Սեր
Սեր
Ժողովածու
Վահան Թեքեյանի «Սեր» բաժնի բանաստեղծությունները։
55 բանաստեղծություն
մոտ 110 րոպե
93.5K դիտում
Բանաստեղծությունների ցանկ
1 Հայ ազգին 2 Ընթերցողին 3 Երեք կոչերը 4 Խառնուրդ 5 Տկարութիւն 6 Հուր ստեղծիչ 7 Խաւարում
Բեթհովենի սոնատի վրայ
8 Հրաժեշտ 9 Բացակայութիւն 10 Վերադարձ 11 Դուն հեռաւոր մանկութիւն 12 Զաւակս 13 Ես այս գիշեր 14 Մէկ հատիկըս 15 Ապագան 16 Գիրքեր 17 Աղօթք վաղուան Սեմին առջեւ 18 Ծիծաղ 19 Նեղոս 20 «Հոգիս» 21 Երբ կ՛խորհիմ 22 Գաղափարաց գետինը 23 Երազին ծնունդը 24 Մուսէոն աթէնքի 25 Բաց ծովուն մեջ 26 Քառասնամեակ 27 Նոր սենեակ 28 Անկարելին 29 Պոլիս 30 Աղօթք հիւանդ Տդու մը համար 31 Հաշուեհարդար 32 Երեկ գիշեր 33 Այս երազը 34 Անոնք 35 Ոչ ոք 36 Մենութիւն 37 Ատենոք 38 Յիմարի պէս 39 Հաճոյք 40 Եգիպտուհի 41 Իմ գիւղս 42 Ծառի ծաղիկներ 43 Յիսնամեակ 44 Ջուրերուն վրայ ստուերներ 45 Թիթեռնիկ 46 Ծովափ 47 Շուարում 48 Պարող դերվիշները 49 Մանկութեան իղձ մը 50 Ի՞նչ կընես, քերթող 51 Տաղ գիտնոց 52 Մոռնալ 53 Տաղ արեւին 54 Տաղ առ ուրախութիւն 55 ԿայմերՀայ ազգին
(Ձ ո ն)
Գիտնալով, լա՛ւ գիտնալով, որ պէտք չունիս դուն անոր՝
Ահա նորէն ես իմ անձս հոս էջերով քեզ տուի…
Ներողութի՛ւն նուէրին համար անպէտ, անշնորհ.
Գիտնալով, լա՛ւ գիտնալով, որ պէտք չունիս դուն անոր՝
Ահա նորէն ես իմ անձս հոս էջերով քեզ տուի…
Ներողութի՛ւն նուէրին համար անպէտ, անշնորհ.
հայրենասիրականվիշտ +1
Ընթերցողին
Հոգիս իմս է և որքան թուիմ յանձնել զայն այստեղ
Անցորդներուն անծանօթ, իւրաքանչիւր էջի վրայ,
Հոգիս ի՛մս է և ոչ ոք պիտի ամբողջ զայն ճանչնայ
Իր լոյսերովը պայծառ, իր մթութեամբը ահեղ։
Անցորդներուն անծանօթ, իւրաքանչիւր էջի վրայ,
Հոգիս ի՛մս է և ոչ ոք պիտի ամբողջ զայն ճանչնայ
Իր լոյսերովը պայծառ, իր մթութեամբը ահեղ։
պոեզիաստեղծագործություն +1
Երեք կոչերը
Առտուն կանուխ՝ ո՞վ է որ
Դուռըս այսպէս կը զարնէ…
Դո՞ւն, սպիտակ ու աղուոր
Երա՛զ… կուգա՛մ, ըսպասէ՛,
Դուռըս այսպէս կը զարնէ…
Դո՞ւն, սպիտակ ու աղուոր
Երա՛զ… կուգա՛մ, ըսպասէ՛,
երազմահ +1
Խառնուրդ
Չեմ ըմբռներ, թէ ի՛նչպէս ոմանք կ՚ապրին երջանիկ
Թշուառութեանց մէջ այսչափ. կ՚ապրին անփոյթ՝ խորհուրդին
Դէմ այս խորունկ. չարութեանց, տխմարութեանց այս մօտիկ՝
Կ՚ապրին խաղաղ, իբրև թէ լոկ հայելի մ՚ըլլային…։
Թշուառութեանց մէջ այսչափ. կ՚ապրին անփոյթ՝ խորհուրդին
Դէմ այս խորունկ. չարութեանց, տխմարութեանց այս մօտիկ՝
Կ՚ապրին խաղաղ, իբրև թէ լոկ հայելի մ՚ըլլային…։
փիլիսոփայությունկյանք +2
Տկարութիւն
Դո՛ւն, գթասիրտ ու գթացուած տկարութիւն,
Քեզ զօրութեան վերածելու համար որքա՜ն
Պէտք է արցունք թափել տայ մարդը մարդերուն
Եվ իր աչքէն որքա՜ն արցունք պէտք չէ իյնան։
Քեզ զօրութեան վերածելու համար որքա՜ն
Պէտք է արցունք թափել տայ մարդը մարդերուն
Եվ իր աչքէն որքա՜ն արցունք պէտք չէ իյնան։
փիլիսոփայությունխոհ +1
Հուր ստեղծիչ
Անուն չունի, հունտն ինչի է, չեմ գիտեր,
Բայց կը շարժի, բայց կ՚աշխատի մութին մէջ.
Հողն անոր շուրջ կը զգայ հպարտ սարսուռներ.
Ինկե՜ր է սաղմն իր մէջ կեանքի մը անվերջ։
Բայց կը շարժի, բայց կ՚աշխատի մութին մէջ.
Հողն անոր շուրջ կը զգայ հպարտ սարսուռներ.
Ինկե՜ր է սաղմն իր մէջ կեանքի մը անվերջ։
ստեղծագործությունպոեզիա +1
Խաւարում
Կ՚անդրադառնամ. խարազանն հիմայ կ՚իյնայ ձեռքէս վար,
Մինչդեռ առաջ՝ շաչելով օդին մէջ ծակ կը բանար,
Ուր կ՚երթային կորսըուիլ մարդերն, իրերն այն ամէն,
Որ սիրտս իրենց չարութեամբ, տգեղութեամբ կը ճնշեն։
Մինչդեռ առաջ՝ շաչելով օդին մէջ ծակ կը բանար,
Ուր կ՚երթային կորսըուիլ մարդերն, իրերն այն ամէն,
Որ սիրտս իրենց չարութեամբ, տգեղութեամբ կը ճնշեն։
խոհպայքար +1
Բեթհովենի սոնատի վրայ
Հրաժեշտ
Մնա՜ս բարով…։ Բայց դեռ ոչ. պիտի ըսեմ քիչ յետոյ
Մնաս բարով, ու միջոցն ահագնամեծ հաստատուի,
Բացուի՜ պիտի մեր միջև և սկսուի պիտի, օ՜հ,
Նոր ժամանակ մը հոսիլ՝ ամայութեան, կորուստի՜…։
Մնաս բարով, ու միջոցն ահագնամեծ հաստատուի,
Բացուի՜ պիտի մեր միջև և սկսուի պիտի, օ՜հ,
Նոր ժամանակ մը հոսիլ՝ ամայութեան, կորուստի՜…։
ժամանակհիշողություն +1
Բացակայութիւն
Անապատին վրայ գիշեր…։ Կ՚ըլլայ գիշերն առաւօտ.
Կրկներևոյթ մը շքեղ կը կախուի հոն՝ օդին մէջ։
Յետոյ յանկարծ կ՚անհետի… և իրիկունը մսկոտ
Կ՚իջնէ նորէն, կը դողան նորէն աստղերը անշէջ։
Կրկներևոյթ մը շքեղ կը կախուի հոն՝ օդին մէջ։
Յետոյ յանկարծ կ՚անհետի… և իրիկունը մսկոտ
Կ՚իջնէ նորէն, կը դողան նորէն աստղերը անշէջ։
մենությունկարոտ +1
Վերադարձ
Օ՜հ, զանգակնե՜ր, զանգակնե՜ր…։ Ու ծաղիկնե՜ր, ծաղիկնե՜ր…
Երկինք կապոյտ է այնքա՛ն, երկինք ա՛յնքան է թեթև,
Որ զայն գրկած եմ կարծես, մինչ ճամբան ալ՝ գետնէն վեր
Ելած կարծես՝ կը բռնէ զիս աշխարհի ի վերև։
Երկինք կապոյտ է այնքա՛ն, երկինք ա՛յնքան է թեթև,
Որ զայն գրկած եմ կարծես, մինչ ճամբան ալ՝ գետնէն վեր
Ելած կարծես՝ կը բռնէ զիս աշխարհի ի վերև։
հայրենիքգարուն +1
Դուն հեռաւոր մանկութիւն
Ահ, եթէ դուն չճանչնաս՝ ալ ո՞վ կրնայ ճանչնալ զիս,
Դո՛ւն, հեռաւոր մանկութիւն՝ որմէ եկայ համրաբար
Եվ որ հիմայ անցեալին վրայ պառկած կ՚երևիս՝
Երազափայլ ու գացած կարծես աշխարհ մը օտար։
Դո՛ւն, հեռաւոր մանկութիւն՝ որմէ եկայ համրաբար
Եվ որ հիմայ անցեալին վրայ պառկած կ՚երևիս՝
Երազափայլ ու գացած կարծես աշխարհ մը օտար։
մանկությունհիշողություն +1
Զաւակս
Բայց դուն, անհուն զաւկի սէր, ինչպէ՞ս իմ մէջըս ինկար,
Անապատին մէջ ինկած ազնիւ հունտի մը նման,
Որ կռծեցաւ ծլելուն սպասելով ընդ երկար,
Իր յոյզն իզուր ուղղելով երկրի յոյզին միութեան։
Անապատին մէջ ինկած ազնիւ հունտի մը նման,
Որ կռծեցաւ ծլելուն սպասելով ընդ երկար,
Իր յոյզն իզուր ուղղելով երկրի յոյզին միութեան։
հայրությունսեր +2
Ես այս գիշեր
Ես այս գիշեր կը ծախեմ յիշատակներըս ամէն…
Կէս գիշերի լուսնին տակ կ՚ուզե՞ս որ մենք սակարկենք.
Ինչպէ՞ս, չունի՞ս դուն ինձի բան մը տալիք փոխարէն.
Բայց միայն շուքըդ, տղա՛ս, հասակիդ շուքը աննենգ…
Կէս գիշերի լուսնին տակ կ՚ուզե՞ս որ մենք սակարկենք.
Ինչպէ՞ս, չունի՞ս դուն ինձի բան մը տալիք փոխարէն.
Բայց միայն շուքըդ, տղա՛ս, հասակիդ շուքը աննենգ…
հիշողությունգիշեր +1
Մէկ հատիկըս
Իմ մէկ հատի՛կըս հիմայ, որ կը դիտես զիս վհատ,
Հայելիին ջրհորէն,
Քեզի նման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վրադ
Երկարօրէն, ծանրօրէն…։
Հայելիին ջրհորէն,
Քեզի նման ու քեզմով կը նայիմ ես ալ վրադ
Երկարօրէն, ծանրօրէն…։
մահվիշտ +1
Ապագան
Ապագա՛ն ահա կը ժպտի՜ նորէն՝
Ծեծ կերած, լացող տղու մը նման,
Որ կը նշմարէ փողոցին խորէն
Կապիկ մ՚ու իր տէրն՝ որ կը մօտենան։
Ծեծ կերած, լացող տղու մը նման,
Որ կը նշմարէ փողոցին խորէն
Կապիկ մ՚ու իր տէրն՝ որ կը մօտենան։
ժամանակհույս +1
Գիրքեր
Գիրքերու մէջ կան ի՜նչ վեհ զգացումներ, խորհուրդներ…
Ինչ որ ունի լաւագոյն՝
Մարդը խլեր է իրմէ, ծալեր, ի պահ է դրեր
Կողքերու տակ գոյնըզգոյն։
Ինչ որ ունի լաւագոյն՝
Մարդը խլեր է իրմէ, ծալեր, ի պահ է դրեր
Կողքերու տակ գոյնըզգոյն։
փիլիսոփայությունմարդ +1
Աղօթք վաղուան Սեմին առջեւ
Դաշտերուն մէջ, դիտեցէ՛ք, նոր-նոր ծիլեր կը հառնեն,
Որոնք փո՞ւշ են, թէ ցորեն՝ դեռ չեմ գիտեր. չե՜մ գիտեր.
Թերևս փո՛ւշ են անոնց ստամոքսին, որ, կուշտե՛ր,
Նաշիհը չեն տար այլոց, մինչ նոթիին՝ են ցորեն։
Որոնք փո՞ւշ են, թէ ցորեն՝ դեռ չեմ գիտեր. չե՜մ գիտեր.
Թերևս փո՛ւշ են անոնց ստամոքսին, որ, կուշտե՛ր,
Նաշիհը չեն տար այլոց, մինչ նոթիին՝ են ցորեն։
աղոթքաստված +3
Ծիծաղ
Խնդալ պէտք է, լոկ խնդալ — տղաս խորհուրդ կուտայ ինձ —
Մարդոց վրայ, որ ատոր են միմիայն արժանի.
Ուրիշ ամէն բան ժանգ է հոգւոյն համար, որ պղինձ՝
Ծիծաղին խիստ շփումով կը մաքրուի, կը փայլի։
Մարդոց վրայ, որ ատոր են միմիայն արժանի.
Ուրիշ ամէն բան ժանգ է հոգւոյն համար, որ պղինձ՝
Ծիծաղին խիստ շփումով կը մաքրուի, կը փայլի։
երգիծանքփիլիսոփայություն +1
Նեղոս
Նեղո՛ս սրբազան, ո՜վ ծիրանաւոր,
Վետ ի վետ մինչև ոտքերըդ իջնող
Վառ պատմուճանով, զոր եկան բոլոր
Իշխանք համբուրել, շարժել դող ի դող։
Վետ ի վետ մինչև ոտքերըդ իջնող
Վառ պատմուճանով, զոր եկան բոլոր
Իշխանք համբուրել, շարժել դող ի դող։
ՆեղոսԵգիպտոս +3
«Հոգիս»
Կ՚երթաս ճամփէ մը, որուն վերջը ծանօթ է քեզի,
Հասակիդ չափ ու լայնքիդ փոս մը, որուն կը լընուն
Իսկոյն բացուածքն ու զքեզ առանց օդի և լոյսի
Կը ձըգեն հոն առանձին, կեր և ընկեր որդերուն։
Հասակիդ չափ ու լայնքիդ փոս մը, որուն կը լընուն
Իսկոյն բացուածքն ու զքեզ առանց օդի և լոյսի
Կը ձըգեն հոն առանձին, կեր և ընկեր որդերուն։
մահհոգևոր +1
Երբ կ՛խորհիմ
Երբ կը խորհիմ, թէ ականջներս օր մը պիտի չլըսեն ա՛լ.
Ա՛լ չշարժին, ա՛լ չբռնեն պիտի մատներս. բազկերակի
Սա կապոյտ թելս՝ օր մը չըլլայ պիտի այսպէս առաձգեալ,
Լեցուն, տրոփուն, այլ փսորած որդի մը պէս պիտի թափի,
Ա՛լ չշարժին, ա՛լ չբռնեն պիտի մատներս. բազկերակի
Սա կապոյտ թելս՝ օր մը չըլլայ պիտի այսպէս առաձգեալ,
Լեցուն, տրոփուն, այլ փսորած որդի մը պէս պիտի թափի,
մահփիլիսոփայություն +1
Գաղափարաց գետինը
Ինչպէս նաւու մը վրայ փոթորիկի միջոցին՝
Ես ոտքս ամուր կը կոխեմ, բայց կը սահիմ, կը նետուիմ
Մէկ կողմէն միւսը, աւա՜ղ, գաղափարաց գետինին
Եվ կը խորհիմ, թէ կեանքին վերև ան շա՜տ է ճղճիմ։
Ես ոտքս ամուր կը կոխեմ, բայց կը սահիմ, կը նետուիմ
Մէկ կողմէն միւսը, աւա՜ղ, գաղափարաց գետինին
Եվ կը խորհիմ, թէ կեանքին վերև ան շա՜տ է ճղճիմ։
փիլիսոփայությունխոհ +1
Երազին ծնունդը
Երեկ գիշեր ես տեսայ, ես տեսա՜յ քունն իմ վրաս…
Անկողնիս շուրջ կը հածէր, կուզէր մարմինս ու հոգիս,
Թևերն անվերջ կը շարժէր և միջոցէն մաս առ մաս
Ամէն սնունդ վանելով՝ կ՚ուզէր հիւծել, մարե՜լ զիս։
Անկողնիս շուրջ կը հածէր, կուզէր մարմինս ու հոգիս,
Թևերն անվերջ կը շարժէր և միջոցէն մաս առ մաս
Ամէն սնունդ վանելով՝ կ՚ուզէր հիւծել, մարե՜լ զիս։
երազկիրք
Մուսէոն աթէնքի
Քարեր միայն, քարե՜ր անթիւ, իբրև սիւն,
Իբրև արձան, կեանք ստացած սուրբ քարեր։
Հողը զանոնք նորէն իր ծոցն էր առեր,
Անոնք հողէն առին նորէ՛ն յարութիւն։
Իբրև արձան, կեանք ստացած սուրբ քարեր։
Հողը զանոնք նորէն իր ծոցն էր առեր,
Անոնք հողէն առին նորէ՛ն յարութիւն։
Աթենքարվեստ +1
Բաց ծովուն մեջ
Ես պզտիկ ու մեծ շատ մը սէրերու
— Արշիպեղագո՜ս — նաւելով մէջէն,
Առանց ոչ մէկուն քով խարըսխելու
— Ի՜նչ խենթ, խե՜նթ էի — հասած եմ բաց ծով…
— Արշիպեղագո՜ս — նաւելով մէջէն,
Առանց ոչ մէկուն քով խարըսխելու
— Ի՜նչ խենթ, խե՜նթ էի — հասած եմ բաց ծով…
սերմենություն +1
Քառասնամեակ
Ա
Քառասունին՝ կ՚ըսենք ա՛լ. — Կը հեռանաս մենէ, կեա՛նք.
Զգալապէս՝ երեկէն աւելի մութ է այսօր.
Մինչև երեկ լեռն ի վեր ելած էինք, արդ կ՚իջնանք,
Քառասունին՝ կ՚ըսենք ա՛լ. — Կը հեռանաս մենէ, կեա՛նք.
Զգալապէս՝ երեկէն աւելի մութ է այսօր.
Մինչև երեկ լեռն ի վեր ելած էինք, արդ կ՚իջնանք,
ժամանակկյանք +2
Նոր սենեակ
Իմ նոր սենեա՛կըս ահա՝ չորսի վրայ հինգ կանգուն.
Իր տեսարանը ի՜նչ փոյթ, կարասիները ի՜նչ փոյթ,
Այս միջոցին մէջ ամէն առտու, ամէն իրիկուն
Պատմութիւններ ինձ պատմէ պիտի իմ մատըս ճկոյթ։
Իր տեսարանը ի՜նչ փոյթ, կարասիները ի՜նչ փոյթ,
Այս միջոցին մէջ ամէն առտու, ամէն իրիկուն
Պատմութիւններ ինձ պատմէ պիտի իմ մատըս ճկոյթ։
երազհոգևոր +1
Անկարելին
Կ՚ուզեմ մէկը — ուզելու վարժութիւնն իսկ կորուսէր,
Կարծես մոռցե՜ր եմ հիմայ —
Որ փոյթ չէ, թէ ինձ համար չզգայ ոչ տենչ ու ոչ սէր՝
Բայց որ իմ սէրըս գիտնայ…։
Կարծես մոռցե՜ր եմ հիմայ —
Որ փոյթ չէ, թէ ինձ համար չզգայ ոչ տենչ ու ոչ սէր՝
Բայց որ իմ սէրըս գիտնայ…։
սերկարոտ +1
Պոլիս
Անգամ մըն ալ դուն սևցա՜ր աչքիս առջև, հին պատկե՛ր
Բլուրներու մէջտեղէն անցնող ծովուն դարձդարձիկ,
Որուն կապոյտը կ՚առնէ մերթ զմրուխտի երանգներ
Ու կ՚օրրէ մերթ սպիտակ ամպը իր մէջ ցոլացիկ։
Բլուրներու մէջտեղէն անցնող ծովուն դարձդարձիկ,
Որուն կապոյտը կ՚առնէ մերթ զմրուխտի երանգներ
Ու կ՚օրրէ մերթ սպիտակ ամպը իր մէջ ցոլացիկ։
Պոլիսկարոտ +2
Աղօթք հիւանդ Տդու մը համար
Հիւանդ, հիւա՜նդ է տղաս… Այս մըտածումն, ամէն հեղ,
Զիս կը նետէ երկընքի դէմ զայրոյթով մը ուժգին,
Մինչ երկվայրկեան մը յետոյ՝ իմ անկումիս մէջ ահեղ
Ես կը մնամ շնչասպառ, սեղմած իմ վէրքը վէրքին։
Զիս կը նետէ երկընքի դէմ զայրոյթով մը ուժգին,
Մինչ երկվայրկեան մը յետոյ՝ իմ անկումիս մէջ ահեղ
Ես կը մնամ շնչասպառ, սեղմած իմ վէրքը վէրքին։
աղոթքորդի +2
Հաշուեհարդար
Հաշուեհարդար. ի՞նչ մնաց, կեանքէն ինձի ի՞նչ մնաց.
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…։
Ինչ որ տուի ուրիշին, տարօրինա՜կ, ա՛յն միայն.
Խանդաղատանք մը ծածուկ, օրհնութիւններ անիմաց,
Երբեմն հատնումը սրտիս ու մերթ արցունք մը անձայն…։
կյանքխոհ +1
Երեկ գիշեր
Երեկ գիշեր — չեմ գիտէր երե՞կ էր ան, թէ երազ —
Սիրոյ մօտէն ես անցայ, եղայ ա՛յնքան մօտ, ա՛յնքան՝
Որ, ա՛հ, դըպա՜յ իսկ անոր ու ան փախաւ հազիւ հազ
Եվ դեռ մատներըս կարծես գլխու պտոյտ կ՚ունենան…։
Սիրոյ մօտէն ես անցայ, եղայ ա՛յնքան մօտ, ա՛յնքան՝
Որ, ա՛հ, դըպա՜յ իսկ անոր ու ան փախաւ հազիւ հազ
Եվ դեռ մատներըս կարծես գլխու պտոյտ կ՚ունենան…։
սերերջանկություն +1
Այս երազը
Պիտի քալե՜մ յաւիտեան այս երազին յետևէն,
Ո՛ւր որ ըլլամ, ո՛ր աստղին կամ ո՛ր ամպին ալ ներքև,
Սիրտըս ուրախ, թէ տըխուր, քայլերըս ծանր կամ թեթև,
Շուրջըս ամպրոպը գոռայ, թէ զեփիւռները թևէն…։
Ո՛ւր որ ըլլամ, ո՛ր աստղին կամ ո՛ր ամպին ալ ներքև,
Սիրտըս ուրախ, թէ տըխուր, քայլերըս ծանր կամ թեթև,
Շուրջըս ամպրոպը գոռայ, թէ զեփիւռները թևէն…։
երազկարոտ +1
Անոնք
Մէկո՛ւն հոգին տեսայ ես
Ու սիրեցի՝ ձևերէն
Ու քայլերէն՝ որ կ՚ելլեն,
Կարծես միշտ վե՜ր աշխարհէս…։
Ու սիրեցի՝ ձևերէն
Ու քայլերէն՝ որ կ՚ելլեն,
Կարծես միշտ վե՜ր աշխարհէս…։
սերկիրք +1
Ոչ ոք
Ոչ ո՞ք նորէն այս գիշեր,
Ոչ ո՞ք որ զիս լսէր գեթ,
Որ քիչ մը զիս գուշակէր,
Որ, ո՛վ գիշեր, հմայքէդ
Ոչ ո՞ք որ զիս լսէր գեթ,
Որ քիչ մը զիս գուշակէր,
Որ, ո՛վ գիշեր, հմայքէդ
մենությունկարոտ +1
Մենութիւն
Ո՛չ մէկ բարեկամ… Ու սիրտս ա՛յնչափ բան
Ունի ըսելիք՝ ծանըր ու թեթև,
Այնչափ բան, որոնք բերնի վրայ կուգան
Երբ լսող մը կայ, ներո՜ղ մը նաև։
Ունի ըսելիք՝ ծանըր ու թեթև,
Այնչափ բան, որոնք բերնի վրայ կուգան
Երբ լսող մը կայ, ներո՜ղ մը նաև։
մենությունտխուր +1
Ատենոք
Ատենոք հունտ մը յոյսի՝ հոգիիս մէջ կը բանար
Ուրախութեան ծառ մը մեծ…։ Լուսածաղիկ, լուսավառ
Աչք մը՝ սուզուած աչքիս մէջ, ձեռք մը ձեռքիս մէջ թողուած,
Կը վազցընէր հևիհև սանձակոտոր սիրտս յանկարծ։
Ուրախութեան ծառ մը մեծ…։ Լուսածաղիկ, լուսավառ
Աչք մը՝ սուզուած աչքիս մէջ, ձեռք մը ձեռքիս մէջ թողուած,
Կը վազցընէր հևիհև սանձակոտոր սիրտս յանկարծ։
սերհիշողություն +1
Յիմարի պէս
Ահաւասիկ, որ կը խորհիմ յիմարի՜ պէս,
Մեղսակցութեամբն այս գիշերին կախարդական,
Թէ դուն կրնաս, թէ դուն թերե՜ւս պիտի ուզես
Ինձի իջնել՝ ինչպէս հորին մէջ լուսընկան։
Մեղսակցութեամբն այս գիշերին կախարդական,
Թէ դուն կրնաս, թէ դուն թերե՜ւս պիտի ուզես
Ինձի իջնել՝ ինչպէս հորին մէջ լուսընկան։
սերերազ +1
Հաճոյք
Խեղճ պզտիկ հաճո՛յք, ահա վերջացար,
Եվ ուզեցի ե՛ս, որ շուտ վերջանաս…
Երա՛զս էր զքեզ հեշտիւ, համրաբար,
Հազուագիւտ խորտի՛կ խորել՝ մաս առ մաս…
Եվ ուզեցի ե՛ս, որ շուտ վերջանաս…
Երա՛զս էր զքեզ հեշտիւ, համրաբար,
Հազուագիւտ խորտի՛կ խորել՝ մաս առ մաս…
կիրքերջանկություն +1
Եգիպտուհի
Իմ թուխ հրեշտա՛կըս աղուոր, իմ սպիտակ, լուսափայլ
Հրեշտակներէս վերջ այնքան… զերթ ջահ մը սև հասպիսէ
Դուն կը շողաս և լոյսիդ մէջ կը մնամ հոգեզմայլ՝
Գիշերագնաց զերթ ճամբորդ, որ շուրջն յանկարծ կը տեսնէ…
Հրեշտակներէս վերջ այնքան… զերթ ջահ մը սև հասպիսէ
Դուն կը շողաս և լոյսիդ մէջ կը մնամ հոգեզմայլ՝
Գիշերագնաց զերթ ճամբորդ, որ շուրջն յանկարծ կը տեսնէ…
Եգիպտոսսեր +2
Իմ գիւղս
Իմ գիւղըս, մի՜շտ, իր լայն ու լոյս երկինքով,
Իր արտերուն յղութիւնովը հանդարտ,
Մանկութիւնովն աղբիւրներուն իր թոթով
Եվ լեռներուն լրջութիւնովը զուարթ,
Իր արտերուն յղութիւնովը հանդարտ,
Մանկութիւնովն աղբիւրներուն իր թոթով
Եվ լեռներուն լրջութիւնովը զուարթ,
կարոտհայրենիք +1
Ծառի ծաղիկներ
Ծառի փափուկ ծաղիկնե՛ր, ես աւելի փափկօրէն
Սիրած եմ ձեզ, սկսեալ մանկութեանս հին օրերէն,
Քան ձեր քոյրերը գետնի՝ ածուներու մէջ ծաղկող,
Թաղարներու մէջ բացուած, շարուած կարգով, տող առ տող,
Սիրած եմ ձեզ, սկսեալ մանկութեանս հին օրերէն,
Քան ձեր քոյրերը գետնի՝ ածուներու մէջ ծաղկող,
Թաղարներու մէջ բացուած, շարուած կարգով, տող առ տող,
ծաղիկսեր +1
Յիսնամեակ
Կը մօտենայ յիսունն ալ, հսկայաքայլ՝ առջևէն
Ձգած իր շուքը տգեղ, ծաղրանկա՛րը անոր,
Զոր իմ յոյսիս և յուշիս պատերը դեռ կը պահեն
Բանտարկըուած իրենց մէջ, ծնած, չիշխա՜ծ թագաւոր…։
Ձգած իր շուքը տգեղ, ծաղրանկա՛րը անոր,
Զոր իմ յոյսիս և յուշիս պատերը դեռ կը պահեն
Բանտարկըուած իրենց մէջ, ծնած, չիշխա՜ծ թագաւոր…։
ժամանակմահ +1
Ջուրերուն վրայ ստուերներ
Ջուրերուն վրայ ստուերներ դանդաղօրէն կը հառնեն,
Մեկնումէն ետք արևին, ջուրերուն մութ յատակէն…։
Հեռուն՝ ծովերն ու լիճերն ու հոս՝ գետերը բոլոր,
Պարտէզներու մէջ փորուած աւազաններն իսկ կլոր
Մեկնումէն ետք արևին, ջուրերուն մութ յատակէն…։
Հեռուն՝ ծովերն ու լիճերն ու հոս՝ գետերը բոլոր,
Պարտէզներու մէջ փորուած աւազաններն իսկ կլոր
բնությունկարոտ +1
Թիթեռնիկ
Քերթուած մըն ալ, ճիշդ հիմայ,
Թիթեռնիկի մը նման,
Պիտի ծակէ ու դուրս գայ
Առագաստէն զգացման…
Թիթեռնիկի մը նման,
Պիտի ծակէ ու դուրս գայ
Առագաստէն զգացման…
պոեզիաստեղծագործություն +1
Ծովափ
Սըլացիկ, մաքուր,
Մաքրութեամբ մ՚որ դուրս
Կը զեղու և ուր
Կը մխայ զմուռս՝
Մաքրութեամբ մ՚որ դուրս
Կը զեղու և ուր
Կը մխայ զմուռս՝
ծովգեղեցկություն
Շուարում
Ա
Աստուա՛ծ իմ, եթէ կարելի չէր որ
Ամէնքն ըլլային սափոր օրհնըուած՝
Լեցուն բարութեան գինիով հզոր,
Աստուա՛ծ իմ, եթէ կարելի չէր որ
Ամէնքն ըլլային սափոր օրհնըուած՝
Լեցուն բարութեան գինիով հզոր,
հոգևորաստված +1
Պարող դերվիշները
Վանդակորմին առջև հոն, կիսաբոլոր, քովէ քով,
Գլանաձև թաղիքէ գլխանոցներ մեղրագոյն
Եվ մութ կապոյտ կրկնոցներ, — անշարժ, գետին նայելով,
Շարուած են լուռ դերվիշներն, անդրեշարքի մը հանգոյն:
Գլանաձև թաղիքէ գլխանոցներ մեղրագոյն
Եվ մութ կապոյտ կրկնոցներ, — անշարժ, գետին նայելով,
Շարուած են լուռ դերվիշներն, անդրեշարքի մը հանգոյն:
հոգևորաստված +1
Մանկութեան իղձ մը
Ինչպէ՞ս այս իղձն էր ծներ, — կ՚ուզէի սուրբ ըլլալ ես,
Բայց ճշմարիտ, իրական, սրբոց շարքին մէջ դասուած.
Սուրբի կեանքով մը ապրած, նահատակուած սուրբի պէս,
Սուրբ մը՝ գացող ու տեսնող արքայութեան մէջ Աստուած։
Բայց ճշմարիտ, իրական, սրբոց շարքին մէջ դասուած.
Սուրբի կեանքով մը ապրած, նահատակուած սուրբի պէս,
Սուրբ մը՝ գացող ու տեսնող արքայութեան մէջ Աստուած։
մանկությունհոգևոր +1
Ի՞նչ կընես, քերթող
Ի՞նչ կընես, քերթո՛ղ, Հոգիին համար,
Ջերմութիւն ու լոյս, որ վերէն իջած՝
Հոգիիդ կրակ ու ճաճանչ կ՚ըլլար…
Որքա՜ն արգելքներ դուն անոր դիմաց,
Ջերմութիւն ու լոյս, որ վերէն իջած՝
Հոգիիդ կրակ ու ճաճանչ կ՚ըլլար…
Որքա՜ն արգելքներ դուն անոր դիմաց,
պոեզիաստեղծագործություն +1
Տաղ գիտնոց
Ո՛վ քիմիկոս, ո՛վ ֆիզիկոս, թոյլ տուէք,
Որ ձեզ պըվէտ մը ողջունէ յուզումով
Եվ իր ճակտէն, զոր կը բռնէ բարձր ու սէգ,
Կազմէ փառքին ձեր պատուանդանն ապահով…
Որ ձեզ պըվէտ մը ողջունէ յուզումով
Եվ իր ճակտէն, զոր կը բռնէ բարձր ու սէգ,
Կազմէ փառքին ձեր պատուանդանն ապահով…
իմաստությունձմեռ +2
Մոռնալ
Մոռնա՜լ, մոռնա՜լ… Մէկը միւսին յետևէն՝
Մոռնալ բոլոր ճամբաներն,
Ուրկէ անցար և կամ չանցար… ու մոռնա՜լ
Եղածը հոն, չեղածն ալ…
Մոռնալ բոլոր ճամբաներն,
Ուրկէ անցար և կամ չանցար… ու մոռնա՜լ
Եղածը հոն, չեղածն ալ…
մահփիլիսոփայություն +1
Տաղ արեւին
Քեզ գիշերին մէջէն կ՚ոգեմ, մեծ Արե՛ւ,
Որ ամէն բան կ՚ընես ինքզինքը քեզմով,
Որ Աստուծոյ դէմքն ես կարծես մեր վերև՝
Անոր նման մենէ հեռու և մեր քով…
Որ ամէն բան կ՚ընես ինքզինքը քեզմով,
Որ Աստուծոյ դէմքն ես կարծես մեր վերև՝
Անոր նման մենէ հեռու և մեր քով…
արևլույս +1
Տաղ առ ուրախութիւն
Ինչպէս ծոցէն գիշերուան մը խոր խաւար, կուպր ու ձիւթ,
Որ կը պատէ դաշտն անծայր, մարդը գացող այդ դաշտին
Վրայ մինակ, մոլորած՝ կը յիշէ յոյսն ահագին,
Այնպէս զքեզ կը յիշեմ, ուրախութի՜ւն անստգիւտ…
Որ կը պատէ դաշտն անծայր, մարդը գացող այդ դաշտին
Վրայ մինակ, մոլորած՝ կը յիշէ յոյսն ահագին,
Այնպէս զքեզ կը յիշեմ, ուրախութի՜ւն անստգիւտ…
երջանկությունհույս +1
Կայմեր
Տուներուն վրայ կայմեր, կայմեր, կայմեր ահա…
Անառագաստ կը ճամփորդեն տուներն հիմայ՝
Երկար ու կարճ, կարճ ու միջին ալեաց վրայ,
Լոկ բարակուկ այդ կայմերով՝ տուներն հսկայ…
Անառագաստ կը ճամփորդեն տուներն հիմայ՝
Երկար ու կարճ, կարճ ու միջին ալեաց վրայ,
Լոկ բարակուկ այդ կայմերով՝ տուներն հսկայ…
քաղաքխոհ +1