Թէ պատահէր
«Սէրը տասնվեց, երեսուն եւ վաթսուն տարեկանին» ժողովածու
Թէ պատահէր, որ նորէն՝ դուռս մեղմիւ զարնըուէր
Այս առաւօտ, քիչ յետոյ, վայրկեանէ մը, ահ, հիմայ…
Ու սրտատրոփ պատասխան տայի… և, ահ, անիկա՝
Արքեհասակ, վարանոտ, ներս գալով զիս բարևէր…։
Ի՞նչպէս յանկարծ վեր թըռած՝ պիտի ձեռքէն բռնէի
Եվ պահ մը լուռ կենայի պիտի՝ դէմքին նայելով.
Նայուածքիս մէջ այնքան սէր, այնքան ըղձանք ու գորով՝
Որ դանդաչէր պիտի ան, իբր հեղեղէ մը լոյսի…
— Կը սպասէի քեզ, եկուր, եկուր, եկուր, քովս եկուր…
Դուն գիտէիր, այնպէս չէ՞, որ անցեալ օր, խենթի պէս,
Երկարօրէն, քաղցրօրէն՝ մեկնումէդ վերջ լացի ես…
Թող որ ըզքեզ համբուրեմ, ճակտիս՝ ճակատըդ մաքուր,
Աչքիս վրայ աչքդ ու կուրծքիս դէմ մեղմիւ կուրծքդ բռնած
Եվ այդչափ՝ երազեմ քեզ նորէն լուռ, երկիւղած…։