
Եվ կը խորհի՛ս, թէ այդպէս
Ժամանակի ժանգին դէմ
Դուն՝ խելացի ու խոհեմ՝
Ինքզինքդ անեղծ կը պահե՜ս…
…Է՛ն տխուր բանը կեանքին,
Տըխուր՝ քանզի ծաղրելի,
Անցնիլը չէ, աւելի՝
Կենալն է իր տեղը հին…
Թեմաներ