Աղօթք վաղուան Սեմին առջեւ
«Սեր» ժողովածու
Դաշտերուն մէջ, դիտեցէ՛ք, նոր-նոր ծիլեր կը հառնեն,
Որոնք փո՞ւշ են, թէ ցորեն՝ դեռ չեմ գիտեր. չե՜մ գիտեր.
Թերևս փո՛ւշ են անոնց ստամոքսին, որ, կուշտե՛ր,
Նաշիհը1 չեն տար այլոց, մինչ նոթիին՝ են ցորեն։
Ժամանակին մէջ հնչող խուլ աղմուկներ կը լսուին՝
Հարուածներու, բախումի՛, փլուզումի ազդարար,
Ոտքի վրայ սկսած հոգեվարքի՛ մը երկար
Եվ գրոհի, որ հեռո՜ւն կը վարանի տակաւին2:
Ամենուրեք, ճնշըուած մեծ հոգիները բոլոր
Գազերու պէս կը պայթին… ճապաղիքները արեան՝
Գետնին երեսը չորցած, կարմիր բոցեր կը դառնան.
Զուր քրտինքները ամէն կ՚ըլլան հեղեղ մը պղտոր
Ու կը սարսեն, կը քշե՜ն ժայռեր, թումբեր դարաւոր…
***
Տէ՜ր, բարութի՛ւնըդ այսօր, իմաստութիւնըդ հիմա՛յ Պէտք է ղրկես աշխարհի՝ այս հիւլէին տանջակոծ. Թէև մոռցան անոնք քեզ, բայց յիմար հօտը մարդոց Մի միայն դուն կեցընել կըրնաս վիհին ճամբուն վրայ։ Մտքի պատրոյգը եթէ մարդերուն մէջ վառեցիր Ու կեանքն ըրիր անոր իւղ, — Տէ՛ր, մի՛ թողուր, որ յանկարծ Շրջեն կանթեղը անոնք. ըրէ միշտ լուսարծարծ Եվ փնտըրել տո՛ւր անով ճշմարտութի՛ւնըդ անծիր։ Կեանքին համար բովանդակ՝ կաթեցուր սէր սրտին մէջ Զորաւորին այսօրուան, զորաւորին ալ վաղուան, Սրտերն անոնց չխըցուին, այլ պարպըուի՜ն ու լենա՜ն Իրարո՛ւ մէջ, իրարմո՛վ՝ յաղորդութեամբ մը անվերջ։ Գթա՛ գոնէ տղայոց և ծերերուն. մի՛ թողուր Տղաքն առանց գորովի, ծերերն առանց նեցուկի… Թո՛ղ ընդհարումն ըլլայ կարճ և թո՛ղ շուտով հաստատուի Խաղաղութիւնը արդար՝ կռուողներուն մէջ տխուր։ Թո՛ղ սասանին ու փշրին բարձր բերդերն անառիկ, Եվ իյնան վար պատնէշներն զրահապատ եսութեանց, Ամէն մարդու հաւասար թող բաժնըուի ամէն գանձ. Թո՛ղ պարտէզները բացուին և թող խուժեն հոն մարդիկ, Բայց չկոտրե՜ն ոչ մէկ ծառ, չճզմեն ո՛չ մէկ ծաղիկ…։Ծանոթագրություններ
- 1 Նաշիհ — մաքուր ալիւր
- 2 Տակաւ — դեռևս, արդէն, կամաց - կամաց